Isaiah 45
Song of Solomon « Isaiah 44 ‹ Isaiah 45 › Isaiah 46 » Jeremiah
ՏԷՐԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԻՒՐՈՍԸ
1Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը իր օծեալին՝ Կիւրոսի, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի՝ Որպէսզի ազգերը անոր ենթարկեմ, Թագաւորներուն մէջքը 1թուլցնեմ, Անոր առջեւ երկու փեղկերը բացուին, Ու դռները բնաւ չգոցուին.
2«Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, 2Խորտուբորտ տեղերը՝՝ պիտի շտկեմ, Պղինձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ,
3Եւ խաւարին գանձերը Ու ծածուկ տեղերու հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէսզի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
4Իմ ծառայիս՝ Յակոբի սիրոյն համար, Եւ իմ ընտրեալիս՝ Իսրայէլի համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի. Քեզ մականուանեցի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
5Ե՛ս եմ Տէրը, եւ ուրիշ մը չկայ. Ինձմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզ գօտեւորեցի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար,
6Որպէսզի արեւելքէն եւ արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինձմէ զատ ո՛չ մէկը կայ. Ե՛ս եմ Տէրը, ուրիշ մը չկայ։
7Լոյսը ձեւակերպողը եւ խաւարը ստեղծողը, 3Բարօրութիւն տուողն՝՝ ու ձախորդութիւնը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ե՛ս եմ՝ Տէրը։
8Ո՛վ երկինք, ցօ՛ղ կաթեցուր վերէն, Եւ նօսր ամպերը արդարութիւն թող հոսեցնեն։ Երկիրը թող բացուի ու փրկութիւն 4աճեցնէ, Ու միաժամանակ արդարութիւն բուսնի։ Ասոնք ստեղծողը ե՛ս եմ՝ Տէրը»։
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐԸ
9«Վա՜յ անոր՝ որ իր 5Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք 6գետինի 7խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝՝. Միթէ կաւը զինք ձեւակերպողին կ’ըսէ՞. “Ի՞նչ կ’ընես”, Կամ քու գործդ քեզի կ’ըսէ՞. “Ձեռք 8չունիս”։
10Վա՜յ անոր՝ որ իր հօր կ’ըսէ. “Ի՞նչ ծնար”, Կամ 9իր մօր՝՝. “Ի՞նչ երկնեցիր”»։
11Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը եւ անոր Արարիչը. «Ինծի՛ հարցուցէք գալիքին մասին. Ինծի՞ պիտի հրամայէք Իմ որդիներուս համար, ու ձեռքերուս գործերուն համար։
12Ե՛ս շինեցի երկիրը, Եւ անոր վրայ ստեղծեցի մարդը. Ե՛ս եմ, իմ ձեռքերս են որ սփռեցին երկինքը, Ու հրամայեցի անոր ամբողջ զօրքին։
13Ե՛ս 10զինք արդարութեամբ արթնցուցի Եւ իր բոլոր ճամբաները պիտի 11ուղղեմ։ Ան իմ քաղաքս պիտի կառուցանէ, Ու տարագիրներս ազատ արձակէ՝ Առանց 12հատուցումի, ո՛չ ալ 13վարձատրութեան», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
14Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներուն եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներուն 14շահը Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն. Շղթաներով պիտի անցնին, Քեզի երկրպագելով՝ Քեզի պիտի 15աղաչեն եւ ըսեն. “Միայն քո՛ւ մէջդ Աստուած կայ. Ուրիշ ո՛չ մէկը կայ, անկէ զատ Աստուած չկայ”»։
15Ի՛րապէս դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։
16Անոնք բոլորը պիտի ամչնան ու խայտառակուին. 16Կուռք շինողները՝՝ միասին նախատինքով պիտի երթան։
17Իսրայէլ յաւիտենական փրկութեամբ պիտի փրկուի Տէրոջմէն. Դուք 17յաւերժ պիտի չամչնաք եւ չխայտառակուիք։
18Արդարեւ սա՛ կը յայտարարէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը՝ որ երկիրը ձեւակերպեց, Զայն շինեց ու հաստատեց. Զայն 18զուր տեղը՝՝ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար ձեւակերպեց։ «Ե՛ս եմ Տէրը, ուրիշ մը չկայ։
19Ես ծածկաբար չխօսեցայ՝ երկրի խաւար տեղի մը մէջ. Յակոբի զարմին չըսի. “Զո՛ւր տեղը զիս փնտռեցէք”. Ես՝ Տէրս, արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ուղղամտութիւն կը յայտարարեմ»։
ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԷՐԸ ԵՒ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԿՈՒՌՔԵՐԸ
20«Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք, Միասին մօտեցէ՛ք, ո՛վ ազգերէն ազատածներ։ Գիտակից չեն անոնք՝ որ իրենց 19փայտէ կուռք կը կանգնեցնեն՝՝, Եւ 20փրկելու անկարող՝՝ աստուծոյ մը կ’աղօթեն։
21Յայտարարեցէ՛ք ու մօտեցուցէ՛ք զանոնք. Միասին թող խորհրդակցին։ Ո՞վ ասիկա վաղուց իմացուց, Այն ատենէն ո՞վ 21ծանուցանեց. Միթէ ես՝ Տէրս չե՞մ։ Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինձմէ ուրիշ արդար Աստուած ու Փրկիչ չկայ։
22Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրերը, ինծի՛ նայեցէք՝ որպէսզի փրկուիք, Քանի որ ե՛ս Աստուած եմ, եւ ուրիշ մը չկայ։
2322Իմ անձիս վրայ՝՝ երդում ըրի, Իմ բերանէս արդարութեան խօսք ելաւ, ու պիտի 23չխափանուի. “Ամէն ծունկ իմ առջեւս պիտի կքի, Եւ ամէն լեզու ինձմով երդում պիտի ընէ”։
24Պիտի ըսուի. “Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ”։ Մարդիկ անոր պիտի գան, Եւ անոր դէմ բոլոր բորբոքողները պիտի ամչնան։
25Իսրայէլի ամբողջ զարմը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պարծենայ»։