Loading...

Isaiah 64

Song of Solomon  «  Isaiah 63  ‹  Isaiah 64  ›  Isaiah 65  »  Jeremiah


1

Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով իջնէիր, Որ քու ներկայութենէդ լեռները 1հալէին՝

2

Որպէս թէ խռիւները վառող կրակով, Ջուրերը եռացնող կրակով. Որ քու անունդ հակառակորդներուդ գիտցնէիր, Եւ ազգերը քու ներկայութենէդ սասանէին,

3

Ինչպէս երբ այն ահաւոր բաները ըրիր՝ որոնց չէինք սպասեր, Իջար ու քու ներկայութենէդ լեռները 2հալեցան։

4

Արդարեւ երբե՛ք լսուած չէ, ունկնդրուած չէ, Եւ աչք չէ տեսեր քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը, Որ իրեն յուսացողներուն հետ այսպէս վարուի։

5

Դուն կ’ընդառաջես բերկրանքով արդարութիւն կիրարկողին, Ու քու ճամբաներուդ մէջ քեզ յիշողներուն։ Ահա՛ զայրացար, որովհետեւ մեղանչեցինք. 3Քու ճամբաներուդ՝՝ մէջ է յաւիտենականութիւնը, եւ պիտի փրկուինք։

6

Բայց բոլորս անմաքուր բանի պէս եղանք, Ու մեր ամբողջ արդարութիւնը կեղտոտ հագուստի պէս է։ Բոլորս տերեւի պէս կը թառամինք, Եւ մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ 4կը քշեն կը տանին՝՝։

7

Քու անունդ կանչող չկայ՝ Որ արթննալով քեզի կառչի, Քանի որ քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր, Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ հալեցուցիր։

8

Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես. Մենք կաւ ենք, եւ դուն մեր Բրուտն ես. Բոլորս քու ձեռքիդ գործն ենք։

9

Շատ մի՛ զայրանար, ո՛վ Տէր Ու մեր անօրէնութիւնը յաւերժ մի՛ յիշեր։ Ահա՛ նայէ՛, կ’աղերսե՛նք, բոլորս քու ժողովուրդդ ենք։

10

Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան. Սիոն անապատ եղաւ, Երուսաղէմ՝ ամայութիւն։

11

Մեր սուրբ եւ շքեղ տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կը գովաբանէին, Կրակով այրեցաւ. Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը աւերակ եղան։

12

Ասոնց առջեւ դուն քեզ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր. Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ յոյժ տառապեցնե՞ս։



1 Կամ՝ սարսէին
2 Կամ՝ սարսեցան
3 Եբր.՝ անոնց
4 Եբր.՝ կը տանին