Loading...

Isaiah 42

Song of Solomon  «  Isaiah 41  ‹  Isaiah 42  ›  Isaiah 43  »  Jeremiah


ՏԷՐՈՋ ԾԱՌԱՆ

1

Ահա՛ իմ ծառաս՝ որուն նեցուկ պիտի ըլլամ, Իմ ընտրեալս՝ որուն անձս հաճեցաւ։ Իմ Հոգիս անոր վրայ դրի. Ան 1իրաւունքը պիտի յայտնէ՝՝ 2ազգերուն։

2

Ան պիտի չաղաղակէ, իր ձայնը պիտի չբարձրացնէ, Զայն փողոցը լսել պիտի չտայ։

3

Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ, Ու պլպլացող պատրոյգը պիտի չմարէ. Իրաւունքը պիտի յայտնէ ճշմարտութեամբ։

4

Ան պիտի չտկարանայ եւ 3չթուլնայ, Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ. Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։

5

Երկինքը ստեղծող ու զայն սփռող, Երկիրը եւ անոր արտադրածները տարածող, Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ, Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող Տէր Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.

6

«Ես՝ Տէրս, քեզ արդարութեամբ կանչեցի. Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։ Քեզ պիտի տամ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ, Եւ ազգերուն՝ իբր լոյս,

7

Որպէսզի կոյրերուն աչքերը բանաս, Բանտարկեալները բանտէն հանես, Ու խաւարի մէջ բնակողները՝ զնտանէն։

8

Ե՛ս եմ Եհովան. ա՛յս է իմ անունս։ Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, Ո՛չ ալ իմ գովաբանութիւնս՝ 4կուռքերուն։

9

5Առաջին բաները ահա՛ իրագործուեցան, Ու ես նորե՛րը կը յայտնեմ. Անոնք դեռ 6չպատահած՝ ձեզի 7կը ծանուցանեմ՝՝»։


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

10

Նո՛ր երգ երգեցէք Տէրոջ, Անոր գովաբանութիւնը՝ երկրի ծայրէն, Ո՛վ ծով իջնողներ ու զայն լեցնողներ, Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։

11

Անապատն ու անոր քաղաքները, Կեդարի բնակած գիւղերը իրենց ձայնը թող բարձրացնեն, 8Ժայռի բնակիչները թող ցնծութեամբ գոչեն, Լեռներու գագաթէն թող աղաղակեն,

12

Տէրոջ փառք թող տան, Եւ անոր 9փառաւոր գործերը՝՝ հռչակեն կղզիներուն մէջ։

13

Տէրը հզօրի պէս դուրս պիտի ելլէ, Պատերազմիկի պէս իր նախանձախնդրութիւնը պիտի գրգռէ. Պիտի գոռայ, բարձրաձայն պիտի գոչէ, Եւ իր թշնամիներուն 10պիտի յաղթէ՝՝։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՕԳՆԵԼ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

14

Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ, Լռեցի ու զիս զսպեցի. Հիմա ծննդաբերող կնոջ պէս պիտի պոռամ, 11Պիտի աւերեմ ու մէկ անգամէն կլլեմ՝՝.

15

Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ, Անոնց բոլոր բոյսերը պիտի չորցնեմ, Գետերը կղզիներու պիտի 12վերածեմ, Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։

16

Կոյրերուն քալել պիտի տամ իրենց չճանչցած ճամբայէն, Զանոնք պիտի 13առաջնորդեմ իրենց չգիտցած շաւիղներէն։ Անոնց առջեւ խաւարը լոյսի պիտի 14փոխեմ, ու խորտուբորտ տեղերը՝ հարթավայրի. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ, եւ զանոնք պիտի չլքեմ։

17

Քանդակուած 15կուռքերուն վստահողները, Ձուլածոյ կուռքերուն՝ “դուք մեր աստուածներն էք” ըսողները Պիտի ընկրկին եւ ամչնան։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՄԷՋ

18

Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛ք. Ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէսզի տեսնէք։

19

Ո՞վ է կոյր՝ եթէ ոչ իմ ծառաս, Կամ խուլ՝ իմ ղրկած պատգամաւորիս պէս. Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ 16նուիրեալին պէս, Եւ խուլ՝ Տէրոջ ծառային պէս։

20

Շատ բաներ կը տեսնես, բայց ուշադիր չես ըլլար. Ականջները բաց են, բայց 17չեն լսեր։

21

Տէրը իր արդարութեան համար անոր հաճեցաւ. Իր Օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց,

22

Բայց ահա՛ւասիկ կողոպտուած եւ թալլուած ժողովուրդ մը. Բոլորը ծակերու մէջ վարմէն բռնուեցան, Ու բանտերու մէջ պահուեցան։ Անոնք կողոպտուեցան, բայց ո՛չ մէկը կ’ազատէ. Յափշտակուեցան, բայց ո՛չ մէկը կ’ըսէ. «Վերադարձո՛ւր»։

23

Ձեր մէջ ո՞վ կայ՝ որ ասիկա ունկնդրէ, Ուշադիր ըլլայ ու լսէ յետագային մասին։

24

Ո՞վ մատնեց Յակոբը յափշտակութեան, Եւ Իսրայէլը՝ կողոպտիչներուն. Միթէ Տէրը չէ՞, ան՝ որուն դէմ մեղանչեցինք։ Արդարեւ անոր ճամբաներուն մէջ չուզեցին քալել, Եւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։

25

Ուստի իր սաստիկ ցասումը Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց. Ամէն կողմէ զայն բոցավառեց, բայց ան չգիտցաւ. Զայն այրեց, բայց ան 18ուշադրութիւն չդարձուց՝՝։



1 Եբր.՝ իրաւունք դուրս պիտի հանէ
2 Կամ՝ հեթանոսներուն
3 Եբր.՝ չջախջախուի
4 Եբր.՝ քանդակուած պատկերներուն
5 Կամ՝ Նախկին
6 Եբր.՝ չբուսած
7 Եբր.՝ լսել կու տամ
8 Կամ՝ Ժայռերու
9 Եբր.՝ գովաբանութիւնը
10 Կամ՝ դէմ պիտի զօրանայ
11 Կամ՝ Հեւալով պիտի փչեմ
12 Եբր.՝ ընեմ
13 Եբր.՝ քալեցնեմ
14 Եբր.՝ ընեմ
15 Եբր.՝ պատկերներուն
16 Եբր.՝ կատարեալին
17 Եբր.՝ չի
18 Եբր.՝ իր սիրտին մէջ չդրաւ