Jeremiah 1
Isaiah « Isaiah 66 ‹ Jeremiah 1 › Jeremiah 2 » Lamentations
1
1Բենիամինի երկիրը, Անաթովթի մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիայի որդիին՝ Երեմիայի խօսքերը,
2որուն 2Տէրը խօսեցաւ՝՝, Յուդայի թագաւորին՝ Ամոնի որդիին Յովսիայի օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին.
3նաեւ Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Սեդեկիայի տասնմէկերորդ տարուան վախճանը, մինչեւ Երուսաղէմի տարագրութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ.—
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԿՈՉՈՒՄԸ
43Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
5«Քեզ որովայնի մէջ չձեւակերպած՝ քեզ կը ճանչնայի, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած՝ քեզ սրբացուցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ կարգեցի»։
6Այն ատեն ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա՛ ես խօսիլ չեմ գիտեր, Որովհետեւ 4մանուկ եմ»։
7Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Մի՛ ըսեր. “Ես մանուկ եմ”, Որովհետեւ ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս, Եւ ինչ որ քեզի հրամայեմ՝ պիտի խօսիս։
85Անոնցմէ մի՛ վախնար, Քանի որ ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ ազատելու համար», կը պատգամէ Տէրը։
9Յետոյ Տէրը իր ձեռքը երկարեց ու բերանիս դպաւ, Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ահա՛ իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։
10Նայէ՛, ես այսօր քեզ նշանակեցի ազգերուն վրայ Եւ թագաւորութիւններուն վրայ, Որպէսզի խլես ու փլցնես, կործանես եւ քանդես, Նաեւ կառուցանես ու տնկես»։
ԵՐԿՈՒ ՏԵՍԻԼՆԵՐ
116Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Պատասխանեցի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։
12Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Լա՛ւ տեսար. Արդարեւ ես կը հսկեմ իմ խօսքիս վրայ՝ զայն իրագործելու համար»։
13Երկրորդ անգամ ալ 7Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Պատասխանեցի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, Որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։
14Ուստի Տէրը ինծի ըսաւ. «Չարիքը հիւսիսէն պիտի 8տարածուի Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ,
15Քանի որ ահա՛ ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն Բոլոր գերդաստանները պիտի կանչեմ,— կը պատգամէ Տէրը։— Անոնք պիտի գան եւ իւրաքանչիւրը իր գահը պիտի դնէ Երուսաղէմի դռներուն առջեւ, Անոր շրջակայ պարիսպներուն դիմաց, Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն դիմաց։
16Անոնց դէմ պիտի արձակեմ իմ դատավճիռներս՝ Իրենց բոլոր չարութիւններուն համար, Որովհետեւ անոնք զիս լքեցին, Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, Իրենց ձեռքերու գործերուն երկրպագեցին։
17Ուրեմն դուն մէ՛ջքդ կապէ, կանգնէ՛, Եւ ըսէ՛ անոնց ամէն ինչ որ քեզի պիտի հրամայեմ. Անոնցմէ մի՛ զարհուրիր, Որպէսզի ես ալ քեզ անոնց առջեւ չզարհուրեցնեմ։
18Ահա՛ այսօր ես քեզ ամբողջ երկրին դիմաց, Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխանաւորներուն, Քահանաներուն ու երկրին ժողովուրդին դիմաց, Պարսպապատ քաղաքի պէս, երկաթէ սիւնի պէս Եւ պղինձէ պարիսպներու պէս 9հաստատեցի։
19Անոնք պիտի պայքարին քեզի դէմ, Բայց պիտի չյաղթեն քեզի. Արդարեւ ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ ազատելու համար», կը պատգամէ Տէրը։