Loading...

Isaiah 63

Song of Solomon  «  Isaiah 62  ‹  Isaiah 63  ›  Isaiah 64  »  Jeremiah


ՏԷՐՈՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

1

Ո՞վ է ասիկա՝ որ կու գայ Եդովմէն, Կարմրագոյն հագուստով՝ Բոսրայէն, Ասիկա՝ որ փառաւոր է իր հանդերձներուն մէջ, Եւ իր մեծ ոյժով պանծագին կը քալէ։ «Ե՛ս եմ՝ որ արդարութեամբ կը խօսիմ, Ու փրկելու 1կարողութիւն ունիմ՝՝»։

2

«Ինչո՞ւ քու հանդերձդ կարմիր է, Եւ հագուստներդ հնձանի մէջ կոխողին հագուստին պէս են»։

3

«Հնձանին մէջ միայն ե՛ս կոխեցի, Ժողովուրդներէն ո՛չ մէկը կար ինծի հետ. Իմ բարկութեամբս զանոնք կոխեցի, Ու ցասումովս զանոնք կոխկռտեցի։ Անոնց 2արիւնը իմ հագուստներուս վրայ ցայտեց, Եւ բոլոր հանդերձներս 3ներկեցի։

4

Արդարեւ իմ սիրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը, Ու փրկածներուս տարին հասած էր։

5

Նայեցայ, բայց օգնող չկար. Ապշեցայ որ ո՛չ մէկը նեցուկ կ’ըլլար. Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց Եւ ցասումս ինծի նեցուկ եղաւ։

6

Իմ բարկութեամբս ժողովուրդները կոխկռտեցի, Զանոնք ցասումովս 4գինովցուցի, Եւ անոնց 5արիւնը գետինը թափեցի՝՝»։


ՏԷՐՈՋ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ

7

Տէրոջ կարեկցութիւնները, Տէրոջ 6փառաւոր գործերը՝՝ պիտի յիշատակեմ՝ Տէրոջ բոլոր մեզի 7շնորհածներուն համեմատ, Նաեւ այն շատ բարիքները՝ Իսրայէլի տան հանդէպ, Որ անոր շնորհեց իր ողորմութեան եւ առատ կարեկցութեան համեմատ։

8

Արդարեւ ինք ըսաւ. «Իրապէս անոնք իմ ժողովուրդս են, Որդիներ են՝ որ պիտի 8չստեն», Եւ անոնց Փրկիչը եղաւ։

9

Անոնց բոլոր տագնապներուն ատեն տագնապեցաւ, Ու իր 9ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց. Իր սիրով եւ արգահատանքով զանոնք փրկեց, Զանոնք վերցուց ու 10հին օրերուն մէջ զանոնք կրեց։

10

Բայց անոնք ընդվզեցան եւ իր Սուրբ Հոգին վշտացուցին. Ինք ալ անոնց թշնամի դարձաւ, Ու անոնց դէմ պայքարեցաւ։

11

Այն ատեն 11յիշեցին հին օրերը, Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը, հարցնելով. «Ո՞ւր է ան՝ որ իր հօտին հովիւով զանոնք ծովէն բարձրացուց. Ո՞ւր է ան՝ որ 12անոր մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ։

12

Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսի աջ ձեռքով անոնց քալել տուաւ. Անոնց առջեւէն ջուրերը ճեղքեց՝ Իրեն յաւիտենական անուն 13վաստկելու համար։

13

Անոնց անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ՝ առանց գայթեցնելու, Ինչպէս ձի մը՝ անապատին մէջէն։

14

Տէրոջ Հոգին զանոնք հանգստացուց՝ Հովիտը իջնող անասուններու պէս»։ Դուն ա՛յսպէս առաջնորդեցիր քու ժողովուրդդ, Որպէսզի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս։


ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ

15

Նայէ՛ երկինքէն, Տե՛ս քու սուրբ եւ շքեղ բնակութենէդ։ Ո՞ւր են քու նախանձախնդրութիւնդ ու զօրութիւնդ, Քու ընդերքիդ ալեկոծիլը եւ ողորմութիւններդ. միթէ 14դադրա՞ծ են ինծի հանդէպ։

16

Որովհետեւ դո՛ւն ես մեր Հայրը, Թէպէտ Աբրահամ մեզ չի գիտեր, Եւ Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես, Քու անունդ 15միշտ եղած է. “Մեր Փրկարարը”։

17

Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։ Դարձի՛ր՝ քու ծառաներուդ, Քու ժառանգութեանդ տոհմերուն սիրոյն համար։

18

Սուրբ ժողովուրդդ քիչ ատեն տիրացաւ իր ժառանգութեան. Մեր հակառակորդները քու սրբարանդ կոխկռտեցին։

19

Մենք նմանեցանք անոնց՝ Որոնց վրայ դուն երբեք տիրած չես, Եւ քու անունովդ կոչուած չեն։



1 Եբր.՝ մեծ եմ, կամ՝ առատաձեռն եմ
2 Եբր.՝ զօրութիւնը
3 Եբր.՝ պղծեցի
4 Կամ՝ ջախջախեցի
5 Եբր.՝ զօրութիւնը գետինը իջեցուցի
6 Եբր.՝ գովաբանութիւնը
7 Եբր.՝ վարձատրածներուն
8 Եբր.՝ չկեղծեն
9 Կամ՝ երեսին առջեւ եղող
10 Եբր.՝ հնադարեան
11 Եբր.՝ յիշեց
12 Եբր.՝ Մովսէսի
13 Եբր.՝ ընելու
14 Եբր.՝ զսպուա՞ծ
15 Կամ՝ շատոնց