Isaiah 56
Song of Solomon « Isaiah 55 ‹ Isaiah 56 › Isaiah 57 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐԸ
1Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իրաւո՛ւնքը պահեցէք եւ արդարութի՛ւնը կիրարկեցէք, Քանի որ իմ փրկութիւնս գալու մօտ է, Եւ արդարութիւնս՝ յայտնուելու»։
2Երանի՜ այն մարդուն՝ որ ասիկա կ’ընէ, Ու մարդու որդիին՝ որ ասոր կը կառչի, Շաբաթը պահելով՝ որ զայն չպղծէ, Եւ իր ձեռքը պահելով՝ որ ո՛չ մէկ չարիք գործէ։
3Տէրոջ յարող օտարազգիին որդին թող չըսէ. «Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատած է». Ներքինին ալ թող չըսէ. «Ահա՛ ես չոր ծառ մըն եմ».
4Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Այն ներքինիներուն՝ Որ իմ Շաբաթներս կը պահեն, Ինծի հաճոյալի եղածը կ’ընտրեն, Եւ իմ ուխտիս կը կառչին,
5Իմ տանս մէջ ու պարիսպներէս ներս՝ տեղ եւ անուն պիտի տամ անոնց, Որ որդիներէն ու աղջիկներէն աւելի լաւ է. Յաւիտենական անուն մը պիտի տամ անոնց՝ Որ պիտի չջնջուի։
6Այն օտարազգիի որդիները, որ Տէրոջ յարած են՝ Անոր պաշտօն կատարելու, Տէրոջ անունը սիրելու Եւ անոր ծառաներն ըլլալու համար, Այսինքն բոլոր անոնք՝ որ Շաբաթը կը պահեն զայն չպղծելու համար, Եւ իմ ուխտիս կը կառչին,
7Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ, Ու աղօթքի տանս մէջ ուրախացնեմ։ Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ զոհասեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան, Քանի որ իմ տունս “բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն” պիտի կոչուի»։
8Սա՛ կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան, Որ Իսրայէլի աքսորականները կը հաւաքէ. «Անոր հաւաքուածներէն զատ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր քով»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ
9«Դո՛ւք բոլորդ՝ դաշտի գազաններ՝ եկէ՛ք լափելու, Նաեւ դո՛ւք, բոլոր անտառի գազաններ։
10Անոր դէտերը կոյր են. բոլորն ալ գիտակից չեն։ Բոլորն ալ համր շուներ են, չեն կրնար հաջել. Անոնք կը նիրհեն, կը պառկին, մրափը կը սիրեն։
11Այո՛, շատակեր եւ անկուշտ շուներ են. Անոնք չհասկցող հովիւներ են։ Բոլորը իրենց ճամբաներուն 1ուշադրութիւն կը դարձնեն, Իւրաքանչիւրը իր անիրաւ վաստակը կը փնտռէ՝ մինչեւ 2վերջինը, ըսելով.
12“Եկէ՛ք, գինի բերեմ, Ու օղիով արբենանք. Վաղն ալ այսօրուան պէս պիտի ըլլայ, Եւ ա՛լ աւելի առատ”»։