Loading...

Isaiah 53

Song of Solomon  «  Isaiah 52  ‹  Isaiah 53  ›  Isaiah 54  »  Jeremiah


1

Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տէրոջ բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ։

2

1Արդարեւ անիկա 2անոր առջեւ մատաղատունկի պէս աճեցաւ, Անջրդի հողէ ելլող 3ծիլի պէս։ Անիկա ո՛չ 4կերպարանք ունէր, ո՛չ ալ վայելչութիւն, որ անոր նայէինք. Տեսք չունէր՝ որ 5անկէ ախորժէինք՝՝։

3

Անիկա մարդոցմէ արհամարհուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. Կոտտանքի մարդ եղաւ, եւ 6կսկիծներու տեղեակ։ Անոր նմանեցաւ՝ որմէ երես կը ծածկեն. Արհամարհուեցաւ, ու համարում չունեցանք անոր հանդէպ։

4

Ի՛րապէս անիկա մեր կսկիծները կրեց, Եւ մեր կոտտանքները ստանձնեց։ Մենք զինք 7պատժուած, Աստուծմէ զարնուած Ու դժբախտացած համարեցինք։

5

Բայց անիկա մեր յանցանքներուն համար 8վիրաւորուեցաւ, Մեր անօրէնութիւններուն համար ճզմուեցաւ։ Մեզի խաղաղութիւն տուող պատիժը անոր վրայ եղաւ, Եւ իր 9վէրքերով մենք բուժուեցանք։

6

Բոլորս ոչխարներու պէս մոլորեցանք, Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբային 10հետեւեցաւ, Ուստի Տէրը մեր բոլորին անօրէնութիւնը անոր վրայ ձգեց։

7

Անիկա ճնշուեցաւ ու տառապեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ. Սպանդանոց տարուող գառի պէս, Զինք խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Իր բերանը չբացաւ։

8

Կաշկանդումով եւ դատավճիռով 11բռնուեցաւ. Անոր սերունդին 12ո՞վ պիտի գանգատի՝՝։ Արդարեւ ան ապրողներու երկրէն կտրուեցաւ, Իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար 13պատժուեցաւ։

9

Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ՝ հարուստին հետ եղաւ. 14Արդարեւ անիկա բռնութիւն մը գործած չէր, Եւ անոր բերանին մէջ խաբէութիւն չկար։

10

Տէրը հաճեցաւ որ ան ճզմուի, ու զինք 15ցաւերու մատնեց՝՝. Երբ իր անձը իբր յանցանքի պատարագ 16ընծայէ, Անիկա զարմ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկարէ, Եւ Տէրոջ 17կամքը անոր ձեռքով պիտի 18գործադրուի։

11

Իր անձին 19տաժանքին պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ. Իմ արդար ծառաս իր գիտութեամբ շատերը պիտի արդարացնէ, Քանի որ անոնց անօրէնութիւնները ի՛նք պիտի կրէ։

12

Հետեւաբար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր, Ու հզօրներուն հետ աւարը պիտի բաժնէ, Որովհետեւ իր անձը մահուան 20մատնեց, Յանցաւորներուն հետ 21սեպուեցաւ, Շատերու մեղքը կրեց, Եւ յանցաւորներուն համար միջնորդեց։



1 Եբր.՝ Եւ
2 Այսինքն՝ Տէրոջ
3 Եբր.՝ արմատի
4 Եբր.՝ կազմ
5 Եբր.՝ անոր ցանկայինք
6 Կամ՝ հիւանդութիւններու
7 Եբր.՝ հարուած ստացած
8 Կամ՝ խոցուեցաւ
9 Եբր.՝ հարուածներով
10 Եբր.՝ դարձաւ
11 Կամ՝ յափշտակուեցաւ, կամ՝ տարուեցաւ
12 Կամ՝ մասին ո՞վ պիտի խոկայ, կամ՝ ո՞վ պիտի խօսի
13 Եբր.՝ հարուած ստացաւ
14 Կամ՝ Թէեւ
15 Եբր.՝ հիւանդութեամբ զարկաւ
16 Եբր.՝ ընէ, կամ՝ ընես
17 Եբր.՝ փափաքը
18 Եբր.՝ յաջողի
19 Կամ՝ աշխատանքին
20 Եբր.՝ թափեց
21 Եբր.՝ համրուեցաւ