Jeremiah 40
Isaiah « Jeremiah 39 ‹ Jeremiah 40 › Jeremiah 41 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ՄՆԱՅ ԳՈԴՈՂԻԱՅԻ ՔՈՎ
1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ Նաբուզարդան թիկնապահապետին զինք Ռամայէն արձակելէն ետք. երբ ան զինք բերել տուաւ, շղթաներով կապուած էր Բաբելոն փոխադրուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր տարագիրներուն մէջ։
2Թիկնապահապետը Երեմիան ընդունելով՝ անոր ըսաւ. «Տէրը՝ քու Աստուածդ այս տեղին դէմ այս չարիքը 1վճռած էր։
3Տէրը զայն 2իրագործեց, եւ իր ըսածին համաձայն վարուեցաւ, քանի որ Տէրոջ դէմ մեղանչեցիք եւ անոր խօսքը մտիկ չըրիք. ուստի այս բանը ձեզի 3պատահեցաւ։
4Ահա՛ հի՛մա՝ ա՛յսօր քու ձեռքերուդ շղթաները կը քակեմ. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը 4քեզի հաճելի՝՝ է՝ եկո՛ւր, ու 5քեզի հոգ պիտի տանիմ՝՝. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը 6քեզի անհաճոյ՝՝ է՝ հրաժարէ՛։ Ահա՛ ամբողջ երկիրը քու առջեւդ է. ո՛ւր որ 7քեզի հաճելի եւ ուղիղ թուի՝՝, հո՛ն գնա»։
5Քանի տակաւին չէր 8պատասխաներ, Նաբուզարդան ըսաւ. «Կա՛մ գնա՛ Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդին՝ Գոդողիայի, որ Բաբելոնի թագաւորը Յուդայի քաղաքներուն վրայ վերատեսուչ նշանակեր է, ու բնակէ՛ անոր հետ ժողովուրդին մէջ, կա՛մ ալ գնա՛ ուր որ 9քեզի հաճելի թուի՝՝»։ Ապա թիկնապահապետը անոր պաշար եւ պարգեւ տուաւ, ու զայն արձակեց։
6Երեմիա Մասփա գնաց, Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի քով, եւ անոր հետ բնակեցաւ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ։
ԳՈԴՈՂԻԱ՝ ՅՈՒԴԱՅԻ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ (Դ. Թագ. 25. 22 -24 )
7Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրապետները — թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց մարդիկը — լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան երկրին վրայ վերատեսուչ նշանակեր է եւ Բաբելոն չտարագրուած մարդիկը, կիները, մանուկներն ու երկրին չքաւորները անոր յանձներ է,
8Մասփա եկան՝ Գոդողիայի քով, այսինքն Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ, Կարէի որդիները՝ Յոհանան եւ Յովնաթան, Թանհումէթի որդին՝ Սարայիա, Նետոփաթացի Եփայի որդիները, ու Մաքաթիի որդին՝ Յեզոնիա — թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց մարդիկը։
9Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդին՝ Գոդողիա անոնց եւ իրենց մարդոց երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Քաղդէացիներուն ծառայելէն մի՛ վախնաք. այս երկրի՛ն մէջ բնակեցէք եւ Բաբելոնի թագաւոր՛ին ծառայեցէք, ու 10գոհ պիտի ըլլաք։
10Ես ահա՛ Մասփա կը բնակիմ, որպէսզի մեզի եկող Քաղդէացիներուն 11ներկայանամ։ Իսկ դուք գինի՛, ամառնային պտո՛ւղ եւ ի՛ւղ 12ամբարեցէք, դրէ՛ք ձեր անօթներուն մէջ, ու բնակեցէ՛ք ձեր 13տիրացած քաղաքներուն մէջ»։
11Մովաբի, Ամմոնի որդիներուն, Եդովմի եւ բոլոր երկիրներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է եւ անոնց վրայ Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան վերատեսուչ նշանակեր է,
12բոլոր Հրեաները իրենց աքսորուած բոլոր տեղերէն վերադարձան եւ Յուդայի երկիրը՝ Մասփա եկան, Գոդողիայի քով, ու յոյժ շատ գինի եւ ամառնային պտուղներ ամբարեցին։
ԳՈԴՈՂԻԱ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ (Դ. Թագ. 25. 25 -26 )
13Կարէի որդին՝ Յոհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրապետները Մասփա եկան՝ Գոդողիայի քով,
14եւ անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Բաալիս Նաթանիայի որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամի որդին՝ Գոդողիա անոնց չհաւատաց։
15Յետոյ Կարէի որդին՝ Յոհանան Մասփայի մէջ Գոդողիայի հետ ծածկաբար խօսեցաւ՝ ըսելով. «Հիմա երթամ ու Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլը զարնեմ. ո՛չ մէկը կը գիտնայ։ Ինչո՞ւ ան քեզ զարնէ, քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին, եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։
16Աքիկամի որդին՝ Գոդողիա Կարէի որդիին՝ Յոհանանի պատասխանեց. «Այդ բանը մի՛ ըներ, որովհետեւ դուն Իսմայէլի մասին սուտ կը խօսիս»։