Loading...

Isaiah 54

Song of Solomon  «  Isaiah 53  ‹  Isaiah 54  ›  Isaiah 55  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ

1

«Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. Ո՛վ երկունքի ցաւ չքաշող, ցնծութեա՛մբ պոռթկա եւ աղաղակէ՛. Քանի որ միայնակին որդիները՝ Ամուսնացեալին որդիներէն շատ պիտի ըլլան,— կը յայտարարէ Տէրը։—

2

Լայնցո՛ւր վրանիդ տեղը, Թող տարածուին բնակարաններուդ վարագոյրները. Մի՛ խնայեր, երկնցո՛ւր չուաններդ եւ ամրացո՛ւր ցիցերդ։

3

Արդարեւ աջ ու ձախ կողմ պիտի 1խուժես, Եւ քու զարմդ 2հեթանոսներուն պիտի տիրանայ, Ամայացած քաղաքները պիտի բնակեցնէ։

4

Մի՛ վախնար, քանի որ պիտի չամչնաս. Մի՛ խպնիր, որովհետեւ պիտի չշիկնիս։ Արդարեւ քու երիտասարդութեանդ ամօթը պիտի մոռնաս, Եւ այրիութեանդ նախատինքը անգա՛մ մըն ալ պիտի չյիշես,

5

Քանի որ քու ամուսինդ Արարիչդ է, Անոր անունը 3Զօրքերու Տէր՝՝ է, Ու քու Փրկարարդ Իսրայէլի Սուրբն է. Ան “ամբողջ երկրի Աստուածը” պիտի կոչուի։

6

Արդարեւ Տէրը քեզ կանչեց լքուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս, Երիտասարդութեան կնոջ պէս՝ որ 4արձակուած է,— կ’ըսէ քու Աստուածդ։—

7

5Կարճ վայրկեան մը քեզ լքեցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։

8

Զայրոյթի 6պոռթկումով՝ վայրկեան մը երեսս քեզմէ ծածկեցի, Բայց յաւիտենական կարեկցութեամբ քեզի պիտի գթամ,— Կը յայտարարէ քու Փրկարարդ՝ Եհովան։—

9

Արդարեւ ասիկա ինծի Նոյի ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի թէ Նոյի ջուրերը անգա՛մ մըն ալ երկրի վրայէն պիտի չանցնին, Նոյնպէս երդում ըրի թէ ա՛լ պիտի չզայրանամ քեզի ու պիտի չսաստեմ քեզ։

10

Թէեւ լեռները հեռանան Եւ բլուրները երերան, Իմ կարեկցութիւնս քեզմէ պիտի չհեռանայ, Ու խաղաղութեանս ուխտը պիտի չերերայ,— Կը յայտարարէ Տէրը՝ որ քեզի կը գթայ»։


ԱՊԱԳԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ

11

«Ո՛վ մրրիկէն զարնուած անմխիթար դժբախտ, Ահա՛ ես քու քարերդ պիտի 7երանգաւորեմ, Քեզ շափիւղաներու վրայ պիտի հիմնադրեմ։

12

Քու մարտկոցներդ սուտակներով պիտի 8շինեմ, Դռներդ՝ կարկեհաններով, Ու բոլոր 9պարիսպներդ՝ 10թանկագին քարերով։

13

Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէն պիտի սորվին, Եւ որդիներուդ խաղաղութիւնը մեծ պիտի ըլլայ։

14

Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս. Հարստահարութենէն 11հեռու պիտի ըլլաս՝՝ որ չվախնաս, Նաեւ երկիւղէն՝ որ քեզի չմօտենայ։

15

Ահա՛ անշուշտ 12պիտի զինակցին, բայց ինձմէ չէ. Ո՛վ որ քեզի դէմ զինակցի՝՝, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։

16

Ահա՛ ե՛ս ստեղծեցի 13դարբինը, որ կրակին մէջի ածուխներուն վրայ կը փչէ, Եւ իր 14գործով զէնք՝՝ մը կ’արտադրէ. Նաեւ ե՛ս ստեղծեցի կործանողը՝ որ 15բնաջնջէ։

17

Քեզի դէմ 16կռանուած ո՛չ մէկ զէնք 17արդիւնաւոր պիտի ըլլայ՝՝, Ու դատաստանի մէջ քեզի դէմ կանգնող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Ասիկա՛ է Տէրոջ ծառաներուն ժառանգութիւնը, Եւ անոնց արդարութիւնը ինձմէ է», կը պատգամէ Տէրը։



1 Եբր.՝ պատառես, կամ՝ ճեղքես
2 Կամ՝ ազգերուն
3 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
4 Եբր.՝ մերժուած
5 Եբր.՝ Պզտիկ
6 Եբր.՝ յորդումով
7 Եբր.՝ ծարոյրի մէջ պառկեցնեմ
8 Եբր.՝ ընեմ
9 Եբր.՝ եզերքներդ
10 Եբր.՝ բաղձալի
11 Եբր.՝ հեռացի՛ր
12 Եբր.՝ ինձմէ չեղող պանդուխտներ պիտի գան. ո՛վ որ քու քովդ պանդխտանայ
13 Եբր.՝ արհեստաւորը
14 Կամ՝ գործին համար գործիք
15 Կամ՝ կործանէ
16 Եբր.՝ ձեւակերպուած
17 Եբր.՝ պիտի յաջողի