James 4
Hebrews « James 3 ‹ James 4 › James 5 » 1 Peter
ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
1Ուրկէ՞ կը ծագին պատերազմներն ու կռիւները ձեր մէջ։ Միթէ չե՞ն ծագիր ձեր 1կիրքերէն, որոնք կը մարտնչին ձեր անդամներուն մէջ։
2Կը ցանկաք, բայց չունիք. կը սպաննէք ու կը նախանձիք, սակայն չէք կրնար հասնիլ ձեր ուզածին։ Կը կռուիք եւ կը պատերազմիք, բայց չունիք՝ որովհետեւ չէք խնդրեր։
3Կը խնդրէք՝ սակայն չէք ստանար, որովհետեւ կը խնդրէք չարամտօրէն՝ որպէսզի վատնէք ձեր կիրքերուն համար։
4Շնացողնե՛ր, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհի բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուրեմն ո՛վ որ կը փափաքի բարեկամ ըլլալ աշխարհի, ինքզինք թշնամի կ’ընէ Աստուծոյ։
5Կամ կը կարծէք թէ Գիրքը ընդունա՞յն 2կ’ըսէ. «Նախանձի կը տենչայ մեր մէջ բնակող հոգին»՝՝։
6Սակայն աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ, ուստի կ’ըսէ. «Աստուած կ’ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն»։
7Ուրեմն հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ։ Դիմադրեցէ՛ք Չարախօսին, եւ ան պիտի փախչի ձեզմէ։
8Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ ան պիտի մօտենայ ձեզի։ Մաքրեցէ՛ք ձեր ձեռքերը, մեղաւորնե՛ր, ու 3սրբացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, երկմիտնե՛ր։
9Զգացէ՛ք ձեր թշուառութիւնը, սգացէ՛ք եւ լացէ՛ք. ձեր խնդուքը թող փոխուի սուգի, ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան։
10Խոնարհեցէ՛ք Տէրոջ առջեւ, եւ ան պիտի բարձրացնէ ձեզ։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԵՂԲԱՅՐԸ ԴԱՏԵԼԷ
11Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր։ Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը։ Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր։
12Միայն մէ՛կ Օրէնսդիր (ու Դատաւոր) կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել։ Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշը։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՊԱՐԾԵՆԱԼԷ
13Հիմա գա՛նք ձեզի՝ որ կ’ըսէք. «Այսօր կամ վաղը պիտի երթանք այսինչ քաղաքը, հոն տարի մը պիտի կենանք, առեւտուր պիտի ընենք ու պիտի շահինք»։
14(Դո՛ւք՝ որ չէք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վաղը։
15Քանի որ ի՞նչ է ձեր կեանքը. արդարեւ շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ’երեւնայ, յետոյ կ’աներեւութանայ։) Փոխարէնը ըսելու էիք. «Եթէ Տէրը կամենայ, պիտի ապրինք եւ պիտի ընենք այս կամ այն բանը»։
16Բայց հիմա կը պարծենաք ձեր պոռոտախօսութեամբ. այդպիսի ամէն պարծանք չար է։
17Ուրեմն ո՛վ որ գիտէ բարին ընել՝ բայց չ’ըներ, ատիկա մեղք է իրեն համար։