Loading...

Isaiah 39

Song of Solomon  «  Isaiah 38  ‹  Isaiah 39  ›  Isaiah 40  »  Jeremiah


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ (Դ. Թագ. 20. 12-19)

1

Այդ ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանի որդին՝ Մարովդաք-Բաղադան, 1նամակներ եւ ընծաներ ղրկեց Եզեկիայի, քանի որ անոր հիւանդանալն ու առողջանալը լսեր էր։

2

Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ, եւ ցուցուց իր թանկարժէք առարկաներուն 2գանձատունը, — արծաթը, ոսկին, բուրաւէտ համեմներն ու 3հոտաւէտ իւղը —, իր ամբողջ 4զինանոցը եւ ամէն ինչ որ իր գանձերուն մէջ կը գտնուէր։ Ոչինչ մնաց իր տան մէջ եւ իր ամբողջ տէրութեան մէջ, որ Եզեկիա անոնց չցուցուց։

3

Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին. ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա պատասխանեց. «Ինծի հեռաւոր տեղէ՝ Բաբելոնէն եկան»։

4

Ան ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա պատասխանեց. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան. գանձերուս մէջ ոչինչ 5մնաց՝ որ անոնց չցուցուցի»։

5

Այն ատեն Եսայի Եզեկիայի ըսաւ. «Զօրքերու Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէ.

6

“Ահա՛ օրերը կու գան, երբ ամէն ինչ որ տանդ մէջ կայ եւ ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր կուտակած են՝ Բաբելոն պիտի տարուին. ոչինչ պիտի մնայ,— կը յայտարարէ Տէրը։—

7

Նաեւ որդիներէդ՝ որ քեզմէ պիտի ելլեն, որ դուն պիտի ծնանիս, պիտի բռնեն, եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինի պիտի ըլլան”»։

8

Եզեկիա Եսայիի պատասխանեց. «Տէրոջ խօսքը, որ դուն ըսիր, 6նպաստաւոր է»։ Յետոյ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն եւ 7ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։



1 Եբր.՝ գրութիւններ
2 Եբր.՝ տունը
3 Եբր.՝ լաւորակ
4 Եբր.՝ զէնքերուն տունը
5 Եբր.՝ կար
6 Եբր.՝ լաւ
7 Եբր.՝ ճշմարտութիւն