Jeremiah 35
Isaiah « Jeremiah 34 ‹ Jeremiah 35 › Jeremiah 36 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՌԵՔԱԲԵԱՆՆԵՐԸ
1Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի օրերը, Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.
2«Գնա՛ Ռեքաբեաններուն տունը, խօսէ՛ անոնց հետ, տա՛ր զանոնք Տէրոջ տունը՝ սենեակներէն մէկուն մէջ, եւ գինի՛ խմցուր անոնց»։
3Ես ալ առի Քաբասինիայի որդիին՝ Երեմիայի որդին՝ Յեզոնիան, անոր եղբայրներն ու բոլոր որդիները, եւ Ռեքաբեաններուն ամբողջ տունը,
4ու զանոնք Տէրոջ տունը տարի — Աստուծոյ մարդուն՝ Յեգդողիայի որդիին Անանի որդիներուն սենեակը —, որ Սեղղումի որդիին՝ Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխանաւորներուն սենեակին քով էր։
5Ռեքաբեաններու տան որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն սկահակներ ու բաժակներ դրի, եւ անոնց ըսի. «Գինի՛ խմեցէք»։
6Անոնք պատասխանեցին. «Գինի չենք խմեր. քանի որ մեր հայրը, Ռեքաբի որդին՝ Յովնադաբ, մեզի հրամայեց. “Դուք ու ձեր որդիները երբե՛ք գինի մի՛ խմէք.
7տուն մի՛ կառուցանէք, սերմ մի՛ ցանէք, այգի մի՛ տնկէք եւ մի՛ ունենաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններո՛ւ մէջ բնակեցէք, որպէսզի ձեր պանդխտացած 2երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք”։
8Ուստի մեր հօր՝ Ռեքաբի որդիին Յովնադաբի խօսքը մտիկ ըրինք՝ ամբողջ մեզի պատուիրածին համաձայն. մեր բոլոր օրերուն մէջ՝ մենք, մեր կիները, մեր որդիներն ու աղջիկները գինի չենք խմեր,
9մեր բնակութեան համար տուներ չենք կառուցաներ, այգի, արտ եւ ցանք չենք ունենար.
10հապա վրաններու մէջ կը բնակինք, ու հնազանդելով՝ մեր հօր Յովնադաբի ամբողջ մեզի հրամայածը կը գործադրենք։
11Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկրին դէմ բարձրացաւ, ըսինք. “Եկէ՛ք Երուսաղէմ երթանք, Քաղդէացիներու զօրագունդին եւ 3Ասորիներու զօրագունդին 4առջեւէն”. այսպէս՝ Երուսաղէմ կը բնակինք»։
12Այն ատեն 5Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.
13«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Գնա՛ եւ ըսէ՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն. "Իմ խօսքերս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր,— կը պատգամէ Տէրը։—
14Ռեքաբի որդիին՝ Յովնադաբի խօսքերը — որ իր որդիներուն հրամայեր էր գինի չխմել — 6գործադրուեցան, որովհետեւ իրենց հօր հրամանին հնազանդելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր. իսկ ես ձեզի խօսեցայ — կանուխ ելլելով խօսեցայ —, սակայն ինծի մտիկ չըրիք։
15Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի — կանուխ ելլելով ղրկեցի — եւ ըսի. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն թող դարձի գայ. բարեփոխեցէ՛ք ձեր արարքները, ուրիշ աստուածներու մի՛ հետեւիք եւ զանոնք մի՛ պաշտէք, որպէսզի բնակիք այն 7երկրին մէջ՝՝ որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի». բայց ձեր ականջը չդարձուցիք եւ ինծի մտիկ չըրիք։
16Ի՛րապէս Ռեքաբի որդիին՝ Յովնադաբի որդիները իրենց հօր պատուիրած հրամանը 8գործադրեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ"”։
17Հետեւաբար Տէրը — զօրքերու Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը — սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն ամբողջ չարիքը՝ որ անոնց դէմ 9վճռեր էի. որովհետեւ անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին. զանոնք կանչեցի, բայց չպատասխանեցին”»։
18Երեմիա Ռեքաբեաններու տան ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի ձեր հօր՝ Յովնադաբի պատուէրին հնազանդեցաք, անոր բոլոր հրամանները պահեցիք, եւ ամէն ինչ որ ձեզի պատուիրեց՝ գործադրեցիք,
19զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Ռեքաբեան Յովնադաբէն իմ առջեւս կայնող մարդ 10ընդմիշտ պիտի չպակսի"”»։