James 3
Hebrews « James 2 ‹ James 3 › James 4 » 1 Peter
ՍԱՆՁ ԼԵԶՈՒԻՆ
1Եղբայրնե՛րս, ձեր մէջ շատ վարդապետներ թող չըլլան, գիտնալով թէ աւելի 1խստութեամբ պիտի դատուինք՝՝։
2Որովհետեւ բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ. եթէ մէկը չի սայթաքիր խօսքով՝ կատարեալ մարդ է, կարող՝ սանձելու նաեւ ամբողջ մարմինը։
3Ահա՛ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի հնազանդին մեզի, եւ կը կառավարենք անոնց ամբողջ մարմինը։
4Ահա՛ նաւերն ալ, որ ա՛յդչափ մեծ են ու կը քշուին սաստիկ հովերէն, կը կառավարուին ամենափոքր ղեկով մը՝ ի՛նչպէս նաւուղիղը փափաքի։
5Այդպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մըն է, բայց կը պարծենայ մեծ բաներով։ Ահա՛ ո՜րչափ նիւթ կը վառուի քիչ մը կրակով։
6Լեզո՛ւն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան աշխարհ մը։ Լեզուն ա՛յնպէս դրուած է մեր անդամներուն մէջ, որ կ’ապականէ ամբողջ մարմինը ու կը բռնկեցնէ բնութեան շրջանը, իսկ ինք կը բռնկի գեհենէն։
72Գազաններու, թռչուններու, սողուններու եւ ծովային արարածներու ամէն բնութիւն՝ կը նուաճուի ու նուաճուած է մարդկային բնութենէն։
8Բայց ո՛չ մէկը կրնայ նուաճել լեզուն. ան անզուսպ չար է, լի մահաբեր թոյնով։
9Անո՛վ կ’օրհնաբանենք Աստուած ու Հայրը, եւ անո՛վ կ’անիծենք մարդիկ՝ որ ստեղծուած են Աստուծոյ նմանութեամբ։
10Միեւնոյն բերանէն կ’ելլեն օրհնաբանութիւն եւ անէծք։ Եղբայրնե՛րս, պէտք չէ որ այս ա՛յսպէս ըլլայ։
11Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն կը բխեցնէ՞ անոյշ ու դառն ջուր։
12Եղբայրնե՛րս, թզենին կրնա՞յ ձիթապտուղ տալ, կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս՝ ո՛չ մէկ աղբիւր կրնայ տալ թէ՛ աղի, թէ՛ անոյշ ջուր։
ՎԵՐԻՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
13Ո՛վ որ իմաստուն ու խելացի է ձեր մէջ, բարի վարքո՛վ թող ցոյց տայ իր գործերը՝ իմաստութեան հեզութեամբ։
14Բայց եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք ձեր սիրտերուն մէջ, ճշմարտութեան դէմ մի՛ պարծենաք ու մի՛ ստէք։
15Այս իմաստութիւնը չ’իջներ վերէն, հապա՝ երկրային, շնչաւոր եւ դիւական է։
16Որովհետեւ ո՛ւր կայ նախանձ ու հակառակութիւն, հո՛ն կայ խառնակութիւն եւ ամէն տեսակ չար բան։
17Բայց վերէն եղող իմաստութիւնը՝ նախ 3անկեղծ է, յետոյ՝ խաղաղարար, ազնիւ, հլու, լի ողորմութեամբ ու բարի պտուղներով, անկողմնակալ եւ անկեղծ։
18Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց միջոցով՝ որ խաղաղութիւն կ’ընեն։