Isaiah 65
Song of Solomon « Isaiah 64 ‹ Isaiah 65 › Isaiah 66 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԱՊՍՏԱՄԲՆԵՐՈՒՆ
1Ինծի խորհուրդ չհարցնողներէն փնտռուեցայ, Զիս չփնտռողներէն գտնուեցայ. Իմ 1անունս չկանչող՝՝ ազգին ըսի. «Ահա՛ հոս եմ, ահա՛ հոս եմ»։
2Ամէն օր իմ ձեռքերս 2երկարեցի ապստամբ ժողովուրդի մը, Անոնց՝ որ կը քալեն այնպիսի ճամբայի մը մէջ՝ որ լաւ չէ, Իրենց մտածումներուն հետեւելով.
3Այնպիսի ժողովուրդի մը՝ որ շարունակ դիմացս զիս կը գրգռէ. Պարտէզներու մէջ կը զոհեն, Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն,
4Գերեզմաններու մէջ կը մնան, 3Քարանձաւներու մէջ կը գիշերեն, Խոզի միս կ’ուտեն, Եւ իրենց ամաններուն մէջ պիղծ բաներու արգանակ կայ։
5Անոնք կ’ըսեն. «Հեռո՛ւն կեցիր, ինծի մի՛ մօտենար, Քանի որ ես քեզմէ սուրբ եմ»։ Ասոնք իմ ռունգերուս մէջ ծուխ են, Ամբողջ օրը վառող կրակ են։
6Ահա՛ իմ առջեւս գրուած է. «Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ. Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ
7Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ, Որոնք լեռներուն վրայ խունկ ծխեցին Ու բլուրներուն վրայ զիս նախատեցին,— կը յայտարարէ Տէրը.— Ուստի անոնց նախկին գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի 4լեցնեմ»։
8Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ինչպէս երբ ողկոյզի մը մէջ քաղցու գտնուի՝ կ’ըսեն. “Զայն մի՛ կտրեր, Քանի որ ատոր մէջ օրհնութիւն կայ”, Ես ալ այնպէս պիտի ընեմ իմ ծառաներուս սիրոյն համար, Որպէսզի բոլորը չկոտորեմ։
9Յակոբէն զարմ պիտի հանեմ, Յուդայէն՝ իմ լեռներուս ժառանգորդ. Իմ ընտրեալներս այդ երկրին պիտի տիրանան, Ու ծառաներս հոն պիտի բնակին։
10Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար՝ Սարոն հօտերու արօտավայր պիտի ըլլայ, Եւ Աքովրի հովիտը՝ արջառներու մակաղատեղ։
11Քանի դուք Տէրը լքեցիք Ու սուրբ լեռս մոռցաք, 5Գադ կուռքին՝՝ սեղան պատրաստեցիք, Եւ 6Մենիի 7թափելիք նուէր՝՝ լեցուցիք,
12Ես ալ ձեզ սուրի պիտի 8մատնեմ, Ու բոլորդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. Որովհետեւ կանչեցի՝ բայց չպատասխանեցիք, Խօսեցայ՝ սակայն մտիկ չըրիք, Հապա իմ 9առջեւս չարիք գործեցիք, Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։
13Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ իմ ծառաներս պիտի ուտեն, Բայց դուք պիտի անօթենաք. Ահա՛ իմ ծառաներս պիտի խմեն, Իսկ դուք պիտի ծարաւնաք. Ահա՛ իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, Սակայն դուք պիտի ամչնաք։
14Ահա՛ իմ ծառաներս սիրտի զուարթութեամբ պիտի օրհներգեն, Բայց դուք սիրտի կոտտանքէ պիտի աղաղակէք, Ու հոգիի բեկանումէ պիտի գոռաք։
15Ձեր անունը 10անէծքի համար պիտի թողուք իմ ընտրեալներուս, որոնք պիտի ըսեն. “Ա՛յդպէս Տէրը՝ Եհովան քեզ թող մեռցնէ”։ Իսկ իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կոչէ,
16Որպէսզի երկրի վրայ օրհնուողը “Ճշմարիտ Աստուծմով” օրհնուի, Ու երկրի վրայ երդում ընողը “Ճշմարիտ Աստուծմով” երդում ընէ. Որովհետեւ նախկին տագնապները պիտի մոռցուին, Անոնք իմ աչքերէս պիտի ծածկուին»։
ՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
17«Արդարեւ ահա՛ ես նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը պիտի ստեղծեմ, Եւ նախկինները պիտի չյիշուին ու 11չմտաբերուին։
18Իսկ դուք իմ ստեղծագործութեամբս Յաւե՛րժ բերկրեցէք եւ խայտացէք. Արդարեւ ահա՛ ես Երուսաղէմը խայտանքի համար պիտի ստեղծեմ, Եւ անոր ժողովուրդը՝ բերկրանքի համար.
19Երուսաղէմով պիտի խայտամ, Ու իմ ժողովուրդովս պիտի բերկրիմ։ Հոն անգա՛մ մըն ալ լացի ձայն պիտի չլսուի, ո՛չ ալ աղաղակի ձայն.
20Հոն անգա՛մ մըն ալ քիչ օր ապրած 12երախայ պիտի չըլլայ, Ո՛չ ալ իր օրերը 13չամբողջացուցած ծեր, Քանի որ երիտասարդը հարիւր տարեկանին պիտի մեռնի, Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը պիտի անիծուի։
21Տուներ պիտի կառուցանեն ու բնակին, Այգիներ պիտի տնկեն եւ անոնց պտուղը ուտեն։
22Անոնք պիտի չկառուցանեն՝ որպէսզի ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն՝ որպէսզի ուրիշները ուտեն. Արդարեւ իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան, Եւ իմ ընտրեալներս իրենց ձեռքերուն գործերը իրե՛նք պիտի մաշեցնեն։
23Անոնք պարապ տեղը պիտի չյոգնին, Ու արհաւիրքի համար զաւակներ պիտի չծնանին, Քանի որ անոնք Տէրոջ օրհնածներուն զարմն են, Իրենց շառաւիղներն ալ իրենց հետ։
24Իրենց գոչելէն առաջ պիտի պատասխանեմ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
25Գայլն ու գառը միասին պիտի արածին, Առիւծը 14արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ, Եւ օձին 15կերը հող պիտի ըլլայ. Անոնք պիտի 16չվնասեն ու չփճացնեն Իմ ամբողջ սուրբ լերանս վրայ», կ’ըսէ Տէրը։