Jeremiah 22
Isaiah « Jeremiah 21 ‹ Jeremiah 22 › Jeremiah 23 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ
1Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Յուդայի թագաւորին տո՛ւնը իջիր, Ու հոն սա՛ խօսքը ըսէ.
2“Ո՛վ Դաւիթի գահին վրայ բազմող Յուդայի թագաւոր, Մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը, Թէ՛ դուն, թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ, Որ այս դռներէն կը մտնէք։
3Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Իրաւո՛ւնք եւ արդարութի՛ւն կիրարկեցէք. Ազատեցէ՛ք յափշտակութեան ենթարկուողը հարստահարիչին ձեռքէն. Գաղթականը, որբը եւ այրին Մի՛ կեղեքէք, բռնութիւն մի՛ բանեցնէք, Եւ այս տեղը անմեղ արիւն մի՛ թափէք։
4Արդարեւ եթէ ի՛րապէս այս խօսքը գործադրէք, Դաւիթի գահին վրայ բազմող թագաւորները՝ Կառքերու եւ ձիերու վրայ հեծած՝ Այս տան դռներէն պիտի մտնեն, 1Իրե՛նք, եւ իրենց ծառաներն ու ժողովուրդը։
5Բայց եթէ այս խօսքերը մտիկ չընէք, 2Իմ անձիս վրայ՝՝ երդում կ’ընեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Թէ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ"”»։
6Որովհետեւ Յուդայի թագաւորին տան մասին՝ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Դուն ինծի Գաղաադի պէս Ու Լիբանանի գագաթին պէս ես, Սակայն անշուշտ քեզ անապատի Եւ անբնակ քաղաքներու պիտի 3վերածեմ,
7Ու քեզի դէմ բնաջնջողներ պիտի 4պատրաստեմ. Իւրաքանչիւրը իր զէնքով պիտի գայ, Եւ քու ընտիր մայրիներդ պիտի կտրեն Ու կրակը ձգեն»։
8Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին Եւ իրարու ըսեն. “Ինչո՞ւ Տէրը այս մեծ քաղաքին հետ այսպէս վարուեցաւ”։
9Ու պիտի պատասխանեն. “Որովհետեւ Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն ուխտը լքեցին, Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագեցին ու զանոնք պաշտեցին”։
10Մեռնողին համար մի՛ լաք, Անոր համար մի՛ ողբաք. Հապա գացողի՛ն համար դառնապէս լացէք, Որովհետեւ ա՛լ պիտի չվերադառնայ Եւ իր 5ծննդավայրը պիտի չտեսնէ»։
11Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Սեղղումի մասին, Որ իր հօր՝ Յովսիայի տեղ թագաւորեց Ու այս տեղէն դուրս ելաւ. «Ան ա՛լ հոս պիտի չվերադառնայ,
12Հապա իր տարագրուած տեղը պիտի մեռնի. Ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ»։
13«Վա՜յ անոր՝ որ իր տունը անարդարութեամբ կը կառուցանէ, Եւ իր վերնատունները՝ անիրաւութեամբ. Որ իր ընկերը առանց վճարումի կ’աշխատցնէ, Ու անոր 6գործը չի վարձատրեր՝՝.
14Որ կ’ըսէ. “Ինծի ընդարձակ տուն Ու հանգստաւէտ վերնատուններ կառուցանեմ”, Եւ իրեն պատուհաններ կը բանայ, Զայն մայրիի փայտով կը պատէ Ու 7նօթով կը ներկէ։
15Արդեօք պիտի թագաւորե՞ս Մայրիի փայտերու 8զարդարանքովդ։ Միթէ քու հայրդ, որ կերաւ ու խմեց, Իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկեց, Բարօրութիւն չունեցա՞ւ։
16Դժբախտին եւ աղքատին դատը պաշտպանեց, Ուստի անոր բարիք եղաւ։ Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞,— կը պատգամէ Տէրը։—
17Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ Միայն ագահութեանդ ուղղուած են, Որպէսզի անմեղ արիւն թափես, Եւ հարստահարութիւն ու վայրագութիւն բանեցնես»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՈՎԱԿԻՄԻ ՄԱՍԻՆ
18Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի մասին. «Անոր վրայ պիտի չհեծեծեն՝ ըսելով. “Վա՜յ, եղբայրս”, կամ. “Վա՜յ քոյրս”. Անոր վրայ պիտի չհեծեծեն՝ ըսելով. “Վա՜յ, իմ տէ՛րս”, կամ. “Վա՜յ անոր պատիւին”։
19Ան իշու թաղումով պիտի թաղուի. Պիտի քաշկռտուի, Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս նետուի»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
20«Լիբանա՛ն բարձրացիր եւ աղաղակէ՛. Ձայնդ լսե՛լ տուր Բասանի մէջ, Եւ աղաղակէ՛ Աբիրամէ. Որովհետեւ քու բոլոր հոմանիներդ ջախջախուեցան։
21Երբ դուն անդորրութեան մէջ էիր՝ քեզի խօսեցայ, Բայց դուն ըսիր. “Մտիկ չեմ ըներ”։ Քու երիտասարդութենէդ ի վեր ա՛յս է 9ընթացքդ, Որ իմ խօսքս մտիկ չընես։
22Քու բոլոր հովիւներդ հովին ճարակ պիտի ըլլան, Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։ Անշուշտ այն ատեն պիտի ամչնաս եւ խայտառակուիս Ամբողջ չարութեանդ համար։
23Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակող Ու մայրիներու մէջ բոյն ունեցող, Ո՜րչափ ողորմելի պիտի ըլլաս՝ երբ վրադ երկունքի ցաւեր հասնին, Ծննդաբերող կնոջ երկունքի ցաւին պէս»։
ՅԵՔՈՆԻԱՅԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
24«Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը,— Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի՝ Յեքոնիա. Թէեւ իմ աջ ձեռքիս մէջ կնիք ըլլաս, Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։
25Քեզ պիտի մատնեմ կեանքդ փնտռողներուն ձեռքը, Այն մարդոց ձեռքը՝ 10որոնցմէ դուն կը վախնաս.— Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը, Ու Քաղդէացիներուն ձեռքը։
26Քեզ ու մայրդ՝ որ քեզ ծնաւ, Օտար երկիր պիտի նետեմ՝ Ուր ծնած չէք, Եւ հոն պիտի մեռնիք.
27Պիտի չվերադառնան այն երկիրը՝ Ուր վերադառնալ 11կը տենչան՝՝»։
28Միթէ այս մարդը՝ Յեքոնիա արհամարհուած ու կոտրտած սափո՞ր մըն է, Կամ թէ այնպիսի անօ՞թ մը՝ որմէ ո՛չ մէկը կ’ախորժի։ Ինչո՞ւ ինք եւ իր զարմը վտարուեցան, Ու նետուեցան երկիր մը՝ որ չէին ճանչնար։
29Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր, Մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը։
30Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իբր անզաւա՛կ արձանագրեցէք այս մարդը, 12Մարդ մը՝ որ իր օրերուն մէջ պիտի չյաջողի. Արդարեւ անոր զարմէն ո՛չ մէկը պիտի յաջողի Դաւիթի գահին վրայ բազմիլ, Ու երբեք Յուդայի վրայ տիրել»։