Isaiah 57
Song of Solomon « Isaiah 56 ‹ Isaiah 57 › Isaiah 58 » Jeremiah
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
1«Արդարը կը կորսուի, եւ ո՛չ մէկը 1ուշադրութիւն կը դարձնէ՝՝. Կարեկից մարդիկը աշխարհէն 2կ’անհետանան. Ո՛չ մէկը կը նկատէ թէ արդարը գալիք 3չարիքին պատճառով՝՝ կ’անհետանայ։
2Ան խաղաղութեան մէջ կը մտնէ. Ուղղամտութեամբ ընթացողները Իրենց անկողինին վրայ կը հանգստանան։
3Բայց դուք, ո՛վ գուշակի որդիներ, Շնացողի ու պոռնիկի զարմ, հո՛ս մօտեցէք.
4Դուք ո՞վ կը 4ծաղրէք, Ձեր բերանը որո՞ւ դէմ 5լայն կը բանաք՝՝, Եւ ձեր լեզուն կ’երկարէք. Միթէ դուք յանցանքի զաւակներ ու կեղծիքի զարմ չէ՞ք։
5Դուք ամէն կանաչազարդ ծառի տակ՝ 6Չաստուածներուն քով՝՝ ցանկութեամբ կը տաքնաք. Ձեր զաւակները կը մորթէք ձորերու մէջ, Ժայռերու ծերպերուն մէջ։
6Քու բաժինդ ձորին ողորկ քարերուն մէջ է. Քու վիճակդ անոնք են, անո՛նք։ Նոյնիսկ անո՛նց 7նուէր թափեցիր, հացի ընծայ մատուցանեցիր. Միթէ ես 8ասոնց կը հանդուրժե՞մ՝՝։
7Դուն անկողինդ բարձր ու 9վեհ լերան վրայ դրիր, Հո՛ն ալ բարձրացար՝ զոհ մատուցանելու։
8Դռներուն ու դրանդիներուն ետեւը դրիր քու յիշատակդ. Որովհետեւ բարձրանալով՝ ինձմէ ուրիշին առջեւ մերկացար. Անկողինդ լայնցուցիր եւ անոնց հետ 10համաձայնեցար. Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։
9Թագաւորին քով հոտաւէտ իւղով գացիր, Հոտաւէտ բաղադրութիւններդ բազմապատկեցիր, Դեսպաններդ հեռուն ղրկեցիր, Ու մինչեւ 11դժոխք նուաստացար։
10Քու ճամբայիդ երկարութենէն յոգնեցար, Բայց չըսիր. “Յոյս չկայ”. Քու ձեռքիդ կենսունակութիւնը վերստին գտար, Հետեւաբար չթուլցար։
11Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար՝ որ ստեցիր, Զիս չյիշեցիր եւ 12իմ մասիս չմտածեցիր՝՝։ Շատոնց իմ լուռ կենալուս համար չէ՞, Որ ինձմէ չես վախնար։
12Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի յայտարարեմ, Որոնք քեզի օգտակար պիտի չըլլան։
13Երբ աղաղակես, հաւաքած կուռքե՛րդ թող քեզ ազատեն. Բայց հովը զանոնք բոլորը պիտի 13քշէ տանի՝՝, Շունչ մը զանոնք պիտի յափշտակէ. Սակայն ինծի ապաւինողները երկիրը պիտի ժառանգեն, Եւ իմ սուրբ լերանս պիտի տիրանան»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՕԳՆԵԼ ԵՒ ՓՐԿԵԼ
14«Անոնք պիտի ըսեն. “Հարթեցէ՛ք, հարթեցէ՛ք. Ճամբա՛յ պատրաստեցէք, Վերցուցէ՛ք խոչընդոտը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն”»։
15Արդարեւ սա՛ կը յայտարարէ Բարձրն ու 14Վեհը, Որ յաւերժութեան մէջ կը բնակի, եւ անոր անունը Սուրբ է. «Ես բարձր ու սուրբ վայրը կը բնակիմ, Բայց ճմլուած եւ նուաստ հոգի ունեցողին հետ եմ, Որպէսզի նուաստներուն հոգին վերապրեցնեմ, Ու ճմլուած սիրտերը վերապրեցնեմ։
16Արդարեւ յաւիտեան պիտի չվիճիմ Եւ ընդմիշտ պիտի չզայրանամ, Այլապէս իմ առջեւս հոգիները պիտի թալկանային, Նաեւ այն անձերը՝ որ ես 15ստեղծեցի։
17Անոր ագահութեան անօրէնութեան համար զայրացայ Ու զայն զարկի. իմ երեսս ծածկեցի եւ զայրացայ, Բայց ուխտադրուժը իր սիրտին ճամբայէն ընթացաւ։
18Իր ճամբաները տեսայ. սակայն զինք պիտի բուժեմ, Նաեւ զինք պիտի առաջնորդեմ, Զինք եւ իր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։
19Շրթունքներուն պտուղը ես կը ստեղծեմ։ Խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն ըլլայ հեռու եղողին, Նաեւ մօտը եղողին,— կ’ըսէ Տէրը.— Ես զինք պիտի բուժեմ։
20Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ, Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ կ’արտաքսեն։
21Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կը յայտարարէ իմ Աստուածս։