Isaiah 50
Song of Solomon « Isaiah 49 ‹ Isaiah 50 › Isaiah 51 » Jeremiah
1
Տէրը սա՛ կ’ըսէ. «Ո՞ւր է ձեր մօր ամուսնալուծումի վկայագիրը, Որով ես զայն արձակեր եմ. Կամ իմ պարտատէրերէս ո՞վ է ան՝ Որուն ես ձեզ ծախեր եմ։ Ահա՛ ձեր անօրէնութիւններուն համար դուք ծախուեցաք, Ու ձեր յանցանքներուն համար ձեր մայրը արձակուեցաւ։
2Ինչո՞ւ երբ եկայ՝ ո՛չ մէկը կար, Ու երբ կանչեցի՝ պատասխանող մը չկար։ Միթէ բնաւ ձեռքս կարճցա՞ւ՝ որ չկարենամ փրկել, Կամ թէ ազատելու կարողութիւն չունի՞մ։ Ահա՛ ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ. Գետերը անապատի 1կը վերածեմ՝՝. Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար գարշահոտ կ’ըլլան, Եւ ծարաւէն կը մեռնին։
3Երկինքին խաւար կը հագցնեմ, Ու քուրձ կը դնեմ անոր վրայ՝ իբր ծածկոց»։
ՏԷՐՈՋ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
4Տէրը՝ Եհովան ինծի ուսեալներու լեզուն տուաւ, Որպէսզի գիտնամ խօսքով սփոփել պարտասածը։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ. Ի՛նք կ’արթնցնէ իմ ականջս, Որպէսզի 2աշակերտներու պէս լսեմ։
5Տէրը՝ Եհովան իմ ականջս բացաւ, Ու ես անհնազանդ չեղայ, չընկրկեցայ։
6Իմ կռնակս զարնողներուն տուի, Եւ այտերս՝ փետողներուն. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի։
7Բայց Տէրը՝ Եհովան ինծի կ’օգնէ, Ուստի պիտի չխայտառակուիմ. Հետեւաբար իմ երեսս գայլախազի պէս կարծր ըրի, Եւ գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։
8Զիս արդարացնողը մօտ է. Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. միասին դատարան 3ներկայանանք։ Ո՞վ 4զիս պիտի ամբաստանէ՝՝. թող ինծի մօտենայ։
9Ահա՛ Տէրը՝ Եհովան ինծի պիտի օգնէ. Ո՞վ զիս պիտի դատապարտէ։ Ահա՛ բոլորը հագուստի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի կրծէ զանոնք։
10Ձեր մէջ կա՞յ մէկը՝ որ Տէրոջմէն կը վախնայ, Անոր ծառային ձայնը մտիկ կ’ընէ, Խաւարի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի. Անիկա թող Տէրոջ անունին 5ապաւինի, Եւ իր Աստուծոյն կռթնի։
11Ահա՛ դուք բոլորդ՝ որ կրակ կը վառէք Ու 6կրակի կայծերով՝՝ կը շրջապատուիք, Քալեցէ՛ք ձեր կրակին լոյսով՝ Ձեր վառած կրակի կայծերուն մէջ։ Ասիկա իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ ձեզի. Դուք ցաւով պիտի պառկիք։