Isaiah 46
Song of Solomon « Isaiah 45 ‹ Isaiah 46 › Isaiah 47 » Jeremiah
1
Բէլ կքեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ. Անոնց կուռքերը կենդանիներու եւ անասուններու վրայ էին։ Ձեր կրած բեռները Պարտասած անասունին ծանրութիւն եղան։
2Անոնք ծռեցան, միասին կքեցան. Չկրցան բեռը ազատել, Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։
3«Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տունը, Իսրայէլի տան ամբողջ մնացորդը, Որ որովայնէն ի վեր կը շալկեմ եւ արգանդէն ի վեր կը կրեմ.
4Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս 1ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ եւ ձեզ ազատեմ։
5Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք ու կը հաւասարեցնէք. Զիս որո՞ւ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։
62Քսակէն ոսկի կը թափեն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն, 3Ձուլագործ կը վարձեն՝ որ անով աստուած շինէ, Զայն կը պաշտեն եւ անոր կ’երկրպագեն։
7Զայն ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը կրեն, Իր տեղը կը հաստատեն, ու կը կայնի։ Ան իր տեղէն չի հեռանար. Եթէ մէկը անոր աղաղակէ՝ չի պատասխաներ, Զայն իր տագնապէն չ’ազատեր։
8Յիշեցէ՛ք ասիկա, ու մա՛րդ եղէք. 4Մտածեցէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։
9Յիշեցէ՛ք հնադարեան 5նախկին բաները, Քանի որ ե՛ս Աստուած եմ, եւ ինձմէ ուրիշը չկայ. Ե՛ս Աստուած եմ, եւ ո՛չ մէկը ինծի նման է.
10Ես սկիզբէ՛ն կը յայտնեմ վերջաւորութիւնը, 6Առաջուընէ կ’իմացնեմ դեռ չկատարուածը, Ու կ’ըսեմ. “Իմ որոշումս պիտի հաստատուի, Եւ ամբողջ փափաքս պիտի իրագործեմ”։
11Ե՛ս եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ, Ու հեռաւոր երկրէն՝ իմ որոշումս գործադրող մարդը։ Ե՛ս խօսեցայ, ու պիտի իրագործեմ. Ե՛ս 7ծրագրեցի, եւ պիտի կատարեմ։
12Ո՛վ արդարութենէ հեռացած 8խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք.
13Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, Ան պիտի չհեռանայ. Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ. Սիոնի մէջ փրկութիւն պիտի տամ, 9Իմ 10փառքիս՝ Իսրայէլի համար՝՝»։