Isaiah 55
Song of Solomon « Isaiah 54 ‹ Isaiah 55 › Isaiah 56 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
1«Ո՛վ բոլոր ծարաւցածներ, ջուրերո՛ւն եկէք. Դրա՛մ չունեցողներ, եկէ՛ք, գնեցէ՛ք եւ կերէ՛ք. Եկէ՛ք, գինի՛ ու կա՛թ գնեցէք՝ Առանց դրամի եւ 1վճարումի։
2Ինչո՞ւ ձեր դրամը կը վատնէք՝ ո՛չ թէ հացի համար, Ու ձեր վաստակը այնպիսի բանի համար՝ որ չի կշտացներ։ Ուշադրութեա՛մբ մտիկ ըրէք ինծի, որպէսզի 2համադամ կերակուրներ՝՝ ուտէք, Եւ ձեր անձը պարարտութիւն վայելէ։
3Դարձո՛ւցէ՛ք ձեր ականջը, ու եկէ՛ք ինծի. Մտի՛կ ըրէք, ու ձեր անձը պիտի ապրի։ Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի կնքեմ, Դաւիթի 3մնայուն կարեկցութիւնները ձեզի տալով։
4Ահա՛ զայն վկայ կարգեցի 4ժողովուրդներուն, Առաջնորդ ու հրամանատար՝ 5ազգերուն։
5Ահա՛ անծանօթ ազգ մը պիտի կանչես, Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քովդ պիտի 6փութան՝ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, Քանի որ ան քեզ փառաւորեց։
6Փնտռեցէ՛ք Տէրը՝ քանի ան կը գտնուի. Գոչեցէ՛ք անոր, քանի ան մօտ է։
7Թող ամբարիշտը լքէ իր ճամբան, Եւ անօրէն մարդը՝ իր մտածումները, Ու վերադառնայ Տէրոջ, եւ ան պիտի գթայ իրեն, Ու մեր Աստուծոյն՝ որովհետեւ ան առատապէս կը ներէ։
8Արդարեւ իմ մտածումներս ձեր մտածումները չեն, Եւ ձեր 7ճամբաները իմ ճամբաներս չեն,— կը պատգամէ Տէրը.—
9Հապա որչափ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են, Եւ իմ մտածումներս՝ ձեր մտածումներէն։
10Որովհետեւ ինչպէս տեղատարափն ու ձիւնը երկինքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն վերադառնար, Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զայն 8պտղաբեր եւ 9արգասաւոր կ’ընեն, Սերմանողին հունտ կու տան, եւ ուտողին՝ հաց,
11Իմ բերանէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ. Ինծի 10ապարդիւն պիտի չվերադառնայ, Հապա իմ 11կամքս պիտի գործադրէ, Ու յաջողցնէ այն բանը՝ որուն համար զայն ղրկեցի։
12Արդարեւ դուք ուրախութեամբ դուրս պիտի ելլէք, Եւ խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք. Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի պոռթկան, Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
13Թուփին տեղ եղեւին պիտի բուսնի, Ու 12եղիճին տեղ՝ մրտենի, Եւ ասիկա Տէրոջ համբաւին համար Յաւիտենական, անջինջ նշան մը պիտի ըլլայ»։