Isaiah 38
Song of Solomon « Isaiah 37 ‹ Isaiah 38 › Isaiah 39 » Jeremiah
ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱԼԸ ԵՒ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒԻԼԸ (Դ. Թագ. 20. 1-11։ Բ. Մնաց. 32. 24-26)
1Այդ օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ընտանիքիդ պատուէ՛ր տուր, քանի դուն պիտի մեռնիս. ա՛լ պիտի չապրիս”»։
2Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջ աղօթեց։
3Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛ թէ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սիրտով ընթացայ քու 1առջեւդ, եւ ըրի ինչ որ 2քեզի հաճելի՝՝ է»։ Ապա Եզեկիա 3դառնապէս լացաւ։
44Տէրը խօսեցաւ՝՝ Եսայիի՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիայի ըսէ՛.
5“Տէրը, քու հօրդ՝ Դաւիթի Աստուածը, սա՛ կը յայտարարէ. "Քու աղօթքդ լսեցի եւ արցունքներդ տեսայ. ահա՛ քու օրերուդ վրայ տասնհինգ տարի պիտի աւելցնեմ.
6քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ, ու այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ"”»։
7Սա՛ նշանը պիտի ունենաս Տէրոջմէն, թէ Տէրը իր ըսած սա՛ խօսքը պիտի իրագործէ.
8«Ահա՛ ստուերը Աքազի արեւի ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան պիտի վերադարձնեմ»։ Հետեւաբար արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան վերադարձաւ։
9Ահա՛ւասիկ Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, երբ՝ հիւանդացած ըլլալով՝ առողջացաւ իր հիւանդութենէն.
10«Ես ըսի. “Իմ օրերուս 5հանգիստ ժամանակին՝՝ մէջ 6Դժոխքին դռները պիտի երթամ. Մնացած տարիներէս 7զրկուեցայ”։
11Ըսի. “ 8Տէրը պիտի չտեսնեմ, Տէրը պիտի չտեսնեմ ապրողներուն երկրին մէջ. Միւս 9աշխարհին՝՝ բնակիչներուն հետ ըլլալով՝ Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ”։
12Իմ 10բնակարանս կը մեկնի, Հովիւներու վրանին պէս ինձմէ հեռու կը փոխադրուի։ Իմ կեանքս 11կտրուեցաւ՝ ոստայնանկին թելերուն պէս. 12Առէջէն զիս կը կտրէ. Ցերեկէն մինչեւ գիշեր զիս պիտի 13սպառես։
13Մինչեւ առտու 14սպասեցի. Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ. Ցերեկէն մինչեւ գիշեր զիս պիտի սպառես։
14Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճըւճըւայի, Աղաւնիի պէս կը մնչէի։ Վեր նայելէն աչքերս տկարացան. Ո՛վ Տէր, հարստահարուած եմ, երաշխաւո՛ր եղիր ինծի։
15Ի՞նչ ըսեմ. ի՛նք ինծի պատասխանեց եւ ի՛նք խնդրանքս կատարեց։ Դէպի 15տարիներուս վախճանը՝՝ պիտի յառաջանամ՝ Անձիս 16դառնութենէն ետք։՝՝
16Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմո՛վ կ’ապրին, Ասոնց բոլորին մէջն է իմ հոգիիս կեանքը. Դո՛ւն զիս բժշկեցիր եւ ապրեցուցիր։
17Ահա՛ խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն ունեցայ. Բայց դուն իմ անձս սիրելով զայն փրկեցիր անէացումի 17փոսէն, Որովհետեւ բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։
18Արդարեւ դժոխքը քեզ չի ներբողեր, Մահը քեզ չի գովաբաներ. Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն յուսար։
19Ապրո՛ղը, ապրո՛ղը քեզ պիտի ներբողէ, Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ. Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։
20Քանի Տէրը զիս փրկեց, Իմ տաղս Տէրոջ տան մէջ Պիտի երգենք լարաւոր նուագարաններով՝ Մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ»։
21Արդարեւ Եսայի ըսեր էր. «Շարոց մը չոր թուզ թող առնեն ու պալարին վրայ իբր խիւս դնեն, եւ պիտի առողջանայ»։
22Եզեկիա ալ ըսեր էր. «Տէրոջ տունը բարձրանալուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։