Loading...

Isaiah 58

Song of Solomon  «  Isaiah 57  ‹  Isaiah 58  ›  Isaiah 59  »  Jeremiah


ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

1

«Բարձրաձայն գոչէ՛ եւ մի՛ խնայեր, Ձայնդ բարձրացո՛ւր շեփորի պէս, Ու յայտարարէ՛ իմ ժողովուրդիս 1իր յանցանքը, Եւ Յակոբի տան՝ իր մեղքերը։

2

Սակայն անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն Ու կը բաղձան իմ ճամբաներս գիտնալ, Այնպիսի ազգի մը պէս՝ որ արդարութիւնը կը կիրարկէ Եւ իր Աստուծոյն կանոնները չի լքեր. Ինձմէ արդարութեան դատավճիռներ կը խնդրեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,

3

Ու կ’ըսեն. “Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք ու դուն չտեսար, Մեր անձերը խոնարհեցուցինք եւ դուն չգիտցար”։ Ահա՛ ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր փափաքը կը 2կատարէք, Ու ձեր բոլոր տքնաջան գործողները կը 3կեղեքէք։

4

Ահա՛ կռիւի ու 4բանավէճի, Եւ ամբարշտութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք. Այս օրուան պէս ծոմ մի՛ պահէք, Որպէսզի ձեր ձայնը բարձր վայրը լսել տաք։

5

Միթէ այսպէ՞ս կ’ըլլայ իմ նախընտրած ծոմապահութիւնս, Այն օրը՝ երբ մարդ իր անձը կը խոնարհեցնէ. Իր գլուխը կնիւնի պէս կքելով Եւ տակը քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ. Ասիկա ծոմապահութիւն եւ Տէրոջ 5հաճելի օ՞ր պիտի կոչես։

6

6Ահա՛ւասիկ իմ նախընտրած ծոմապահութիւնս.— Քակէ՛ ամբարշտութեան կապանքները, Թուլցո՛ւր լուծին կապերը, Ազա՛տ արձակէ 7ճնշուածները, Կոտրէ՛ ամէն լուծ.

7

8Կիսէ՛ հացդ անօթիին հետ, Տո՛ւնդ 9ընդունէ անպատսպար դժբախտները, Ծածկէ՛ մերկը՝ երբ զայն տեսնես, Ու 10մի՛ անտեսեր քու ընկերդ՝՝։

8

Այն ատեն քու լոյսդ արշալոյսի պէս պիտի 11ծագի, Եւ առողջութիւնդ շուտով պիտի 12վերստացուի. Քու արդարութիւնդ առջեւէդ պիտի երթայ, Ու Տէրոջ փառքը քու վերջապահդ պիտի ըլլայ։

9

Այն ատեն պիտի կանչես, ու Տէրը պիտի պատասխանէ, Պիտի աղաղակես, եւ ան պիտի ըսէ. “Ահա՛ հոս եմ”։ Եթէ քու մէջէդ հեռացնես լուծը, 13Սպառնալիքը եւ ունայն խօսքերը,

10

Եթէ 14անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝՝ Ու դժբախտին անձը կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի, Եւ մթութիւնդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։

11

Տէրը շարունակ քեզ պիտի առաջնորդէ, Քու անձդ երաշտի ատեն պիտի կշտացնէ, Ու ոսկորներդ 15զօրացնէ. Դուն ոռոգուած պարտէզի մը պէս պիտի ըլլաս, Ջուրի ակի մը պէս՝ որուն ջուրերը չեն 16պակսիր։

12

Քեզմէ ծնածները հնադարեան աւերակները պիտի կառուցանեն. Նախկին սերունդներէն մնացած հիմերը պիտի կանգնեցնես, Ու պիտի կոչուիս. “Ճեղքուածքներ 17նորոգող, 18Բանուկ շաւիղներ վերականգնող”»։


ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼՈՒՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

13

«Եթէ ոտքդ հեռացնես քու փափաքդ կատարելէ Շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս, Ու քու վայելքդ կոչես Շաբաթը, Եւ պատուական՝ Տէրոջ նուիրուած օրը, Զայն պատուես՝ քու ճամբաներուդ 19չհետեւելով, Քու փափաքդ 20չկատարելով ու պարապ խօսքեր ըսելով,

14

Այն ատեն Տէրը քու վայելքդ պիտի ըլլայ. Քեզ երկրի բարձունքներուն վրայ պիտի 21հանեմ, Ու հօրդ՝ Յակոբի ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ, Որովհետեւ Տէրոջ բերանը խօսեցաւ»։



1 Եբր.՝ իրենց
2 Եբր.՝ գտնէք
3 Եբր.՝ պահանջէք
4 Եբր.՝ բանակռիւի
5 Կամ՝ հաւանելի
6 Եբր.՝ Սա՛ չէ՞
7 Կամ՝ խոշտանգուածները
8 Եբր.՝ Կտրատէ՛, կամ՝ Բաշխէ՛
9 Եբր.՝ մտցուր
10 Եբր.՝ մի՛ թաքնուիր մարմինդ եղողէն
11 Եբր.՝ ժայթքէ
12 Եբր.՝ բուսնի
13 Եբր.՝ Մատ երկարելը
14 Եբր.՝ քու անձդ անօթիին պարգեւես
15 Եբր.՝ զինէ
16 Եբր.՝ ստեր
17 Եբր.՝ փակող
18 Եբր.՝ բնակութեան
19 Եբր.՝ չկատարելով
20 Եբր.՝ չգտնելով
21 Եբր.՝ հեծցնեմ