Loading...

Jeremiah 41

Isaiah  «  Jeremiah 40  ‹  Jeremiah 41  ›  Jeremiah 42  »  Lamentations


1

Եօթներորդ ամիսը, թագաւորական զարմէն եղող Եղիսամայի որդիին՝ Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ, թագաւորին պետերէն մէկը, տասը մարդով Մասփա եկաւ Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի քով, ու հոն՝ Մասփայի մէջ միասին հաց կերան։

2

Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ եւ իրեն հետ եղող տասը մարդը կանգնեցան, Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան սուրով զարկին. այսպէս մեռցուցին ան՝ որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերատեսուչ նշանակեր էր։

3

Իսմայէլ նաեւ զարկաւ Գոդողիայի հետ Մասփա եղող բոլոր Հրեաներն ու հոն գտնուող Քաղդէացիները՝ պատերազմիկները։

4

Գոդողիայի 1սպաննուելուն 2հետեւեալ օրը, մինչ ո՛չ մէկը գիտէր,

5

Սիւքէմէն, Սելովէն ու Սամարիայէն ութսուն մարդ եկաւ. իրենց մօրուքը ածիլած էին, հագուստները պատռած, եւ իրենք զիրենք կտրատած։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջ տունը տանելու համար։

6

Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու. ան գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հանդիպեցաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի քո՛վ եկէք»։

7

Երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը հասան, Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ — ինք եւ իրեն հետ եղող մարդիկը — զանոնք մորթեց ու նետեց գուբին մէջ։

8

Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցաւ, որ Իսմայէլի ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, որովհետեւ մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի եւ մեղրի պահուած պաշարներ ունինք»։ Ուստի ան հրաժարեցաւ, ու զանոնք իրենց եղբայրներուն հետ չմեռցուց։

9

Այն գուբը՝ որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիայի 3պատճառով բոլոր սպաննած մարդոց դիակները նետեց, այն գուբն էր՝ որ Ասա թագաւորը շիներ էր Իսրայէլի Բաասա թագաւորին 4պատճառով. Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ զայն սպաննուածներով լեցուց։

10

Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին ամբողջ մնացորդը գերեվարեց, թագաւորին աղջիկներն ու Մասփա մնացած ամբողջ ժողովուրդը, որոնք Նաբուզարդան թիկնապահապետը Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի յանձներ էր։ Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ զանոնք գերեվարելով գնաց որպէսզի Ամմոնի որդիներուն քով անցնի։

11

Երբ Կարէի որդին՝ Յոհանան, եւ իրեն հետ եղող բոլոր զօրապետները լսեցին Նաթանիայի որդիին՝ Իսմայէլի ըրած ամբողջ չարիքը,

12

իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիայի որդիին՝ Իսմայէլի դէմ պատերազմելու գացին. զինք Գաբաւոնի յորդառատ ջուրերուն քով գտան։

13

Երբ Իսմայէլի հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը Կարէի որդին՝ Յոհանանը եւ անոր հետ եղող զօրապետները տեսաւ, ուրախացաւ։

14

Իսմայէլի Մասփայէն գերեվարած ամբողջ ժողովուրդը դիմաշրջեցաւ, ու վերադառնալով Կարէի որդիին՝ Յոհանանի քով գնաց։

15

Իսկ Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ ութ մարդով Յոհանանի առջեւէն խոյս տուաւ, եւ Ամմոնի որդիներուն քով գնաց։

16

Այն ատեն Կարէի որդին՝ Յոհանան, եւ իրեն հետ եղող զօրապետները առին ժողովուրդին ամբողջ մնացորդը, որ Նաթանիայի որդիին՝ Իսմայէլի քովէն վերադարձուցած էին,— ինք զանոնք Մասփայէն գերեվարած էր Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան սպաննելէն ետք,— այսինքն առին Գաբաւոնէն վերադարձուցած կտրիճ պատերազմիկները, կիները, մանուկներն ու պալատականները,

17

եւ գացին Բեթլեհէմի քով եղող Քամաամի գաղթակայանը մնացին, որպէսզի երթան Եգիպտոս մտնեն՝

18

Քաղդէացիներուն պատճառով։ Արդարեւ անոնցմէ կը վախնային, քանի որ Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ սպաններ էր Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերատեսուչ նշանակեր էր։



1 Եբր.՝ զարնուելուն
2 Եբր.՝ երկրորդ
3 Կամ՝ հետ
4 Եբր.՝ երեսէն վախնալով