Isaiah 44
Song of Solomon « Isaiah 43 ‹ Isaiah 44 › Isaiah 45 » Jeremiah
ՄԻԱՅՆ ՏԷՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾ Է
1«Հիմա մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Յակոբ՝ իմ ծառաս, Ու դուն, ո՛վ Իսրայէլ՝ իմ ընտրածս.
2Քեզ 1ստեղծող, 2արգանդի մէջ ձեւակերպող Եւ քեզի օգնող Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Մի՛ վախնար, ո՛վ Յակոբ՝ իմ ծառաս, Ու դուն, ո՛վ 3Իսրայէլ՝ իմ ընտրածս,
3Քանի որ ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ, 4Չոր երկրին՝՝ վրայ՝ հոսանքներ։ Քու զարմիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ, Եւ շառաւիղներնուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։
4Անոնք խոտերուն մէջ պիտի բուսնին՝ Ջուրի հոսանքներու քով եղող ուռիներուն պէս։
5Մէկը պիտի ըսէ. "Ես Տէրոջն եմ". Միւսը Յակոբի անունով պիտի կոչուի. Ուրիշ մըն ալ իր ձեռքով պիտի գրէ. "Ես Տէրոջն եմ", Եւ Իսրայէլի անունով պիտի մականուանուի”։
6Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը Եւ անոր Փրկարարը, զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, Ինձմէ զատ Աստուած չկայ։
75Հին ժողովուրդը 6հաստատելէս ի վեր՝ Ո՞վ կրցաւ ինծի պէս առաջուընէ յայտարարել եւ իմացնել. Թող 7փաստէ ասիկա ինծի համար. Թող անոնց յայտնեն գալիք եւ 8պատահելիք բաները։
8Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. Միթէ ես ձեզի այն ատենէն 9չծանուցանեցի՞ եւ չյայտարարեցի՞ Թէ դո՛ւք էք իմ վկաներս։ Ինձմէ զատ Աստուած կա՞յ. Ի՛րապէս ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ ճանչնար”»։
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵԳՆՈՒԻ
9Բոլոր 10կուռք ձեւակերպողներն ալ 11ունայնութիւն են, Անոնց ցանկալի գործերը օգուտ մը չեն ունենար։ Իրենք իրենց դէմ վկաներ են. Չեն տեսներ ու չեն հասկնար՝ որ ամչնան։
10Բայց ո՞վ աստուած կը ձեւակերպէ, Կուռք կը 12ձուլէ, առանց օգուտ ունենալու։
11Ահա՛ անոր բոլոր ընկերակիցները պիտի ամչնան, Որովհետեւ արհեստաւորները՝ իրե՛նք մարդ են։ Անոնք բոլորը թող հաւաքուին եւ կայնին. Պիտի վախնան ու միասին ամչնան։
12Երկաթագործը դուր կը շինէ՝ ածուխի մէջ դնելով, Մուրճերով զայն կը ձեւակերպէ, Իր բազուկին ոյժով զայն կը շինէ։ Երբ անօթենայ, ոյժէ կը կտրի. Եթէ ջուր չխմէ, կը պարտասի։
13Հիւսնը լար կը քաշէ եւ կաւիճով կուռքը կը գծէ. Զայն գրոցով կը 13քանդակէ, Անոր վրայ կարկինով կը գծէ, Զայն մարդու կերպարով Ու մարդկային 14գեղեցկութեամբ կը շինէ, Որպէսզի տան մէջ մնայ։
14Ան իրեն մայրիներ կը կտրէ, Թեղօշ եւ կաղնի կ’առնէ. Զանոնք անտառի ծառերէն իրեն համար կ’ընտրէ։ Սոճի կը տնկէ, ու տեղատարափը զայն կը մեծցնէ։
15Անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան. Անոնցմէ կ’առնէ, որպէսզի կրակ վառէ եւ տաքնայ։ Անոնցմէ մաս մը կը վառէ ու հաց կ’եփէ, Նաեւ աստուած մը կը կերտէ եւ անոր կ’երկրպագէ. Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։
16Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ, Այդ կէսով միս կ’ուտէ. Խորոված կ’եփէ եւ կը կշտանայ, Նաեւ կը տաքնայ, ու կ’ըսէ. «Վա՜շ, տաքցայ, կրակը տեսայ»։
17Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն, Զայն կը պաշտէ եւ անոր կ’երկրպագէ, Անոր կ’աղօթէ ու կ’ըսէ. «Ազատէ՛ զիս, քանի որ դո՛ւն ես իմ աստուածս»։
18Չեն գիտեր ու չեն հասկնար, Քանի որ անոնց աչքերը ծեփեց՝ որ չտեսնեն, Եւ անոնց սիրտերը՝ որ չհասկնան։
19Ո՛չ մէկը սիրտին մէջ չի մտածեր, Գիտութիւն ու հանճար չունի՝ որ ըսէ. «Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի, Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի. Միս խորովեցի եւ կերայ. Միթէ մնացածով գարշելի բա՞ն շինեմ, Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։
20Անիկա մոխիրով կը սնանի, Անոր խաբուած սիրտը զինք կը խոտորեցնէ, Որպէսզի իր անձը չազատէ՝ ըսելով. «Արդեօք ստութիւն չկա՞յ իմ աջ ձեռքիս մէջ»։
ՏԷՐԸ, ԱՐԱՐԻՉԸ, ՓՐԿԻՉԸ
21Յիշէ՛ ասոնք, ո՛վ Յակոբ, Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանի որ իմ ծառաս ես։ Ե՛ս 15ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես. Ո՛վ Իսրայէլ, 16ինձմէ պիտի չմոռցուիս՝՝։
22Քու յանցանքներդ թանձր ամպի պէս ջնջեցի, Ու քու մեղքերդ՝ ամպի պէս. Վերադարձի՛ր ինծի, որովհետեւ քեզ փրկեցի։
23Ցնծա՛, ո՛վ երկինք, որովհետեւ Տէրը ըրաւ ասիկա։. Ուրախութեա՛մբ գոչեցէք, ո՛վ երկրի ստորին մասեր. Ցնծութեա՛մբ պոռթկացէք՝ Լեռներ, անտառ ու անոր մէջ եղող բոլոր ծառեր, Քանի որ Տէրը փրկեց Յակոբը, Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։
24Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ քու Փրկարարդ, Քեզ արգանդի մէջ ձեւակերպողը. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի. Երկինքը առանձի՛ն սփռեցի, Ու երկիրը 17ի՛մ կարողութեամբս՝՝ տարածեցի։
25Ստախօսներուն նշանները 18կ’ոչնչացնեմ, Ու դիւթերը կը խենթացնեմ. Իմաստուններուն 19ընկրկիլ կու տամ՝՝, Եւ անոնց գիտութիւնը անմտութեան կը փոխեմ։
26Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ, Ու պատգամաւորներուս խորհուրդը կը գործադրեմ։ Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ. “Պիտի բնակուիս”, Նաեւ Յուդայի քաղաքներուն համար. “Պիտի կառուցանուիք”, Եւ անոր աւերակները պիտի կանգնեցնեմ։
27Խորխորատին կ’ըսեմ. “Չորցի՛ր, Ու քու 20հոսանքներդ պիտի ցամքեցնեմ”։
28Կիւրոսի համար կ’ըսեմ. “Իմ հովիւս է, Եւ իմ ամբողջ փափաքս պիտի գործադրէ”։ Երուսաղէմի կ’ըսեմ. “Պիտի կառուցանուիս”, Ու տաճարին. “Քու հիմերդ պիտի դրուին”»։