Loading...

Jeremiah 37

Isaiah  «  Jeremiah 36  ‹  Jeremiah 37  ›  Jeremiah 38  »  Lamentations


ՍԵԴԵԿԻԱՅԻ ԽՆԴՐԱՆՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻ

1

Յովսիայի որդին՝ Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմի որդիին՝ Յեքոնիայի տեղ թագաւորեց. Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զինք Յուդայի վրայ թագաւոր նշանակեց։

2

Բայց ո՛չ ինք, ո՛չ իր ծառաները, ո՛չ ալ երկրին ժողովուրդը մտիկ ըրին Տէրոջ ըսած խօսքերը՝ Երեմիա մարգարէին 1միջոցով։

3

Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիայի որդին՝ Յուքաղը եւ Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Կ’աղերսե՛մ, մեզի համար աղօթէ՛ մեր Տէր Աստուծոյն»։

4

Այդ ատեն Երեմիա ժողովուրդին մէջ կը մտնէր ու կ’ելլէր. զինք տակաւին բանտը դրած չէին։

5

Փարաւոնի զօրագունդը Եգիպտոսէն ելեր էր. երբ Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները 2այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն 3հեռացան։

6

Այն ատեն 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիա մարգարէին՝ ըսելով. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.

7

“Ինծի խորհուրդ հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին սա՛ ըսէք. "Ահա՛ ձեզի օգնութեան համար դուրս ելլող Փարաւոնի զօրագունդը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի վերադառնայ։

8

Քաղդէացիներն ալ պիտի վերադառնան եւ այս քաղաքին դէմ պիտի պատերազմին. զայն պիտի գրաւեն ու կրակով այրեն"”։

9

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Մի՛ հրապուրէք ձեր անձերը՝ ըսելով. "Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան", որովհետեւ պիտի չերթան։

10

Արդարեւ թէեւ ձեզի դէմ պատերազմող Քաղդէացիներուն ամբողջ զօրագունդը զարնէք եւ անոնցմէ միայն քանի մը խոցուած մարդիկ մնան, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր վրանին մէջ պիտի կանգնի, եւ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն”»։


ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻ

11

Երբ Քաղդէացիներուն զօրագունդը Փարաւոնի զօրագունդին պատճառով Երուսաղէմէն հեռացաւ,

12

Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ որ Բենիամինի երկիրը երթայ՝ անկէ իր բաժինը առնելու ժողովուրդին մէջ։

13

Երբ ան Բենիամինի դուռն էր, հոն 5ոստիկանապետ մը կար, Անանիայի որդիին՝ Սեղեմիայի որդին, Յերիա անունով։ Ան Երեմիա մարգարէն բռնեց եւ ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն 6կողմը կ’անցնիս՝՝»։

14

Երեմիա պատասխանեց. “ 7Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր”. բայց ան իրեն մտիկ չըրաւ։ Յերիա Երեմիան ձերբակալեց ու զինք տարաւ իշխանաւորներուն։

15

Իշխանաւորները Երեմիայի զայրացան, զինք ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տան մէջ. արդարեւ այդ տունը բանտ ըրեր էին։

16

Երբ Երեմիա բանտը եւ խուցերը մտաւ, 8ու երկար ժամանակ հոն մնաց,

17

Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց եւ զայն բերել տուաւ։ Թագաւորը զայն ծածկաբար հարցուփորձեց իր տան մէջ, եւ ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէն խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա պատասխանեց. «Կայ»։ Նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնուիս»։

18

Յետոյ Երեմիա Սեդեկիա թագաւորին ըսաւ. «Քեզի, կամ ծառաներուդ, կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչպէս մեղանչեցի, որ զիս բանտը դրիք։

19

Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի կը մարգարէանային՝ ըսելով. “Բաբելոնի թագաւորը ձեզի դէմ եւ այս երկրին դէմ պիտի չգայ”։

20

Հիմա կ’աղերսե՛մ, ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, մտի՛կ ըրէ. թող աղաչանքս 9քեզմէ ընդունուի՝՝, ու զիս մի՛ վերադարձներ Յովնաթան դպիրին տունը, որ հոն չմեռնիմ»։

21

Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց որ Երեմիան բանտին բակը տեղաւորուի, եւ ամէն օր հացագործներուն փողոցէն հացի նկանակ մը տրուի անոր, մինչեւ որ քաղաքին ամբողջ հացը հատաւ։ Այսպէս՝ Երեմիա բանտին բակին մէջ մնաց։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ անոնց
3 Եբր.՝ պաշարումը հանեցին
4 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
5 Եբր.՝ վերատեսչութեան տէր
6 Եբր.՝ կ’իյնաս
7 Կամ՝ Կեղծիք
8 Եբր.՝ ու Երեմիա
9 Եբր.՝ քու առջեւդ իյնայ