Isaiah 48
Song of Solomon « Isaiah 47 ‹ Isaiah 48 › Isaiah 49 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՏԷՐՆ Է
1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տունը, Դո՛ւք՝ որ Իսրայէլի անունով կոչուած էք, Յուդայի 1աղբիւրէն ելեր էք, Տէրոջ անունով երդում կ’ընէք Եւ Իսրայէլի Աստուածը կը յիշատակէք, Բայց ո՛չ ճշմարտութեամբ է, ո՛չ ալ արդարութեամբ։
2(Արդարեւ իրենք զիրենք Սուրբ քաղաքին բնակիչները կը կոչեն, Եւ Իսրայէլի Աստուծոյն կը յենին, Որուն անունը 2Զօրքերու Տէր՝՝ է։)
33Առաջին բաները վաղուց յայտնեցի. Անոնք իմ բերանէս ելան, ու զանոնք իմացուցի. Զանոնք յանկարծ ըրի, եւ իրագործուեցան։
4Քանի գիտէի թէ դուն խստասիրտ ես, Ծոծրակդ երկաթէ ջիղեր ունի, Ու ճակատդ պղինձէ է,
5Քեզի վաղուց յայտնեցի, Դեռ չիրագործուած քեզի իմացուցի, Որ չըսես. «Զանոնք իմ կուռքս ըրաւ, Եւ իմ քանդակուած ու 4ձուլածոյ կուռքս՝՝ հրամայեց»։
6Դուն զանոնք լսեցիր. նայէ՛, անոնք բոլորը կատարուեցան. Միթէ դուք ալ զանոնք պիտի չյայտարարէ՞ք։ Հիմա քեզի նոր բաներ կ’իմացնեմ, Պահուած բաներ՝ որ չէիր գիտեր.
7Անոնք հիմա ստեղծուեցան, եւ ո՛չ թէ վաղուց. 5Ասկէ առաջ զանոնք չես լսած, Որ չըսես. “Ահա՛ զանոնք գիտէի”։
8Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ գիտցար, Ո՛չ ալ 6սկիզբէն ականջդ բացուեցաւ. Որովհետեւ գիտէի թէ դուն 7չափազանց անհաւատարիմ ես, Եւ թէ “8որովայնէն ապստամբ” կոչուեցար։
9Ես իմ անունիս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ, Իմ գովաբանութեանս համար զիս պիտի 9զսպեմ քեզի հանդէպ, Որպէսզի քեզ չբնաջնջեմ։
10Ահա՛ քեզ զտեցի, բայց ո՛չ թէ 10արծաթի պէս՝՝. Քեզ տառապանքի քուրային մէջ 11փորձարկեցի։
11Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ. Արդարեւ ի՞նչպէս արտօնեմ որ անունս աղարտուի. Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։
ԿԻՒՐՈՍ՝ ՏԷՐՈՋ ԸՆՏՐԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
12Ինծի՛ մտիկ ըրէ, ո՛վ Յակոբ, եւ Իսրայէլ՝ իմ կանչածս։ Ես նոյնն եմ. Ե՛ս եմ առաջինը, ու ե՛ս եմ վերջինը։
13Նաեւ ի՛մ ձեռքս հիմնադրեց երկիրը, Եւ ի՛մ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը. Երբ զանոնք կանչեմ, Միասին 12կը ներկայանան՝՝։
14Հաւաքուեցէ՛ք դուք բոլորդ, ու մտի՛կ ըրէք. Անոնցմէ ո՞վ յայտնեց այս բաները։ Տէրոջ սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր 13կամքը պիտի գործադրէ, Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկարէ։
15Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ, ու ե՛ս զինք կանչեցի. Զինք բերի, եւ իր ճամբան պիտի յաջողի։
16Ինծի՛ մօտեցէք, սա՛ լսեցէք. Սկիզբէն ի վեր բնաւ ծածկաբար չխօսեցայ. Այս բաներուն գոյացած ատենէն ի վեր ես հոն եմ, Ու հիմա զիս Տէրը՝ Եհովան ղրկեց, 14եւ անոր Հոգին՝՝։
ՏԷՐՈՋ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
17Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Քու Փրկարարդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ե՛ս եմ Տէրը՝ քու Աստուածդ, Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, Քալելիք ճամբայիդ մէջ քեզ 15կ’առաջնորդեմ։
18Երանի՜ թէ իմ պատուիրաններուս ուշադիր ըլլայիր. Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ գետի պէս պիտի ըլլար, Եւ արդարութիւնդ՝ ծովու ալիքներուն պէս.
19Քու զարմդ աւազի չափ պիտի ըլլար, Ու որովայնիդ 16պտուղը՝ անոր խիճին չափ։ Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չջնջուէր եւ 17չանհետանար»։
20Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք. Սա՛ յայտարարեցէք ցնծութեան ձայնով, ու 18ծանուցանեցէք. Սա՛ 19տարածեցէք մինչեւ երկրի ծայրը, Ըսէ՛ք. «Տէրը փրկեց իր ծառան՝ Յակոբը»։
21Երբ անոնց անապատներու մէջ քալել տուաւ՝ չծարաւցան. Անոնց համար վէմէն ջուրեր հոսեցուց, Վէմը ճեղքեց, եւ անկէ ջուրեր 20բխեցան։
22«Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կը յայտարարէ Տէրը։