Jeremiah 16
Isaiah « Jeremiah 15 ‹ Jeremiah 16 › Jeremiah 17 » Lamentations
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Քեզի կին մի՛ առներ, Ու որդիներ եւ աղջիկներ մի՛ ունենար այս տեղը.
3Արդարեւ այս տեղը ծնած որդիներուն եւ աղջիկներուն համար, Զանոնք ծննդաբերող մայրերուն համար, Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող հայրերուն համար՝ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.
4“Անոնք 1մահառիթ հիւանդութիւններով՝՝ պիտի մեռնին. Անոնց վրայ պիտի չհեծեծեն եւ անոնք պիտի չթաղուին. Աղբի պէս պիտի ըլլան գետինի մակերեսին վրայ։ Սուրով ու սովով պիտի 2բնաջնջուին. Անոնց դիակները երկինքի թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն ուտելիք պիտի ըլլան”»։
5Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Սուգի տուն մի՛ մտներ, հեծեծելու մի՛ երթար, Անոնց համար մի՛ ողբար. Քանի այս ժողովուրդէն 3վերցուցի իմ խաղաղութիւնս,— կը պատգամէ Տէրը,— Կարեկցութիւնս եւ գթութիւնս։
6Այս երկրին մէջ մեծերն ու պզտիկները Պիտի մեռնին, բայց պիտի չթաղուին. Անոնց համար մարդիկ պիտի չհեծեծեն, Իրենք զիրենք պիտի չկտրատեն, Անոնց համար կնտակ պիտի չըլլան.
7Սգաւորներուն հետ հաց պիտի 4չկիսեն՝ Որպէսզի զանոնք մխիթարեն մեռելի մը համար, Ո՛չ ալ անոնց մխիթարութեան բաժակը պիտի խմցնեն՝ Իրենց հօր կամ մօր համար։
8Խնճոյքի տուն ալ մի՛ մտներ, Որ անոնց հետ նստիս՝ ուտելու եւ խմելու համար»։
9Արդարեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես այս տեղէն՝ ձեր աչքերուն առջեւ ու ձեր օրերուն մէջ՝ Պիտի դադրեցնեմ բերկրանքի ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը։
10Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին յայտարարես, եւ անոնք քեզի հարցնեն. “Ինչո՞ւ Տէրը այս ամբողջ մեծ չարիքը մեզի դէմ 5վճռեց, Եւ ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը՝ Որ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք”,
11Դուն անոնց պատասխանէ՛. “Որովհետեւ ձեր հայրերը զիս լքեցին,— կը պատգամէ Տէրը,— Եւ ուրիշ աստուածներու հետեւեցան, Զանոնք պաշտեցին ու անոնց երկրպագեցին. Զիս լքեցին եւ իմ օրէնքս չպահեցին։
12Իսկ դուք ձեր հայրերէն աւելի 6չար եղաք՝՝. Ահա՛ ինծի մտիկ չընելով՝ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար սիրտին կամակորութեան հետեւեցաւ։
13Ուստի ես այս երկրէն ձեզ պիտի նետեմ Այնպիսի երկիր մը՝ որ չէք ճանչնար, Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը. Հոն ցերեկ ու գիշեր ուրիշ աստուածներ պիտի պաշտէք, Որովհետեւ ձեզի ողորմութիւն 7ցոյց պիտի չտամ”»։
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՔՍՈՐԷՆ
14«Հետեւաբար ահա՛ պիտի գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ ա՛լ պիտի չըսուի. “Կ’ապրի՛ Տէրը՝ Որ Իսրայէլի որդիները բարձրացուց Եգիպտոսի երկրէն”,
15Հապա. “Կ’ապրի՛ Տէրը՝ Որ Իսրայէլի որդիները բարձրացուց հիւսիսի երկրէն, Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք աքսորեր էր”. Արդարեւ զանոնք պիտի վերադարձնեմ իրենց 8երկիրը՝ Որ իրենց հայրերուն տուեր եմ»։
ԳԱԼԻՔ ՊԱՏՈՒՀԱՍԸ
16«Ահա՛ ես շատ ձկնորսներ պիտի ղրկեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որ զանոնք որսան. Յետոյ շատ որսորդներ պիտի ղրկեմ, Որ զանոնք որսան ամէն լերան վրայէն, Ամէն բլուրի վրայէն, Ու ժայռերու ծակերէն։
17Արդարեւ իմ աչքերս անոնց բոլոր 9ճամբաներուն վրայ են. Իմ երեսէս ծածկուած չեն, Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։
18Սակայն նախ անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը Կրկնապատիկ պիտի հատուցանեմ, Քանի իմ երկիրս պղծեցին, Եւ իմ ժառանգութիւնս լեցուցին Իրենց պղծութիւններուն ու գարշութիւններուն դիակներով»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
19Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ ամրոցս, Եւ ապաստանարանս՝ տագնապի օրը, Երկրի ծայրերէն 10հեթանոսները քեզի պիտի գան Ու պիտի ըսեն. «Ի՛րապէս մեր հայրերը ստութիւն, Ունայնութիւն եւ անօգուտ բաներ ժառանգեր են»։
20Միթէ մարդը կրնա՞յ իրեն աստուածներ կերտել, Որոնք աստուածներ չեն։
21«Հետեւաբար ահա՛ այս անգամ ես անոնց պիտի 11ցուցնեմ, Իմ ձեռքս ու զօրութիւնս անոնց պիտի ցուցնեմ, Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։