Jeremiah 19
Isaiah « Jeremiah 18 ‹ Jeremiah 19 › Jeremiah 20 » Lamentations
ԿՈՏՐԱԾ ԿՈՒԺԸ
1Տէրը սա՛ 1ըսաւ. «Գնա՛, բրուտի ձեռքով շինուած 2խեցիէ կո՛ւժ մը գնէ, եւ ա՛ռ քեզի հետ ժողովուրդէն քանի մը երէցներ ու քահանաներէն քանի մը երէցներ։
23Գնա՛ 4Խեցիներու դրան մուտքը եղող Ենովմի որդիին ձորը, եւ հոն 5արտասանէ՛ այն խօսքերը՝ որ քեզի պիտի հաղորդեմ»։
3Ըսէ՛. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը։ Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես այս տեղին վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի բերեմ, որ զայն լսողին ականջները պիտի հնչեն։
4Արդարեւ անոնք զիս լքեցին, այս տեղը ինձմէ օտարացուցին, ու հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու՝ որ ո՛չ իրենք կը ճանչնային, ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները, եւ այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին.
5Նաեւ Բահաղի բարձր տեղեր կառուցանեցին, որպէսզի իրենց որդիները կրակով այրեն իբր Բահաղի ողջակէզ, ինչ որ ես չհրամայեցի, ո՛չ ալ այդ մասին խօսեցայ կամ 6մտածեցի։
6Ուստի ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— երբ անգամ մըն ալ այս տեղը Տոփէթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա՝ Ջարդի ձոր։
7Այս տեղը Յուդայի եւ Երուսաղէմի ծրագիրը պիտի 7ոչնչացնեմ. զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով պիտի 8զարնեմ, իրենց կեանքը փնտռողներուն ձեռքով։ Անոնց դիակները երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ իբր ուտելիք։
8Այս քաղաքը ամայի եւ սուլոցի առարկայ պիտի 9դարձնեմ։ Ո՛վ որ անոր քովէն անցնի՝ անոր բոլոր պատուհասներուն պատճառով պիտի ապշի ու սուլէ։
9Իրենց որդիներուն միսը եւ իրենց աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց. իրարու միս պիտի ուտեն պաշարումի ու տուայտանքի ընթացքին՝ որուն մէջ անոնց թշնամիները եւ անոնց կեանքը փնտռողները զիրենք պիտի ձգեն”»։
10«Յետոյ այդ կուժը կոտրէ՛ քեզի հետ գացող մարդոց աչքերուն առջեւ,
11եւ անոնց ըսէ՛. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրեմ, ինչպէս մէկը բրուտի անօթը կը կոտրէ, որ ա՛լ 10չնորոգուի. զանոնք Տոփէթի մէջ պիտի թաղեն՝ 11մինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ՝՝"”»։
12«Ա՛յսպէս պիտի ընեմ այս տեղին եւ անոր բնակիչներուն,— կը պատգամէ Տէրը.— այս քաղաքը Տոփէթի պիտի 12վերածեմ։
13Երուսաղէմի տուներն ու Յուդայի թագաւորներուն տուները Տոփէթի տեղին պէս անմաքուր պիտի ըլլան՝ 13այն բոլոր տուներուն պատճառով՝՝, որոնց տանիքներուն վրայ երկինքի ամբողջ զօրքին խունկ ծխեցին եւ ուրիշ աստուածներու թափելիք նուէրներ 14ընծայեցին»։
14Երեմիա Տոփէթէն եկաւ, ուր Տէրը զինք ղրկեր էր մարգարէանալու համար, Տէրոջ տան գաւիթը կայնեցաւ եւ ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ.
15«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր 15գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ ամբողջ չարիքը՝ որ 16վճռեցի անոր դէմ. որովհետեւ իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէսզի իմ խօսքերս մտիկ չընեն”»։