Isaiah 66
Song of Solomon « Isaiah 65 ‹ Isaiah 66 › Jeremiah 1 » Jeremiah
ՏԷՐԸ ԿԸ ԴԱՏԷ ԱԶԳԵՐԸ
1Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Երկինքը իմ գահս է, Ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. Ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը կառուցանէք, Եւ ո՞ւր է իմ հանգստավայրիս տեղը,
2Քանի ի՛մ ձեռքս ասոնք բոլորը շինեց, Ու ասոնք բոլորը գոյացան,— կը պատգամէ Տէրը։— Բայց ես սա՛ մարդոց պիտի նայիմ, Այսինքն՝ դժբախտին, 1ընկճուած հոգի ունեցողին, Եւ իմ խօսքէս 2վախցողին։
3Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Ոչխար զոհողը՝ շունի ծոծրակ կոտրողի պէս, Ընծայ մատուցանողը՝ խոզի արիւն թափողի պէս, Կնդրուկ ծխողը՝ 3կուռք պաշտողի՝՝ պէս։ Քանի անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին, Եւ անոնց անձերը իրենց պղծութիւններէն կ’ախորժին,
4Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ, Անոնց վրայ պիտի բերեմ իրենց երկիւղ տուող բաները. Արդարեւ կանչեցի՝ բայց ո՛չ մէկը պատասխանեց, Խօսեցայ՝ սակայն մտիկ չըրին, Հապա իմ 4առջեւս չարիք գործեցին, Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցին»։
5Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը՝ Ո՛վ անոր խօսքէն վախցողներ. «Ձեր եղբայրները՝ որ ձեզ կ’ատեն, Եւ իմ անունիս համար ձեզ կը վտարեն, ըսին. “Տէրը թող փառաւորուի, 5Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք”. Բայց անոնք՝՝ պիտի ամչնան»։
6Քաղաքէն ժխորի ձայն մը, տաճարէն ձայն մը կու գայ, Տէրոջ ձայնը՝ որ իր թշնամիներուն վարձատրութիւնը կը հատուցանէ։
7Առանց երկնելու՝ ծնաւ, Երկունքի ցաւը չհասած՝ արու զաւակ մը 6աշխարհ բերաւ՝՝։
8Ո՞վ լսեր է նման բան մը, ո՞վ տեսեր է այսպիսի բաներ. Միթէ երկիրը մէկ օրուան մէջ կ’երկնէ՞, Կամ ազգ մը մէկ անգամէն կը ծնի՞. Արդարեւ հազիւ երկունքի ցաւ քաշած՝ Սիոն իր որդիները ծնաւ։
9«Ես՝ որ արգանդը կը 7բանամ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ», կ’ըսէ Տէրը. «Ես՝ որ ծնանիլ կու տամ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ», կ’ըսէ քու Աստուածդ։
10Երուսաղէմի հետ ուրախացէ՛ք եւ անոր հետ խայտացէ՛ք, Դո՛ւք բոլորդ՝ որ զայն կը սիրէք. Մե՛ծապէս բերկրեցէք անոր հետ, Դո՛ւք բոլորդ՝ որ անոր համար կը սգաք.
11Որովհետեւ անոր մխիթարութեան 8ստինքներէն Պիտի ծծէք ու կշտանաք, Որովհետեւ դուք կաթով պիտի սնանիք, Եւ անոր փառքին առատութիւնը պիտի վայելէք։
12Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես անոր վրայ պիտի տարածեմ խաղաղութիւնը՝ գետի պէս, Եւ ազգերուն փառքը՝ յորդահոս 9հեղեղի պէս։ Կաթ պիտի ծծէք, ու 10գիրկի վրայ պիտի կրեն ձեզ. Ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։
13Ինչպէս մայր մը 11իր զաւակը՝՝ կը հանգստացնէ, Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ, Ու Երուսաղէմի մէջ պիտի հանգստանաք։
14Պիտի տեսնէք եւ ձեր սիրտը պիտի բերկրի, Ձեր ոսկորները կանաչ դալարի պէս պիտի ծաղկին։ Տէրոջ ձեռքը իր ծառաներէն պիտի ճանչցուի, Իսկ անոր սրտմտութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի թափուի»։
15Արդարեւ ահա՛ Տէրը կրակով կու գայ. Անոր կառքերը փոթորիկի պէս են, Որպէսզի իր բարկութիւնը ցասումով 12կիրարկէ, Եւ իր սաստը՝ կրակի բոցով։
16Արդարեւ Տէրը կրակով ու իր սուրով պիտի դատէ ամէն մարմին, Եւ բազմաթիւ պիտի ըլլան Տէրոջմէն 13մեռցուածները։
17«Իրենք զիրենք սրբացնողներն ու պարտէզներու մէջ մաքրուողները՝ Հետեւելով մէջտեղը եղող 14մէկին, Խոզի միս, պիղծ բաներ եւ մուկ ուտողները՝ Միասին պիտի բնաջնջուին,— կը պատգամէ Տէրը։—
18Բայց ես անոնց գործերն ու մտածումները գիտեմ. Բոլոր ազգերն ու լեզուները պիտի հաւաքեմ, Անոնք պիտի գան եւ իմ փառքս տեսնեն։
19Անոնց մէջ նշան մը պիտի դնեմ, Եւ անոնցմէ ազատածները ազգերուն պիտի ղրկեմ, Այսինքն դէպի Թարսիս, Փուղ եւ Ղուդ՝ (աղեղնաւորները,) Դէպի Թոբէլ ու Յաւան, Այն հեռաւոր կղզիները՝ որ իմ համբաւս չեն լսեր Ու փառքս չեն տեսեր, Եւ իմ փառքս ազգերուն մէջ պիտի հռչակեն։
20Անոնք ձեր բոլոր եղբայրները՝ ձիերով ու կառքերով, Ծածկուած սայլերով, ջորիներով եւ տաճիկ ուղտերով, Բոլոր ազգերէն իմ սուրբ լեռս՝ Երուսաղէմ պիտի բերեն Իբր Տէրոջ ընծայ,— կ’ըսէ Տէրը,— Ինչպէս Իսրայէլի որդիները Մաքուր ամանով Տէրոջ տունը ընծայ կը բերեն։
21Անոնցմէ ալ պիտի առնեմ՝ Քահանաներ եւ Ղեւտացիներ ընելու համար,— կ’ըսէ Տէրը։—
22Արդարեւ ինչպէս նոր երկինքն ու նոր երկիրը՝ որ պիտի 15ստեղծեմ՝ Իմ առջեւս պիտի գոյատեւեն,— կը պատգամէ Տէրը,— Այնպէս ալ ձեր զարմն ու ձեր անունը պիտի գոյատեւեն։
2316Ամէն ամսագլուխ՝՝ եւ 17ամէն Շաբաթ՝՝ Ամէն մարմին իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գայ,— կը յայտարարէ Տէրը։—
24Անոնք դուրս ելլելով՝ Ինծի դէմ ապստամբող մարդոց դիակները պիտի տեսնեն, Քանի որ անոնց ճճին պիտի չմեռնի, Անոնց կրակը պիտի չմարի, Եւ անոնք ամէն մարմինի պժգալի պիտի ըլլան»։