Loading...

Isaiah 41

Song of Solomon  «  Isaiah 40  ‹  Isaiah 41  ›  Isaiah 42  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ո՛վ կղզիներ, լո՛ւռ կեցէք իմ առջեւս. 1Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող վերանորոգեն։ Թող մօտենան, ապա խօսին. Միասին դատաստանի 2երթանք։

2

Ո՞վ արդարութիւն գործադրողը արթնցուց, Արեւելքէն զայն իր ոտքը կանչեց, Ազգերը անոր 3ձեռքը մատնեց, Եւ թագաւորներու վրայ տիրապետել տուաւ անոր. Զանոնք անոր սուրին մատնեց՝ փոշիի պէս, Եւ անոր աղեղին՝ հովէն քշուած խոզանի պէս։

3

Զանոնք հետապնդեց, եւ խաղաղութեամբ անցաւ Այնպիսի ուղիէ մը՝ ուր բնաւ իր ոտքերը 4կոխած չէին։

4

Ո՞վ է ասիկա իրագործողն ու կատարողը, Եւ սերունդները սկիզբէն կանչողը. Ես՝ Տէրս, որ առաջինն եմ, Վերջիններուն հետ ալ ես նոյնն եմ։

5

Կղզիները տեսան եւ վախցան, Երկրի ծայրերը ցնցուեցան. Անոնք մօտեցան ու եկան։

6

Իրարու օգնեցին, Եւ իւրաքանչիւրը իր եղբօր ըսաւ. «Զօրացի՛ր»։

7

Արհեստաւորը ձուլագործը 5կը քաջալերէր՝՝, Ուռով կռանողը՝ սալի վրայ ծեծողը, Ըսելով. «Այս կցուածքը լաւ է», Եւ զայն գամերով կ’ամրացնէր՝ որպէսզի չերերայ։

8

Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ, Ո՛վ իմ ընտրեալս Յակոբ, Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամի զարմը,

9

Որ երկրի ծայրերէն առի,— Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»,—

10

Մի՛ վախնար, քանի որ ես քեզի հետ եմ. 6Մի՛ զարհուրիր՝՝, քանի որ ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ, քեզի պիտի օգնեմ, Եւ իմ արդարութեանս աջ ձեռքով քեզի նեցուկ պիտի ըլլամ։

11

Ահա՛ քեզի դէմ բոլոր բորբոքողները Պիտի ամչնան ու խայտառակուին. Քեզի հետ վիճող մարդիկը Պիտի չքանան ու կորսուին։

12

Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես, բայց պիտի չգտնես. Քեզի դէմ պատերազմող մարդիկը Պիտի չքանան եւ ոչնչանան։

13

Արդարեւ ես եմ Տէրը՝ քու Աստուածդ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։

14

Մի՛ վախնար, ո՛վ Յակոբի ճճի, Նաեւ դո՛ւք, Իսրայէլի՛ 7այր մարդիկը՝՝. Քեզի պիտի օգնեմ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Քու Փրկարարդ, Իսրայէլի Սուրբը։—

15

Ահա՛ ես քեզ նոր, 8սրածայր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ. Լեռները պիտի կոխկռտես ու մանրես, Եւ բլուրները մղեղի 9վերածես.

16

Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի 10քշէ տանի՝՝, Եւ մրրիկը զանոնք պիտի ցրուէ. Իսկ դուն Տէրոջմով պիտի խայտաս, Իսրայէլի Սուրբով պիտի պարծենաս։

17

Դժբախտներն ու աղքատները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցած է։ Ես՝ Տէրս, անոնց խնդրանքին պիտի պատասխանեմ, Ես՝ Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք պիտի չլքեմ։

18

Բլրակներու վրայ գետեր պիտի 11բխեցնեմ, Ու հովիտներու մէջտեղը՝ աղբիւրներ. Անապատը՝ ջուրի լիճի պիտի վերածեմ, Եւ անջրդի երկիրը՝ ջուրի ակերու։

19

Անապատին մէջ մայրի, Սատիմ, մրտենի ու 12վայրի ձիթենի՝՝ պիտի տնկեմ, Անբնակ երկրին մէջ եղեւին, Շոճի եւ տօսախ միասին պիտի դնեմ,

20

Որպէսզի տեսնեն ու գիտնան, 13Մտածեն եւ միասին հասկնան Թէ ասիկա Տէրոջ ձեռքը ըրաւ, Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ

21

Ներկայացուցէ՛ք ձեր դատը,— կ’ըսէ Տէրը.— 14Բերէ՛ք ձեր հզօր փաստերը,— կ’ըսէ Յակոբի Թագաւորը։—

22

Թող բերեն ու մեզի յայտնեն ինչ որ պիտի պատահի. Թող յայտնեն 15առաջին բաները՝ թէ անոնք ի՛նչ էին, Որպէսզի 16ուշադրութիւն դարձնենք՝՝ եւ անոնց վախճանը գիտնանք։ Կամ ալ՝ իմացուցէ՛ք մեզի գալիք բաները,

23

Յայտնեցէ՛ք ասկէ ետք 17ըլլալիքները, Որպէսզի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք. Կա՛մ բարիք ըրէք, կա՛մ՝ չարիք, Որպէսզի մեր նայուածքը դարձնենք եւ միասին տեսնենք։

24

Ահա՛ դուք ոչինչ էք, ու ձեր գործը՝ ոչնչութիւն. Ձեզ ընտրողը գարշելի է։

25

Հիւսիսէն մէկը արթնցուցի, եւ պիտի գայ. Ան իմ անունս պիտի կանչէ արեւելքէն. Նախարարներուն վրայ պիտի 18քալէ՝ ինչպէս 19ցեխի վրայ, Ինչպէս բրուտը 20կաւը կը կոխկռտէ։

26

Ո՞վ յայտնեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք, Եւ առաջուընէ՝ որ ըսենք. «21Ճշմարիտ է». Ո՛չ մէկը կը յայտնէ, ո՛չ մէկը կ՛իմացնէ, Ո՛չ մէկը ձեր խօսքերը մտիկ կ’ընէ։

27

Առաջինը ե՛ս էի՝ որ ըսի Սիոնի. «Ահա՛, ահա՛ անոնք», Ու Երուսաղէմի աւետիս բերող մը տուի։

28

Երբ նայեցայ՝ ո՛չ մէկը կար. Անոնց մէջ խորհրդական մը չկար՝ Որ անոր հարցնէի, ու նպատասխանէր։

29

Ահա՛ բոլորը ունայն են, իրենց գործերը՝ ոչինչ. Իրենց շձուլածոյ կուռքերը՝՝ հով եւ ոչնչութիւն են։



1 Եբր.՝ Բնակչութիւնը
2 Եբր.՝ մօտենանք
3 Եբր.՝ առջեւը
4 Եբր.՝ գացած
5 Եբր.՝ կ’ուժովցնէր
6 Եբր.՝ Նայուածքդ մի՛ դարձներ
7 Կամ՝ մահկանացուները
8 Եբր.՝ ցաքանող
9 Եբր.՝ ընես
10 Եբր.՝ տանի
11 Եբր.՝ բանամ
12 Եբր.՝ իւղի ծառ
13 Եբր.՝ Իրենց սիրտին մէջ դնեն
14 Եբր.՝ Մօտեցուցէ՛ք
15 Կամ՝ նախկին
16 Եբր.՝ մեր սիրտին մէջ դնենք
17 Եբր.՝ գալիքները
18 Եբր.՝ գայ
19 Եբր.՝ կաւի
20 Եբր.՝ ցեխը
21 Եբր.՝ Արդար ն Եբր.՝ խօսք վերադարձնէր շ Եբր.՝ թափծու պատկերները