Loading...

Isaiah 52

Song of Solomon  «  Isaiah 51  ‹  Isaiah 52  ›  Isaiah 53  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

1

Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, զօրութի՛ւնդ հագիր, ո՛վ Սիոն. Հագի՛ր շքեղ հագուստներդ, ո՛վ Երուսաղէմ, սո՛ւրբ քաղաք, Քանի որ անթլփատը եւ անմաքուրը անգա՛մ մըն ալ քու մէջդ պիտի չմտնեն։

2

Թօթուէ՛ քեզմէ փոշին, Ելի՛ր, նստէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ. Քակէ՛ վիզիդ կապերը, Ո՛վ Սիոնի գերի աղջիկ.

3

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ձրի ծախուեցաք, Եւ առանց դրամի պիտի փրկուիք»։

4

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Իմ ժողովուրդս նախապէս Եգիպտոս իջաւ, Որպէսզի հոն պանդխտանայ. 1Վերջաւորութեան՝ Ասորեստանցիները զայն հարստահարեցին։

5

Հիմա հոս ի՞նչ ունիմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Քանի իմ ժողովուրդս ձրի յափշտակուեցաւ։ Անոր տիրողները կը գոռան,— կը պատգամէ Տէրը,— Եւ իմ անունս շարունակ կը հայհոյուի՝ ամբողջ օրը։

6

Հետեւաբար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս. Ուստի այդ օրը պիտի գիտնայ Թէ ես ա՛ն եմ՝ որ կ’ըսէ. “Ահա՛ւասիկ ե՛ս եմ”»։

7

Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը՝ Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն 2կը քարոզէ՝՝, Բարօրութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ, Ու Սիոնի կ’ըսէ. «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։

8

Քու դէտերդ ձայն պիտի բարձրացնեն, Միասին ցնծութեան ձայնով պիտի գոչեն, Որովհետեւ 3իրենց աչքերով՝՝ պիտի տեսնեն Երբ Տէրը Սիոնը 4վերականգնէ։

9

Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ, Միասին ցնծութեա՛մբ պոռթկացէք, Քանի որ Տէրը իր ժողովուրդը հանգստացուց Ու Երուսաղէմը փրկեց։

10

Տէրը իր սուրբ բազուկը սոթտեց Բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ, Ու երկրի բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն։

11

Հեռացէ՛ք, հեռացէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք. Անոր մէջէն ելէ՛ք, Մաքո՛ւր եղէք, ո՛վ Տէրոջ 5անօթները կրողներ։

12

Արդարեւ ո՛չ թէ աճապարանքով դուրս պիտի ելլէք, Ո՛չ թէ փախչելով պիտի երթաք, Հապա Տէ՛րը ձեր առջեւէն պիտի երթայ, Եւ Իսրայէլի Աստուա՛ծը ձեր վերջապահը պիտի ըլլայ։


ՏԱՌԱՊՈՂ ԾԱՌԱՆ

13

Ահա՛ իմ ծառաս պիտի 6յառաջդիմէ, Պիտի 7մեծնայ ու բարձրանայ, եւ յոյժ 8փառաւորուի։

14

Ի՛նչպէս շատեր 9անոր վրայ՝՝ ապշեցան, (Ա՛յնքան խաթարուած էր անոր տեսքը՝ Որ ա՛լ մարդու չէր նմանէր, Ո՛չ ալ անոր 10կերպարանքը՝ մարդու կերպարանքի,)

15

Ա՛յնպէս շատ ազգեր պիտի 11զարմացնէ. Թագաւորները անոր 12առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն, Որովհետեւ իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն, Եւ իրենց չլսածը պիտի 13նկատեն։



1 Եբր.՝ Ծայրը, կամ՝ Ոչինչով
2 Եբր.՝ լսել կու տայ
3 Եբր.՝ աչք աչքի
4 Եբր.՝ վերադարձնէ
5 Կամ՝ առարկաները
6 Կամ՝ ուշիմ ըլլայ
7 Եբր.՝ բարձրանայ
8 Եբր.՝ բարձր ըլլայ
9 Եբր.՝ քու վրադ
10 Եբր.՝ կազմը
11 Եբր.՝ սրսկէ
12 Եբր.՝ վրայ
13 Կամ՝ հասկնան