Isaiah 40
Song of Solomon « Isaiah 39 ‹ Isaiah 40 › Isaiah 41 » Jeremiah
1
«Հանգստացուցէ՛ք, հանգստացուցէ՛ք իմ ժողովուրդս», Կ’ըսէ ձեր Աստուածը.
2«Երուսաղէմի 1քաղցրութեա՛մբ խօսեցէք, Անոր յայտարարեցէ՛ք թէ իր 2ստրկութիւնը լրացաւ Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ, Քանի որ իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում ստացաւ»։
33Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. «Տէրոջ՝՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք, Ու տափաստանին մէջ մեր Աստուծոյն համար պողոտա՛յ շտկեցէք։
4Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Ամէն լեռ ու բլուր պիտի նուաստանայ. Ծուռը պիտի շտկուի, Եւ խորտուբորտ տեղերը դաշտ պիտի ըլլան։
5Տէրոջ փառքը պիտի յայտնուի, Եւ բոլոր մարմինները միասին զայն պիտի տեսնեն, Որովհետեւ Տէրոջ բերանը խօսեցաւ»։
6Ձայն մը ըսաւ. «Յայտարարէ՛» 4Ես ալ ըսի՝՝. «Ի՞նչ յայտարարեմ»։ «Ամէն մարմին խոտ է. Անոր ամբողջ 5վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։
7Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջ 6հովը փչէ։ Ի՛րապէս ժողովուրդը խոտ է.
8Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան 7կանգուն պիտի մնայ՝՝»։
9Ելի՛ր բարձր լերան վրայ, Ո՛վ Սիոնի աւետիս բերող. Ձայնդ ոյժո՛վ բարձրացուր, Ո՛վ Երուսաղէմի աւետիս բերող. Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ՛. «Ահա՛ ձեր Աստուածը.
10Ահա՛ Տէրը՝ Եհովան ուժեղ ձեռքով պիտի գայ, Եւ անոր բազուկը իրեն համար պիտի կառավարէ։ Ահա՛ իր 8վարձատրութիւնը իրեն հետ է, Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։
11Ան հովիւի պէս իր հօտը պիտի արածէ. Գառնուկները իր բազուկով պիտի հաւաքէ, Զանոնք իր գիրկին մէջ պիտի կրէ, Եւ կաթնտուները կամաց պիտի վարէ»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
12Ո՞վ իր ափով ջուրերը 9կշռեց, Թիզով երկինքը չափեց, Ու երկրի հողը եռապատիկ չափի մէջ ամփոփեց. Լեռները նժարով կշռեց, Եւ բլուրները՝ կշիռքով։
13Ո՞վ չափեց Տէրոջ Հոգին, Եւ անոր 10խորհրդատու ըլլալով՝ անոր սորվեցուց։
14Ան որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Եւ իրաւունքի ճամբան սորվեցուց. Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց, Եւ հանճարի ուղին ճանչցուց։
15Ահա՛ ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են, Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին. Ահա՛ կղզիները մանրուքի պէս կը վերցնէ։
16Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ, Եւ անոր կենդանիները ողջակէզի համար բաւական չեն։
17Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս են, Ոչինչէն պակաս եւ 11ունայնութիւն կը սեպուին։
18Ուստի Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք, Կամ զինք ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։
19Արհեստաւորը կը 12ձուլէ 13կուռքը, Ոսկերիչը զայն ոսկիով կը պատէ, Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը 14շինէ։
20Այն աղքատը որ չի կրնար բարձրացնելիք ընծայ մատուցանել՝ Անփուտ փայտ կ’ընտրէ, Իրեն 15վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ, Որպէսզի կուռք մը 16շինէ՝ որ չ’երերար։
21Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք, Ձեզի սկիզբէն չհաղորդուեցա՞ւ, Երկրի 17հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք.
22Ի՛նքն է երկրի 18շրջանին վրայ բազմողը, Որուն բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը պաստառի պէս տարածողը, Ու բնակելու համար զայն վրանի պէս ծաւալողը։
23Ի՛նքն է իշխանապետները 19անէացնողը, Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը.
24Նոյնիսկ եթէ անոնք տնկուած ըլլան, Նոյնիսկ եթէ անոնք սերմանուած ըլլան, Նոյնիսկ եթէ անոնց բունը հողին մէջ արմատացած ըլլայ, Երբ ինք անոնց վրայ փչէ՝ անոնք կը չորնան, Ու մրրիկը զանոնք խոզանի պէս կը տանի։
25«Ուրեմն զիս որո՞ւ կը նմանցնէք, Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կը յայտարարէ Սուրբը։
26Վերցուցէ՛ք ձեր աչքերը ու նայեցէ՛ք. Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Ի՛նք անոնց զօրքը 20համրանքով դուրս կը հանէ, Զանոնք բոլորը իրենց անունով կը կանչէ. Իր մեծ կորովով ու հզօր կարողութեամբ՝ Անոնցմէ ո՛չ մէկը կը պակսի։
27Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես, Ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես. «Իմ ճամբաս Տէրոջմէն ծածկուեցաւ, Եւ իմ իրաւունքս Աստուծմէս անտեսուեցաւ»։
28Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չի պարտասիր ու չի յոգնիր. Անոր հանճարը չի քննուիր։
29Ի՛նք է պարտասածին ոյժ տուողը, Եւ կորով չունեցողին հզօրութիւն 21հայթայթողը։
30Երիտասարդներն անգամ պիտի պարտասին ու յոգնին, Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի գայթին,
31Բայց Տէրոջ յուսացողները իրենց ոյժը պիտի վերանորոգեն. Անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, Պիտի վազեն ու չյոգնին, Պիտի քալեն ու չպարտասին։