Isaiah 60
Song of Solomon « Isaiah 59 ‹ Isaiah 60 › Isaiah 61 » Jeremiah
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ
1Կանգնէ՛, լուսաւորուէ՛. քանի որ քու լոյսդ եկաւ, Եւ Տէրոջ փառքը ծագեցաւ քու վրադ։
2Արդարեւ ահա՛ խաւարը պիտի ծածկէ 1երկրագունդը, Ու մառախուղը՝ բնակչութիւնը. Իսկ քու վրադ Տէ՛րը պիտի ծագի, Եւ անոր փառքը պիտի երեւնայ քու վրադ։
32Ազգերը քու լոյսիդ պիտի գան, Ու թագաւորները՝ քու վրադ ծագած պայծառութեան։
4Վերցո՛ւր աչքերդ եւ նայէ՛ շուրջդ. Բոլորը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու որդիներդ հեռուէն պիտի գան, Եւ աղջիկներդ 3գիրկի մէջ պիտի 4բերուին։
5Այն ատեն պիտի տեսնես եւ 5ուրախանաս, Սիրտդ պիտի 6սարսռայ ու 7սփոփուի, Քանի որ ծովուն ճոխութիւնը քեզի պիտի փոխանցուի, Ազգերուն 8հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
6Ուղտերուն 9երամակը, Մադիամի եւ Գեփայի տաճիկ ուղտերը քեզ պիտի ծածկեն. Բոլորը Սաբայէն պիտի գան, Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն, Եւ Տէրոջ 10փառաւոր գործերը՝՝ պիտի աւետեն։
7Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին, Եւ Նաբէոթի խոյերը քեզի պիտի սպասարկեն. Անոնք իմ զոհասեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ 11ընդունելի զոհ ըլլալու, Եւ իմ 12շքեղ տունս՝՝ պիտի զարդարեմ։
8Ո՞վ են ասոնք՝ որ կը թռչին թանձր ամպի պէս, Դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։
9Ի՛րապէս կղզիները — եւ առաջին անգամ՝ Թարսիսի նաւերը — Ինծի 13համար պատրաստ պիտի ըլլան՝՝, Որպէսզի հեռուէն քու որդիներդ բերեն, Եւ անոնց հետ՝ իրենց արծաթն ու ոսկին, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ անունին համար, Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանի որ ան քեզ կը փառաւորէ։
10Օտարազգիներուն որդիները պարիսպներդ պիտի կառուցանեն, Եւ անոնց թագաւորները քեզի պիտի սպասարկեն. Արդարեւ իմ զայրոյթովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութեամբս քեզի պիտի գթամ։
11Քու դռներդ շարունակ բաց պիտի ըլլան, Ցերեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէսզի ազգերուն հարստութիւնը քեզի 14կրեն, Եւ անոնց թագաւորները քովդ 15առաջնորդուին։
12Արդարեւ քեզի չծառայող ազգն ու թագաւորութիւնը պիտի կորսուին. Այդ ազգերը բոլորովին պիտի աւերուին։
13Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, — Եղեւինը, շոճին ու տօսախը միասին —, Իմ սրբարանիս տեղը 16զարդարելու համար. Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։
14Քեզ տառապեցնողներուն որդիները՝ Քեզի գալով առջեւդ պիտի խոնարհին. Բոլոր քեզ անարգողները՝ Ոտքերուդ ներբաններուն պիտի երկրպագեն. Քեզ պիտի կոչեն “Տէրոջ քաղաքը”, “Իսրայէլի Սուրբին Սիոնը”։
15Դուն՝ որ լքուած եւ ատելի եղար, Ու ո՛չ մէկը քեզմէ կ’անցնէր, Քեզ յաւիտենական մեծափառութեան պիտի 17վերածեմ, Սերունդէ սերունդ տեւող բերկրանքի։
16Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Թագաւորներուն 18ստինքը պիտի ծծես, Եւ պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս, քու Ազատարարդ եմ, Քու Փրկարարդ, Յակոբի Հզօրը։
17Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, Երկաթի տեղ արծաթ պիտի բերեմ, Փայտի տեղ՝ պղինձ, Ու քարերու տեղ՝ երկաթ։ Խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ քեզի իբր վերատեսուչ, Եւ արդարութիւնը՝ իբր 19գործավար։
18Անգա՛մ մըն ալ քու երկրիդ մէջ բռնութիւն պիտի 20չպատահի, Ու հողամասիդ մէջ՝ կործանում եւ փլուզում. Հապա քու պարիսպներդ “Փրկութիւն” պիտի կոչես, Ու դռներդ՝ “Գովաբանութիւն”։
19Անգա՛մ մըն ալ ցերեկը արեւը պիտի չըլլայ քու լոյսդ, Եւ գիշերը լուսինին պայծառութիւնը քեզ պիտի չլուսաւորէ. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ, Եւ Աստուածդ՝ քու պարծանքդ։
20Քու արեւդ անգա՛մ մըն ալ մայր պիտի չմտնէ, Ու լուսինդ պիտի 21չծածկուի. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ, Եւ սուգի օրերդ պիտի աւարտին։
21Քու ամբողջ ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ, Ու երկրին պիտի տիրանան յաւիտենապէս. Իմ տնկած ընձիւղս՝ ձեռքերուս գործը՝ Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
22Փոքրաթիւը հազարաւոր պիտի ըլլայ, Եւ պզտիկը՝ հզօր ազգ. Ես՝ Տէրս պիտի փութացնեմ ասիկա՝ իր ժամանակին։