Loading...

Isaiah 43

Song of Solomon  «  Isaiah 42  ‹  Isaiah 43  ›  Isaiah 44  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՓՐԿԵԼ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

1

Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը, Ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ ես քեզ փրկեցի. Քեզ անունովդ կանչեցի, դուն իմս ես։

2

Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ. Երբ գետերէն անցնիս, քեզ պիտի չընկղմեն. Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չվառէ։

3

Արդարեւ ես՝ Տէրս, քու Աստուածդ եմ, Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ. Եգիպտոսը քեզի համար տուի իբր փրկանք, Եթովպիան եւ Սաբան՝ իբր փոխարէն։

4

Քանի իմ աչքերուս պատուական եղար, Փառաւորուեցար, ու ես քեզ սիրեցի, Քու անձիդ փոխարէն մարդ պիտի տամ, Եւ 1կեանքիդ փոխարէն՝ 2ժողովուրդներ։

5

Մի՛ վախնար, քանի որ ես քեզի հետ եմ. Քու զարմդ արեւելքէն պիտի բերեմ, Քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ.

6

Հիւսիսին պիտի ըսեմ. “Յանձնէ՛”, Ու հարաւին. “Մի՛ արգիլափակեր. Բե՛ր իմ որդիներս հեռուէն, Եւ աղջիկներս՝ երկրի ծայրէն,

7

Այսինքն՝ բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Արդարեւ անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձեւակերպեցի եւ ըրի”»։


ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ՏԷՐՈՋ ՎԿԱՆ

8

«Դո՛ւրս հանեցէք աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը, Եւ ականջ ունեցող խուլերը։

9

Բոլոր ազգերը միասին թող ժողվուին, Ու 3ժողովուրդները թող հաւաքուին. Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել, Եւ 4առաջին բաները մեզի իմացնել։ Իրենց վկաները թող 5ներկայացնեն՝ որպէսզի արդարանան, Ու մարդիկ լսեն եւ ըսեն. “Ասիկա ճշմարիտ է”։

10

Դո՛ւք էք իմ վկաներս,— կը պատգամէ Տէրը,— Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէսզի գիտնաք, ինծի հաւատաք Ու հասկնաք թէ ես նոյնն եմ. Ինձմէ առաջ Աստուած 6չեղաւ, Եւ ինձմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։

11

Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Տէրը. Ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։

12

Ե՛ս յայտարարեցի, փրկեցի եւ իմացուցի, Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար. Ուստի դո՛ւք էք իմ վկաներս,— կը պատգամէ Տէրը,— թէ ե՛ս Աստուած եմ։

13

7Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ, Եւ ո՛չ մէկը իմ ձեռքէս կ’ազատէ. Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զայն կասեցնել»։


ՓԱԽՈՒՍՏ ԲԱԲԵԼՈՆԷՆ

14

Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը, Ձեր Փրկարարը, Իսրայէլի Սուրբը. «Ձեր սիրոյն համար՝ թշնամին Բաբելոն կը ղրկեմ Եւ զանոնք բոլորն ալ իբր փախստական կ’իջեցնեմ, Ու Քաղդէացիներուն ճիչը նաւերուն մէջ պիտի լսուի։

15

Ե՛ս եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը»։

16

Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ որ ծովուն մէջ ճամբայ կը 8բանայ, Եւ հզօր ջուրերու մէջ՝ շաւիղ.

17

Որ կառքն ու ձին, զօրագունդը եւ հուժկուները դուրս կը հանէ, Յետոյ անոնք միասին կը պառկին ու չեն ելլեր, Պատրոյգի պէս կը մարին եւ կը շիջանին.

18

«9Առաջին բաները մի՛ յիշէք, Ու հին բաներուն վրայ մի՛ մտածէք։

19

Ահա՛ ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի 10պատահի. Միթէ զայն պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի 11բանամ, Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ։

20

Զիս դաշտի գազանները, Շնագայլերն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն, Որովհետեւ իմ ժողովուրդիս՝ իմ ընտրեալներուս խմցնելու համար Անապատին մէջ ջուրեր պիտի տամ, Եւ ամայութեան մէջ՝ գետեր։

21

Այս ժողովուրդը ինծի համար 12ստեղծեցի, Անոնք իմ 13փառաւոր գործերս՝՝ պիտի պատմեն»։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԸ

22

«Բայց դուն ինծի չգոչեցիր, ո՛վ Յակոբ, Հապա ինձմէ 14ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։

23

Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր, Ու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. Ընծայի համար քեզ չհպատակեցուցի, Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։

24

Ինծի համար դրամով խունկեղէգ չգնեցիր, Քու զոհերուդ ճարպով զիս չկշտացուցիր. Հապա քու մեղքերովդ դո՛ւն զիս հպատակեցուցիր, Քու անօրէնութիւններովդ դո՛ւն զիս յոգնեցուցիր»։

25

«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ որ քու յանցանքներդ կը ջնջեմ՝ ինծի համար, Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։

26

Յիշեցո՛ւր ինծի, միասին դատուինք. Դո՛ւն 15խօսէ, որպէսզի արդարանաս։

27

Քու նախահայրդ մեղանչեց, Ու 16միջնորդներդ ինծի դէմ ապստամբեցան.

28

Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանաւորները 17պիղծ սեպեցի՝՝, Յակոբը նզովքի մատնեցի, Եւ Իսրայէլը՝ բամբասանքի»։



1 Եբր.՝ շունչիդ
2 Եբր.՝ բնակչութիւն
3 Եբր.՝ բնակչութիւնները
4 Կամ՝ նախկին
5 Եբր.՝ դնեն
6 Եբր.՝ չձեւակերպուեցաւ
7 Եբր.՝ Առաջին օրէն
8 Եբր.՝ դնէ
9 Կամ՝ Նախկին
10 Եբր.՝ բուսնի
11 Եբր.՝ դնեմ
12 Եբր.՝ ձեւակերպեցի
13 Եբր.՝ գովաբանութիւնս
14 Եբր.՝ յոգնեցար
15 Եբր.՝ պատմէ
16 Կամ՝ թարգմաններդ
17 Կամ՝ աղարտեցի