Loading...

Isaiah 61

Song of Solomon  «  Isaiah 60  ‹  Isaiah 61  ›  Isaiah 62  »  Jeremiah


ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ

1

Տէրոջ՝ Եհովայի Հոգին իմ վրաս է, Որովհետեւ Տէրը զիս օծեց 1Աղքատներուն աւետիս տալու. Զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները 2բժշկելու, Գերիներուն ազատագրութիւն յայտարարելու, Եւ բանտարկեալներուն՝ բանտին բացուիլը.

2

Տէրոջ բարեհաճութեան տարին Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը յայտարարելու, Բոլոր սգաւորները մխիթարելու.

3

Սիոնի սգաւորները նշանակելու, Եւ անոնց մոխիրի տեղ խոյր տալու, Սուգի տեղ՝ բերկրանքի հոտաւէտ իւղ, Ու մռայլ հոգիի տեղ՝ գովաբանութեան հագուստ. Զանոնք պիտի կոչեն “Արդարութեան բեւեկնիներ”, Որ Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։

4

Անոնք հնադարեան աւերակները պիտի կառուցանեն, Նախապէս 3կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, Աւերուած քաղաքները Ու շատ 4դարերէ ի վեր կործանուածները պիտի 5վերանորոգեն։

5

Օտարները պիտի 6գան ու ձեր հօտերը արածեն. Օտարազգիներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։

6

Իսկ դուք “Տէրոջ քահանաները” պիտի կոչուիք, “Մեր Աստուծոյն 7պաշտօնեաները” պիտի անուանուիք. 8Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք, Եւ անոնց փառքով պիտի 9փառաւորուիք։

7

Փոխանակ ձեր ամօթին՝ կրկնակի պիտի ուրախանաք, Ու փոխանակ նախատինքի՝ 10ձեր ժառանգութեան մէջ պիտի ցնծաք՝՝. Ուստի 11ձեր երկրին մէջ կրկինին պիտի տիրանաք՝՝, Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի 12ունենաք։

8

Արդարեւ ես՝ Տէրս՝ 13արդարութիւնը կը սիրեմ. Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ. Անոնց գործերը ճշմարտապէս 14պիտի վարձատրեմ՝՝, Եւ իրենց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի կնքեմ։

9

Անոնց զարմը ազգերուն մէջ պիտի ճանչցուի, Ու իրենց շառաւիղները՝ ժողովուրդներուն մէջ. Բոլոր զանոնք տեսնողները պիտի գիտնան Թէ անոնք Տէրոջ օրհնած զարմն են։

10

Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի բերկրիմ, Եւ անձս իմ Աստուծմովս պիտի խայտայ. Արդարեւ ինծի փրկութեան հագուստներ հագցուց, Զիս արդարութեան պարեգօտով ծածկեց, Փեսայի պէս՝ որ փառաւոր խոյրով 15կը պճնուի՝՝, Ու հարսի պէս՝ որ իր 16զարդերով կը զարդարուի։

11

Արդարեւ ինչպէս երկիրը իր 17տունկը կ’աճեցնէ՝՝, Եւ պարտէզը իր մէջ սերմանուածները կը բուսցնէ, Այնպէս Տէրը՝ Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ Արդարութիւն ու գովաբանութիւն պիտի բուսցնէ։



1 Եբր.՝ Հեզերուն
2 Եբր.՝ դարմանելու
3 Եբր.՝ ամայութիւնները
4 Եբր.՝ սերունդներէ
5 Եբր.՝ վերականգնեն
6 Եբր.՝ կայնին
7 Եբր.՝ սպասարկուները
8 Կամ՝ Հեթանոսներուն
9 Եբր.՝ փոխանակուիք
10 Եբր.՝ իրենց բաժինին մէջ պիտի ցնծան
11 Եբր.՝ իրենց երկրին մէջ կրկինին պիտի տիրանան
12 Եբր.՝ ունենան
13 Եբր.՝ իրաւունքը
14 Եբր.՝ վարձքը պիտի տամ
15 Եբր.՝ քահանայի պէս կ’ըլլայ
16 Եբր.՝ իրերով
17 Եբր.՝ բոյսը դուրս կը հանէ