Loading...

Isaiah 47

Song of Solomon  «  Isaiah 46  ‹  Isaiah 47  ›  Isaiah 48  »  Jeremiah


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

1

Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջի՛ր եւ հողի՛ վրայ նստէ. Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Գետի՛նը նստէ՝ առանց գահի, Քանի որ անգամ մըն ալ փափուկ ու քնքուշ պիտի չկոչուիս։

2

Ջաղա՛ցքը առ, ալի՛ւր աղա. 1Հանէ՛ լաչակդ՝՝, սոթտէ՛ փէշերդ, Մերկացո՛ւր սրունքդ, անցի՛ր գետերէն.

3

Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ տեսնուի։ Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ. Զիս կեցնող ո՛չ մէկուն պիտի հանդիպիմ։

4

(Մեր Փրկարարին անունը 2Զօրքերու Տէր՝՝ է. Ան Իսրայէլի Սուրբն է։)

5

Լո՛ւռ նստէ, խաւարի՛ մէջ մտիր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Քանի որ անգա՛մ մըն ալ “թագաւորութիւններու տիրուհի” պիտի չկոչուիս։

6

Ես իմ ժողովուրդիս զայրացայ, Իմ ժառանգութիւնս անպատուեցի, Զանոնք քու ձեռքդ մատնեցի. Դուն անոնց գթութիւն 3ցոյց չտուիր՝՝, Երէցին վրայ քու լուծդ յոյժ ծանրացուցիր,

7

Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիրուհի պիտի ըլլամ»։ Ուստի 4ասոր ուշադրութիւն չդարձուցիր՝՝, Ասոր վախճանը չյիշեցիր։

8

Հետեւաբար հիմա մտի՛կ ըրէ, ո՛վ հեշտասէր, Որ ապահովութեամբ կը 5բնակիս, Ու սիրտիդ մէջ կ’ըսես. «Ե՛ս եմ, եւ ինձմէ զատ ո՛չ մէկը կայ։ Իբր այրի պիտի չբնակիմ, Ու զաւակներէ զրկում պիտի չգիտնամ»։

9

Ասոնք երկուքն ալ՝ Զաւակներէ զրկում եւ այրիութիւն՝ 6Յանկարծ քու վրադ պիտի հասնին, մէկ օրուան մէջ։. Հակառակ կախարդութիւններուդ շատութեան Ու թովչութիւններուդ մեծ 7թիւին, Անոնք ամբողջովին վրադ պիտի հասնին։

10

Արդարեւ դուն չարութեանդ վստահեցար, Եւ ըսիր. «Ո՛չ մէկը զիս կը տեսնէ»։ Քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են որ քեզ 8հրապուրած են։ Սիրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ, եւ ինձմէ զատ ո՛չ մէկը կայ»։

11

Հետեւաբար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի հասնի, Որուն 9ուրկէ՛ ծագիլը՝՝ պիտի չգիտնաս. Քու վրադ աղէտ մը պիտի իյնայ, Որ պիտի չկարենաս 10հեռացնել. Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի հասնի, Բայց դուն պիտի չգիտնաս։

12

Ուրեմն քու թովչութիւններուդ եւ շատ կախարդութիւններուդ մէջ կեցիր, Որոնց համար երիտասարդութենէդ ի վեր յոգներ ես. Թերեւս կարենան օգտակար ըլլալ քեզի, Թերեւս ահաբեկես։

13

Խորհուրդներուդ շատութենէն 11հիւծեցար. Ուրեմն երկինքը զննողները, աստղագէտները, Նոր ամիսներով 12գուշակողները թող ոտքի ելլեն Եւ քու վրադ գալիք չարիքէն քեզ ազատեն։

14

Ահա՛ անոնք խոզանի պէս պիտի ըլլան, Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ. Իրենց անձը պիտի չկարենան ազատել բոցին 13զօրութենէն. Տաքնալու համար կայծ մը պիտի չմնայ, Ո՛չ ալ կրակ՝ դիմացը նստելու համար։

15

Այսպէս պիտի ըլլան քեզի համար անոնք՝ որոնց հետ յոգնեցար, Որոնք երիտասարդութենէդ ի վեր վաճառականներդ էին. Անոնք պիտի դեգերին՝ իւրաքանչիւրը իր կողմը, Ո՛չ մէկը քեզ պիտի ազատէ։



1 Կամ՝ Բա՛ց խոպոպներդ
2 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
3 Եբր.՝ չտուիր
4 Եբր.՝ ասիկա սիրտիդ մէջ չդրիր
5 Կամ՝ գահակալես
6 Եբր.՝ Վայրկենապէս
7 Եբր.՝ հզօրութեան
8 Եբր.՝ շեղեցուցած
9 Եբր.՝ արշալոյսը
10 Եբր.՝ քաւել
11 Կամ՝ ձանձրացար
12 Եբր.՝ ապագան գիտցողները
13 Եբր.՝ ձեռքէն