Loading...

Isaiah 59

Song of Solomon  «  Isaiah 58  ‹  Isaiah 59  ›  Isaiah 60  »  Jeremiah


ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԸ

1

Ահա՛ Տէրոջ ձեռքը կարճցած չէ՝ որ չկարենայ փրկել, Ո՛չ ալ անոր ականջը ծանրացած՝ լսելու համար։

2

Հապա ձեզ ձեր Աստուծմէն 1բաժնողը Ձեր անօրէնութիւննե՛րը եղան. Ձեր մեղքե՛րը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։

3

Արդարեւ ձեր ձեռքերը արիւնով պղծուեցան, Ու ձեր մատները՝ անօրէնութեամբ. Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցաւ, Եւ ձեր լեզուն անիրաւութիւն 2արտայայտեց։

4

Ո՛չ մէկը արդարութեամբ գանգատ կը ներկայացնէ, Ո՛չ մէկը 3հաւատարմութեամբ կը դատէ. Անոնք ոչնչութիւններու կը վստահին եւ 4ունայնութիւն կը խօսին. Անիրաւութիւն կը յղանան եւ անօրէնութիւն կը ծնանին։

5

Իժի հաւկիթներ կը թխսեն, Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։ Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի. Եթէ հատ մը ճնշուի՝ իժ 5կ’ելլէ։

6

Անոնց ոստայնները հագուստ չեն ըլլար, Եւ իրենց 6բանուածքներով չեն կրնար ծածկուիլ. Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են, Ու իրենց ձեռքերուն մէջ բռնութեան արարք կայ։

7

Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն, Եւ անմեղ արիւն թափելու կը շտապեն. Անոնց մտածումները անօրէնութեան մտածումներ են, Անոնց պողոտաներուն մէջ կործանում ու փլուզում կայ։

8

Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար, Եւ անոնց արահետներուն մէջ իրաւունք չկայ։ Իրենց շաւիղները ծռեցին. Ո՛վ որ անոնց մէջ քալէ՝ խաղաղութիւն չի ճանչնար։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ԻՐ ՄԵՂՔԸ

9

Հետեւաբար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ, Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր. Լոյսի կը սպասենք, եւ ահա՛ խաւար կ’ըլլայ, Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մթութեան մէջ կը շրջինք։

10

Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք, Աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք. Կէսօրի՛ն կը գայթինք՝ ինչպէս մթնշաղին. 7Առողջներու մէջ մեռելներու պէս ենք։

11

Բոլորս արջերու պէս կը գոռանք, Աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութիւն կ’ակնկալենք, բայց ան մեզմէ հեռու է։

12

Արդարեւ մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան, Եւ մեր մեղքերը մեզի դէմ կը վկայեն, Որովհետեւ մեր յանցանքները մեր քով են, Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։

13

Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք, Մեր Աստուծոյն հետեւելէն 8հրաժարեցանք։ Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն 9ծրագրեցինք, Մեր սիրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք։

14

Իրաւունքը ետ քաշուեցաւ Եւ արդարութիւնը հեռացաւ, Քանի որ ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ գայթեցաւ, Եւ ուղղամտութիւնը չի կրնար ներս գալ.

15

Ճշմարտութիւնը կը պակսի, Չարութենէ հեռացողը 10կը կողոպտուի՝՝։ Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր 11անհաճոյ եղաւ, Քանի որ իրաւունք չմնաց։


ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՓՐԿԵԼ

16

Ան տեսաւ թէ ո՛չ մէկը կար, Ապշեցաւ որ միջնորդ մը չկար. Ուստի իր բազուկը զինք փրկեց, Եւ իր արդարութիւնը իրեն նեցուկ եղաւ։

17

Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, Փրկութեան սաղաւարտը իր գլուխը դրաւ. Վրէժխնդրութեան հագուստը իբր պատմուճան հագաւ, Նախանձախնդրութեամբ ծածկուեցաւ՝ պարեգօտի մը պէս։

18

Իրենց 12վարմունքին համեմատ պիտի հատուցանէ.— Ցասում՝ իր հակառակորդներուն, Վարձատրութիւն՝ իր թշնամիներուն. 13Կղզիներուն 14հատուցում պիտի ընէ՝՝։

19

Արեւմուտքը՝ Տէրոջ անունէն, Եւ արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջ Հոգին 15անոր դէմ դրօշակ պիտի բարձրացնէ՝՝։

20

«Փրկարար պիտի գայ Սիոնի, Անոնց՝ որ իրենց յանցանքներէն դարձի կու գան Յակոբի մէջ»,— կը պատգամէ Տէրը։—

21

Ես ալ անոնց հետ սա՛ ուխտը պիտի կնքեմ,— կը յայտարարէ Տէրը.— Իմ Հոգիս՝ որ քու վրադ է, Եւ իմ խօսքերս՝ որ բերանդ դրեր եմ, Պիտի չհեռանան քու բերանէդ, 16զաւակներուդ բերանէն, Ու զաւակներուդ զաւակներուն բերանէն, Ասկէ ետք մինչեւ յաւիտեան», կը յայտարարէ Տէրը։



1 Եբր.՝ զատողը
2 Եբր.՝ գոչեց
3 Այսինքն՝ ուղղամտութեամբ
4 Կամ՝ սուտ
5 Եբր.՝ կը ժայթքէ
6 Կամ՝ գործերով
7 Եբր.՝ Պարարտներու, կամ՝ Ամայութիւններու
8 Եբր.՝ ետ քաշուեցանք
9 Եբր.՝ խօսեցանք
10 Եբր.՝ աւար կ’ըլլայ
11 Եբր.՝ աչքերուն գէշ
12 Եբր.՝ վարձատրութեան
13 Կամ՝ Հեռաւոր երկիրներուն
14 Եբր.՝ վարձատրութիւն պիտի հատուցանէ
15 Կամ՝ զայն պիտի հալածէ
16 Եբր.՝ զարմիդ