Isaiah 51
Song of Solomon « Isaiah 50 ‹ Isaiah 51 › Isaiah 52 » Jeremiah
ՍՓՈՓԱՐԱՐ ԽՕՍՔԵՐ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
1«Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ արդարութեան հետամուտ եղողներ, Ո՛վ Տէրը փնտռողներ. Նայեցէ՛ք այն վէմին՝ ուրկէ կոփուեցաք, Այն գուբի փոսին՝ ուրկէ 1հանուեցաք։
2Նայեցէ՛ք ձեր հօր՝ Աբրահամի, Ու ձեզ 2ծնանող Սառայի. Որովհետեւ մինակ էր՝ երբ զինք կանչեցի, Եւ զինք օրհնեցի ու բազմացուցի։
3Արդարեւ Տէրը Սիոնը պիտի հանգստացնէ. Անոր բոլոր աւերակները պիտի հանգստացնէ, Անոր անապատը Եդեմի պիտի 3վերածէ, Անոր անբնակ երկիրը՝ Տէրոջ 4դրախտին։ Անոր մէջ բերկրանք եւ ուրախութիւն պիտի գտնուին, 5Երգչախումբ ու նուագի ձայն։
4Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ուշադի՛ր եղիր ինծի, Ո՛վ իմ 6ազգս, ունկնդրէ՛ ինծի, Քանի որ ինձմէ օրէնք պիտի ելլէ, Եւ իմ դատաստանս պիտի 7հաստատեմ՝ ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար։
5Իմ արդարութիւնս մօտ է, փրկութիւնս դուրս ելած է, Ու բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն. Կղզիները ինծի պիտի յուսան, Իմ բազուկիս պիտի սպասեն։
6Վերցուցէ՛ք ձեր աչքերը դէպի երկինքը, Եւ վա՛ր նայեցէք՝ դէպի երկիրը. Արդարեւ երկինքը ծուխի պէս պիտի փարատի, Երկիրը հագուստի պէս պիտի մաշի, Անոր բնակիչներն ալ 8մուներու պէս՝՝ պիտի մեռնին. Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ, Եւ արդարութիւնս պիտի չխորտակուի։
7Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ արդարութիւնը ճանչցողներ Եւ իմ օրէնքս ձեր սիրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք.
8Արդարեւ ցեցը պիտի կրծէ զանոնք՝ հագուստի պէս, Մեցը պիտի կրծէ զանոնք՝ բուրդի պէս, Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ, Ու փրկութիւնս՝ սերունդէ սերունդ»։
9Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Տէրոջ բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր. Արթնցի՛ր՝ ինչպէս վաղեմի օրերը, Հին դարերու սերունդներուն ատենը։ Դուն ան չե՞ս՝ որ Ռահաբը 9ջարդուփշուր ըրիր՝՝, Եւ Վիշապը խոցեցիր։
10Դուն ան չե՞ս՝ որ ծովը ցամքեցուցիր, Մեծ անդունդին ջուրերը. Դո՛ւն ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ 10բացիր, Որպէսզի փրկուածները անկէ անցնին։
11Տէրոջ ազատածները պիտի վերադառնան, Ցնծերգերով Սիոն պիտի գան, Ու անոնց գլուխին վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ. Անոնք բերկրանք եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հառաչանքը անոնցմէ պիտի 11հեռանան։
12«Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը հանգստացնեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ կը վախնաս մահկանացու մարդէն, Խոտի 12նմանող մարդու որդիէն,
13Մոռնալով քու Արարիչդ՝ երկինքը սփռող Ու երկրի հիմերը դնող Տէրը, Եւ 13բռնապետին ցասումէն՝՝ շարունակ կը վախնաս՝ ամբողջ օրը, Որպէս թէ պատրաստուած ըլլար քեզ բնաջնջելու. Բայց հիմա ո՞ւր է բռնապետին ցասումը։
14Շղթաներու տակ ծռածը շուտով պիտի արձակուի. 14Փոսին մէջ պիտի չմեռնի, Իր հացը պիտի չպակսի։
15Արդարեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ քու Աստուածդ, Որ ծովը կը խաղաղեցնեմ՝ երբ անոր ալիքները գոռան. Իմ անունս 15Զօրքերու Տէր՝՝ է։
16Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Քեզ ձեռքիս հովանիով ծածկեցի, Որպէսզի երկինքը 16հաստատեմ, երկրի հիմերը դնեմ, Եւ Սիոնի ըսեմ. “Դուն իմ ժողովուրդս ես”»։
17Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու կանգնէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ, Դո՛ւն որ Տէրոջ ձեռքէն անոր ցասումին բաժակը խմեցիր. Թմրութեան բաժակին սկիհը խմեցիր՝ մրուրը քամելով։
18Անոր բոլոր ծնած որդիներէն ո՛չ մէկը զինք կ’առաջնորդէ. Բոլոր մեծցուցած 17զաւակներէն ո՛չ մէկը իր ձեռքէն կը բռնէ։
19Սա՛ երկու բաները քեզի պատահեցան,— Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի.— Կործանում ու փլուզում, սով եւ սուր. Քեզ 18ի՞նչպէս հանգստացնեմ։
20Քու որդիներդ խամրած են, Փողոցներուն 19անկիւնը կը պառկին՝ Ցանցի մէջ բռնուած յամոյրի պէս. Անոնք Տէրոջ ցասումով, Քու Աստուծոյդ սաստով լեցուած են։
21Ուրեմն սա՛ մտիկ ըրէ, ո՛վ դժբախտ, Որ 20արբած ես, բայց ոչ գինիէն.
22Սա՛ կը յայտարարէ քու Տէրդ՝ Եհովան, Քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին իրաւունքը կը պաշտպանէ. «Ահա՛ քու ձեռքէդ առի թմրութեան բաժակը, Իմ ցասումիս բաժակին սկիհը. Զայն անգա՛մ մըն ալ պիտի չխմես։
23Զայն քեզ տրտմեցնողներո՛ւն ձեռքը պիտի դնեմ, Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին. “Ծռէ՛, որպէսզի անցնինք”, Դուն ալ՝ անցորդներուն համար՝ Կռնակդ գետինի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։