Jeremiah 2
Isaiah « Jeremiah 1 ‹ Jeremiah 2 › Jeremiah 3 » Lamentations
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ
1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Գնա՛, գոչէ՛ Երուսաղէմի ականջներուն եւ ըսէ՛. Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քեզի կը յիշեցնեմ երիտասարդութեանդ 1քաղցրութիւնը Հարսնութեանդ սէրը, Երբ իմ ետեւէս կը քալէիր անապատին մէջ, Չսերմանուած երկրի մը մէջ։
3Իսրայէլ Տէրոջ 2ընծայուած էր, Անոր բերքերուն 3երախայրիքն էր. Բոլոր անոնք՝ որ զայն կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային. Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր”, կը պատգամէ Տէրը։
4Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տունը, Եւ Իսրայէլի տան բոլոր գերդաստանները».
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԵՂՔԸ
5«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս՝ Որ ինձմէ հեռացան, Եւ ունայնութեան հետեւելով ունայն եղան։
6Անոնք չըսին. "Ո՞ւր է Տէրը՝ Որ մեզ բարձրացուց Եգիպտոսի երկրէն, Որ մեզի քալել տուաւ անապատին մէջէն, Անբնակ ու փոսերու երկրէն, Չորութեան եւ մահուան շուքի երկրէն, Այնպիսի երկրէ մը՝ ուրկէ ո՛չ մէկը կ’անցնէր, Ու հոն ո՛չ մէկ մարդ կը բնակէր"։
7Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի, Որպէսզի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք. Բայց դուք մտաք եւ իմ երկիրս 4ապականեցիք, Իմ ժառանգութիւնս գարշելի ըրիք։
8Քահանաները չըսին. "Տէրը ո՞ւր է". Օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան, Հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան. Մարգարէները Բահաղով մարգարէացան, Եւ անօգուտ բաներու հետեւեցան”»։
ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ
9«Հետեւաբար ձեզի հետ տակաւին պիտի 5վիճիմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։
10Արդարեւ անցէ՛ք Կիտացիներուն կղզիները եւ նայեցէ՛ք, Մա՛րդ ղրկեցէք Կեդար ու լա՛ւ հասկցէք, Եւ տեսէք թէ այսպիսի բան մը եղե՞ր է.
11Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ր է, Թէպէտ անոնք Աստուած չէին. Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը Անօգուտ բանի հետ փոխանակեց»։
12«Ո՛վ երկինք, ապշէ՛ ասոր վրայ, Սահմռկէ՛ ու չափազա՛նց 6սոսկա,— կը պատգամէ Տէրը,—
13Որովհետեւ իմ ժողովուրդս երկու չարիք գործեց. Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ լքեցին, Եւ իրենց հորեր փորեցին, 7Ճեղքուած հորեր, որ չեն կրնար ջուր պահել։
14Միթէ Իսրայէլ ստրո՞ւկ է, 8ընդոծի՞ն է. Ինչո՞ւ կողոպտուեցաւ։
15Անոր դէմ առիւծի կորիւնները մռնչեցին Եւ իրենց ձայնը լսել տուին, Անոր երկիրը ամայութեան 9վերածեցին. Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
16«Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն որդիներն անգամ Գլուխիդ գագաթը կոտրեցին։
17Դուն քեզ ասոր արժանի չըրի՞ր՝ Քու Տէր Աստուածդ լքելով, Երբ ան ճամբային մէջ քեզի քալել կու տար։
18Հիմա դուն ի՞նչ գործ ունիս Եգիպտացիներուն ճամբան՝ Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս. Կամ ի՞նչ գործ ունիս Ասորեստանի ճամբան՝ Որ Եփրատ գետին ջուրը խմելու կ’երթաս։
19Քու չարութիւնդ քեզ պիտի պատժէ, Եւ ուխտադրժութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։ Պիտի գիտնաս ու տեսնես թէ գէշ եւ դառն բան է՝ Որ քու Տէր Աստուածդ լքած ես, Ու մէջդ իմ երկիւղս չկայ», Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ ՊԱՇՏԵԼ
20«Արդարեւ քու լուծդ շատոնց 10կոտրեցիր, Կապանքներդ փրցուցիր, Եւ ըսիր. “Ստրուկ պիտի չըլլամ”՝՝։ Ամէն բարձր բլուրի վրայ, Ամէն կանաչազարդ ծառի տակ Ծռեցար՝ պոռնկեցար։
21Ես քեզ տնկեր էի իբր ընտիր որթատունկ, Ամբողջովին հարազատ սերմ. Ի՞նչպէս 11վայրի որթատունկի այլասերած ճիւղերու վերածուեցար ինծի համար։
22Թէեւ բորակով լուացուիս Ու շատ օճառ գործածես, Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
23Ի՞նչպէս կրնաս ըսել. “Ես 12չապականեցայ, Բահաղներու չհետեւեցայ”։ Նայէ՛ քու ճամբայիդ՝ ձորին մէջ, Եւ ճանչցի՛ր ինչ որ ըրիր, Ո՛վ իր ճամբաները խաչաձեւող արագընթաց տաճիկ ուղտ։
24Անապատի վարժուած վայրենի մատակ էշը, Որ իր ցանկութեամբ 13օդը կը ներծծէ, Ո՞վ կրնայ 14արգիլել իր կտղուցքէն։ Բոլոր զայն փնտռողները չեն պարտասիր. Զայն կը գտնեն իր ամսուան մէջ։
2515Զգուշացի՛ր որ ոտքդ չմերկանայ ու կոկորդդ չծարաւնայ. Բայց դուն կ’ըսես. “ 16Անօգուտ է՝՝, ո՛չ. Քանի օտար աստուածները կը սիրեմ, Եւ անոնց պիտի հետեւիմ”»։
ԻՍՐԱՅԷԼ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՊԱՏԻԺԻ
26«Ինչպէս գողը կ’ամչնայ՝ երբ 17բռնուի, Այդպէս պիտի ամչնայ Իսրայէլի տունը. Իրենք, իրենց թագաւորները, իշխանաւորները, Քահանաներն ու մարգարէները,
27Որոնք փայտին կ’ըսեն. “Դուն իմ հայրս ես”, Ու քարին. “Դո՛ւն զիս ծնար”։ Արդարեւ ինծի 18կռնակ դարձուցին, եւ ո՛չ թէ երես. Սակայն իրենց ձախորդութեան ատեն կ’ըսեն. “Կանգնէ՛ ու մե՛զ ազատէ”։
28Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ՝ որ քեզի շինեցիր. Եթէ ձախորդութեանդ ատեն քեզ կրնան ազատել, թող կանգնին. Արդարեւ քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։
29«Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. Դուք բոլորդ ինծի դէմ ապստամբեցաք,— կը պատգամէ Տէրը։—
30Ընդունա՛յն ձեր որդիները ծեծեցի. Անոնք պատիժը չընդունեցին. Ձեր սուրը բնաջնջող առիւծի պէս Ձեր մարգարէները սպառեց։
31Ո՛վ սերունդ, 19ուշադրութի՛ւն դարձուցէք՝՝ Տէրոջ խօսքին. Միթէ ես Իսրայէլի համար անապա՞տ եղայ, Կամ մթութեան երկի՞ր մը։ Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կ’ըսէ. “Մենք կը տիրապետենք. Անգա՛մ մըն ալ քեզի պիտի չգանք”»։
32Միթէ կոյսը իր զարդերը կը մոռնա՞յ, Կամ հարսը՝ իր կամարը. Բայց իմ ժողովուրդս անթիւ օրեր զիս մոռցաւ։
33Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ 20ճամբադ շիտակ կը ցուցնես, Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։
34Նաեւ քղանցքիդ վրայ Անմեղ աղքատներու անձերուն արիւնները գտնուեցան. Զանոնք 21գաղտնի տեղեր՝՝ չգտայ, Հապա այս բոլորին վրայ։
35Բայց դուն կ’ըսես. “Քանի անմեղ եմ՝ Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինձմէ պիտի կասի”։ Ահա՛ ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ, քանի կ’ըսես. “Ես չմեղանչեցի”։
36Ինչո՞ւ այսչափ կը թափառիս՝ ճամբադ փոխելով. Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս, Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։
37Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես՝ Ձեռքերդ գլուխիդ վրայ դրած, Քանի որ Տէրը քու վստահութիւններդ մերժեց, Եւ անոնցմով պիտի չյաջողիս»։