Loading...

Isaiah 62

Song of Solomon  «  Isaiah 61  ‹  Isaiah 62  ›  Isaiah 63  »  Jeremiah


1

Սիոնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ, Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ. Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը 1լոյսի պէս ճառագայթէ՝՝, Եւ անոր փրկութիւնը՝ վառուած ջահի պէս։

2

Ազգերը քու արդարութիւնդ պիտի տեսնեն, Ու բոլոր թագաւորները՝ քու փառքդ։ Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, Որ Տէրոջ բերանը պիտի որոշէ։

3

Տէրոջ ձեռքին մէջ շքեղ պսակ պիտի ըլլաս, Եւ Աստուծոյդ ձեռքին մէջ՝ թագաւորական 2թագ։

4

Դուն անգա՛մ մըն ալ “Լքուած” պիտի 3չանուանուիս, Ու երկիրդ անգա՛մ մըն ալ “Ամայի” պիտի չանուանուի. Հապա դուն “ 4Իմ հաւնածս՝՝” պիտի կոչուիս, Եւ երկիրդ՝ “Ամուսնացեալ”, Քանի Տէրը քեզի պիտի հաճի, Ու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։

5

Արդարեւ ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի մը հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու որդիներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան. Ինչպէս փեսան հարսով կը բերկրի, Այնպէս քու Աստուածդ քեզմով պիտի բերկրի։

6

Քու պարիսպներուդ վրայ, պահապաններ նշանակեցի, ո՛վ Երուսաղէմ. Անոնք ամբողջ օրը եւ ամբողջ գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դո՛ւք՝ որ Տէրը կը յիշատակէք՝ լուռ մի՛ կենաք

7

Եւ անոր 5հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ ինք Երուսաղէմը հաստատէ, Ու զայն երկրի վրայ 6գովելի քաղաքի 7վերածէ։

8

Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ եւ իր զօրաւոր բազուկին վրայ երդում ըրաւ. «Քու ցորենդ անգա՛մ մըն ալ քու թշնամիներուդ իբր ուտելիք պիտի չտամ, Եւ օտարազգիներուն որդիները պիտի չխմեն քու քաղցուդ՝ Որուն համար դուն յոգնեցար.

9

Հապա զայն հնձողնե՛րը պիտի ուտեն զայն Ու Տէրը պիտի գովաբանեն, Եւ զայն ժողվողնե՛րը իմ սրբարանիս գաւիթներուն մէջ պիտի խմեն զայն»։

10

Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն, Ճամբա՛յ պատրաստեցէք ժողովուրդին. Հարթեցէ՛ք, հարթեցէ՛ք պողոտաները, Քարե՛րը հաւաքեցէք անկէ. Դրօշա՛կ բարձրացուցէք ժողովուրդներուն առջեւ։

11

Ահա՛ Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը 8ծանուցանեց. «Սիոնի աղջիկին ըսէ՛ք. “Ահա՛ քու 9Փրկիչդ կու գայ, Ահա՛ անոր 10վարձատրութիւնը իրեն հետ է, Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է”»։

12

Անոնք “Սուրբ ժողովուրդ”, “Տէրոջ փրկածները” պիտի կոչուին. Իսկ դուն “Փնտռուած” ու “Չլքուած քաղաք” պիտի կոչուիս։



1 Եբր.՝ պայծառութեան պէս դուրս ելլէ
2 Եբր.՝ խոյր
3 Եբր.՝ չըսուի
4 Եբր.՝ Էփսիբա, այսինքն՝ իմ հաւանութիւնս անոր մէջ է
5 Եբր.՝ դադար
6 Կամ՝ գովաբանութեան
7 Եբր.՝ ընէ
8 Եբր.՝ լսել տուաւ
9 Եբր.՝ փրկութիւնդ
10 Եբր.՝ վարձքը