Jeremiah 38
Isaiah « Jeremiah 37 ‹ Jeremiah 38 › Jeremiah 39 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ՉՈՐ ՋՐՀՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
1Մատթանի որդին՝ Սափատիա, Փասուրի որդին՝ Գոդողիա, Սեղեմիայի որդին՝ Յուքազ ու Մեղքիայի որդին՝ Փասուր լսեցին Երեմիայի ըսած խօսքերը ամբողջ ժողովուրդին. ան ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.
2“Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի։ Իսկ ո՛վ որ Քաղդէացիներուն 1յանձնուի, ողջ պիտի մնայ. անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ իրեն, ու պիտի ապրի”։
3Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրագունդին ձեռքը պիտի մատնուի, որ զայն պիտի գրաւէ”»։
4Իշխանաւորները թագաւորին ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, թող այս մարդը մեռցուի, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու ամբողջ ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. արդարեւ այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չ’ուզեր, հապա՝ անոր չարիքը»։
5Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա՛ անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ ոչինչ կրնայ ընել»։
6Ուստի Երեմիան բռնեցին ու զայն թագաւորին որդիին՝ Մեղքիայի գուբը նետեցին, որ բանտին բակին մէջ էր. Երեմիան պարաններով իջեցուցին։ Այդ գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն 2սիկ. ուստի Երեմիա սիկին մէջ մխրճուեցաւ։
7Երբ թագաւորին տունը եղող պալատականներէն Եթովպիացի Աբդեմելէք լսեց թէ Երեմիան գուբը 3ձգեցին, թագաւորը Բենիամինի դուռը բազմած էր։
8Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ՝ ըսելով.
9«Ո՛վ թագաւո՛ր, իմ տէ՛րս, այս մարդիկը չարիք գործեցին՝ այդ բոլորը Երեմիա մարգարէին ընելով եւ զայն գուբը նետելով. արդարեւ ան իր եղած տեղը անօթութենէն 4պիտի մեռնի՝՝, որովհետեւ քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չկայ»։
10Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքի հրամայեց. «Ասկէ երեսո՛ւն մարդ առ քեզի հետ, ու գուբէն հանէ՛ Երեմիա մարգարէն՝ քանի մեռած չէ»։
11Ուստի Աբդեմելէք իրեն հետ առաւ մարդիկը, եւ թագաւորին տունը գնաց՝ շտեմարանին տակ. անկէ մաշած քուրջեր ու մաշած ցնցոտիներ առաւ, եւ զանոնք պարաններով գուբը՝ Երեմիայի իջեցուց։
12Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիայի ըսաւ. «Դի՛ր այս մաշած քուրջերն ու ցնցոտիները անութներուդ տակ՝ պարաններուն տակ»։ Երեմիա ալ այդպէս ըրաւ։
13Երեմիան պարաններով քաշեցին եւ զինք գուբէն դուրս հանեցին. ու Երեմիա բանտին բակին մէջ մնաց։
ՍԵԴԵԿԻԱ ԿԸ ԴԻՄԷ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
14Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, Երեմիա մարգարէն իր քով բերել տուաւ՝ Տէրոջ տան երրորդ մուտքը, ու թագաւորը Երեմիայի ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ. ոչի՛նչ պահէ ինձմէ»։
15Երեմիա Սեդեկիայի պատասխանեց. «Եթէ քեզի իմացնեմ, զիս անշուշտ պիտի չմեռցնե՞ս. ու եթէ քեզի խորհուրդ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։
16Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիայի ծածկաբար երդում ըրաւ եւ ըսաւ. «Մեզի այս հոգին 5ստեղծող Տէրը կ’ապրի. քեզ պիտի չմեռցնեմ, ո՛չ ալ քեզ պիտի մատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու կեանքդ կը փնտռեն»։
17Այն ատեն Երեմիա Սեդեկիայի ըսաւ. «Տէրը, զօրքերու Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Եթէ 6յօժարութեամբ յանձնուիս՝՝ Բաբելոնի թագաւորին իշխանաւորներուն, քու անձդ ողջ պիտի մնայ, եւ այս քաղաքը կրակով պիտի չայրի. դուն ու տունդ պիտի ապրիք։
18Բայց եթէ չյանձնուիս Բաբելոնի թագաւորին իշխանաւորներուն, այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնուի, որոնք զայն կրակով պիտի այրեն, եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս”»։
19Սեդեկիա թագաւորը Երեմիայի ըսաւ. «Քաղդէացիներուն 7կողմը անցած՝՝ Հրեաներէն կը զարհուրիմ, որ զիս անոնց ձեռքը չմատնեն ու անոնք զիս չանպատուեն»։
20Երեմիա պատասխանեց. «Պիտի չմատնեն. կ’աղերսե՛մ, մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը՝ որ քեզի կ’ըսեմ, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ եւ անձդ ողջ մնայ։
21Բայց եթէ մերժես յանձնուիլ, ահա՛ւասիկ Տէրոջ ինծի ցոյց տուած 8տեսիլքը.—
22Ահա՛ Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխանաւորներուն պիտի 9տարուին, եւ այդ կիները պիտի ըսեն. “10Քեզի խաղաղութիւն ծանուցանող մարդիկդ կրցան քեզ համոզել՝՝. երբ ոտքերդ տիղմին մէջ մխրճուեցան, անոնք ետ քաշուեցան”։
23Քու բոլոր կիներդ ու որդիներդ Քաղդէացիներուն պիտի 11տանին. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս, եւ դուն 12պատճառ պիտի ըլլաս որ այս քաղաքը կրակով այրի՝՝»։
24Սեդեկիա Երեմիայի ըսաւ. «Այս խօսքերուն ո՛չ մէկը թող տեղեկանայ, որ դուն չմեռնիս։
25Եթէ իշխանաւորները լսեն թէ քեզի հետ խօսեցայ, ու քեզի գան եւ ըսեն. “Այժմ իմացո՛ւր մեզի, ի՞նչ խօսեցար թագաւորին հետ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք. թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ”,
26պատասխանէ՛ անոնց. “Ես թագաւորին առջեւ աղաչանքս 13ներկայացուցի՝ որ զիս Յովնաթանի տունը չվերադարձնէ, որ հոն չմեռնիմ”»։
27Արդարեւ բոլոր իշխանաւորները Երեմիայի եկան եւ զինք հարցուփորձեցին. ինք ալ անոնց իմացուց այս բոլոր խօսքերուն համաձայն՝ որ թագաւորը հրամայեր էր։ Ուստի 14իրեն հետ խօսելէն դադրեցան՝՝, որովհետեւ 15գաղտնիքը չյայտնուեցաւ՝՝։
28Երեմիա բանտին բակին մէջ մնաց՝ մինչեւ Երուսաղէմի գրաւումի օրը. ինք հոն էր երբ Երուսաղէմ գրաւուեցաւ։