Isaiah 49
Song of Solomon « Isaiah 48 ‹ Isaiah 49 › Isaiah 50 » Jeremiah
ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ԱԶԳԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ՄԸ
1Ո՛վ կղզիներ, մտի՛կ ըրէք ինծի. Ո՛վ 1ժողովուրդներ, ուշադի՛ր եղէք հեռուէն։ Տէրը զիս 2արգանդէն կանչեց, Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշատակեց։
2Իմ բերանս սրածայր սուրի 3վերածեց, Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց. Զիս փայլուն նետի վերածեց, Իր կապարճին մէջ զիս պահեց,
3Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես, Ո՛վ Իսրայէլ. քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։
4Ես ալ ըսի. «Պարապ տեղը յոգնեցայ, Իմ ոյժս ոչինչ ու զուր տեղը սպառեցի. Բայց անտարակոյս իմ իրաւունքս Տէրոջ առջեւն է, Եւ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։
5Հիմա սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Որ զիս 4որովայնէն ձեւակերպեց իրեն ծառայ ըլլալու համար, Որպէսզի Յակոբը իրեն վերադարձնեմ Եւ Իսրայէլ իր քով հաւաքուի. Տէրոջ 5առջեւ պիտի փառաւորուիմ, Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն պիտի ըլլայ.
6Սա՛ կ’ըսէ. «Յակոբի տոհմերը վերահաստատելու Եւ Իսրայէլի 6ազատուածները վերադարձնելու համար՝ Քեզի 7քիչ բան է իմ ծառաս ըլլալդ. Քեզ նաեւ իբր լոյս դրի 8հեթանոսներուն, Որպէսզի 9իմ փրկութիւնս՝՝ ըլլաս մինչեւ երկրի ծայրը»։
7Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկարարը, անոր Սուրբը, Արհամարհուած անձին, 10ազգերու գարշելիին, կառավարիչներու ստրուկին. «Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի ելլեն. Իշխանաւորներն ալ պիտի երկրպագեն Տէրոջ համար՝ որ հաւատարիմ է, Իսրայէլի Սուրբին համար՝ որ քեզ ընտրեր է»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ
8Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «11Պատեհ ժամանակին քեզի պատասխանեցի, Փրկութեան օրը քեզի օգնեցի, Քեզ պահպանեցի եւ իբր ուխտ դրի ժողովուրդին, Որպէսզի երկիրը վերահաստատես, Աւերուած ժառանգութիւնները ժառանգել տաս,
9Բանտարկեալներուն ըսես. “Դո՛ւրս ելէք”, Ու խաւարի մէջ եղողներուն. “Երեւցէ՛ք”։ Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին, Եւ անոնց արօտը բոլոր բլրակներուն վրայ պիտի ըլլայ։
10Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւնան, Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնեն անոնց, Քանի որ անոնց գթացողը պիտի առաջնորդէ զանոնք, Եւ ջուրի աղբիւրներու քով պիտի տանի զանոնք։
11Բոլոր լեռներս ճամբայի պիտի վերածեմ, Ու պողոտաներս պիտի բարձրանան։
12Ահա՛ ոմանք հեռուէն կու գան, Ոմանք՝ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն Ոմանք ալ Սինէացիներու երկրէն»։
13Ո՛վ երկինք, ցնծա՛. ո՛վ երկիր, խայտա՛. Ո՛վ լեռներ, ցնծութեա՛մբ պոռթկացէք, Քանի որ Տէրը իր ժողովուրդը հանգստացուց, Եւ իր դժբախտներուն գթաց։
14Բայց Սիոն ըսաւ. «Եհովան զիս լքեց, Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։
15Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր 12որովայնի 13պտուղին վրայ չգթայ. Թէեւ անոնք մոռնան, Ես քեզ պիտի չմոռնամ։
16Ահա՛ քեզ իմ ափիս մէջ փորագրեցի, Քու պարիսպներդ շարունակ իմ առջեւս են։
1714Քու որդիներդ՝՝ պիտի շտապեն, Քեզ փլցնողներն ու աւերողները պիտի 15հեռանան քեզմէ։
18Վերցո՛ւր աչքերդ եւ նայէ՛ շուրջդ. Բոլորը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Տէրը սա՛ կը պատգամէ. «Քանի ես կ’ապրիմ, Անշուշտ զանոնք բոլորը զարդի պէս պիտի հագնիս, Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի 16զարդարուիս։
19Արդարեւ քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ Ու քանդուած երկիրդ՝ Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի ըլլայ, Իսկ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։
20Զաւակներէն զրկուելէ ետք ունենալիք որդիներդ Քու ականջներուդ ա՛լ պիտի ըսեն. “Այս տեղը ինծի նեղ է, Տե՛ղ տուր ինծի՝ որ բնակիմ”։
21Իսկ դուն սիրտիդ մէջ պիտի ըսես. “Ասոնք ո՞վ ծնաւ ինծի։ Ես զաւակներէ զրկուած եւ անպտուղ էի, Տարագիր ու 17աքսորուած. Ասոնք ո՞վ մեծցուց։ Ահա՛ ես մինակ մնացած էի, Ասոնք ո՞ւր էին”։
22Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Եհովան. «Ահա՛ ձեռքս ազգերուն վրայ պիտի բարձրացնեմ, Դրօշակս ժողովուրդներուն մէջ պիտի կանգնեցնեմ. Անոնք քու որդիներդ իրենց գիրկին մէջ պիտի բերեն, Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։
23Թագաւորները քու հոգատարներդ պիտի ըլլան, Եւ անոնց իշխանուհիները՝ քու սնուցիչներդ։ Իրենց դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ քեզի պիտի երկրպագեն, Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն, Ու պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը. Ինծի յուսացողները պիտի չամչնան»։
24Միթէ զօրաւոր մարդէն թալանը կը յափշտակուի՞, Կամ իրաւացիօրէն գերեվարուածը կ’ազատուի՞։
25Բայց Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Զօրաւոր մարդուն գերեվարածն անգամ պիտի յափշտակուի, Ու բռնակալին թալանը պիտի ազատուի։ Քեզի հետ վիճողներուն դէմ ե՛ս պիտի վիճիմ, Եւ քու որդիներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։
26Քեզ կեղեքողներուն իրե՛նց միսերը պիտի կերցնեմ. Իրե՛նց արիւնով պիտի գինովնան՝ ինչպէս քաղցու խմելով։ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ Թէ քեզ ազատողը ե՛ս եմ՝ Տէրը, Քու Փրկարարդ, Յակոբի Հզօրը»։