Jeremiah 42
Isaiah « Jeremiah 41 ‹ Jeremiah 42 › Jeremiah 43 » Lamentations
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԵՐԵՄԻԱՅԷՆ
1Բոլոր զօրապետները, Կարէի որդին՝ Յոհանան, Ովսիայի որդին՝ Յեզոնիա, եւ ամբողջ ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան
2ու Երեմիա մարգարէին ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, մեր աղաչանքները թող 1քեզմէ ընդունուին՝՝, եւ մեզի համար — այսինքն այս ամբողջ մնացորդին համար — աղօթէ՛ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ. արդարեւ շատ էինք բայց քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն։
3Տէրը՝ քու Աստուածդ մեզի թող յայտնէ մեր երթալիք ճամբան, եւ ինչ որ ընելու ենք»։
4Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա՛ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պիտի աղօթեմ ձեր խօսքերուն համաձայն, ու ձեզի պիտի իմացնեմ ամէն ինչ որ Տէրը ձեզի պատասխանէ. ձեզմէ ոչինչ պիտի 2պահեմ»։
5Անոնք Երեմիայի ըսին. «Տէրը մեր միջեւ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր խօսքերուն համաձայն, 3որոնք Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի պիտի հաղորդէ մեզի համար՝՝։
64Նպաստաւոր ըլլայ կամ չարագուշակ, մտիկ պիտի ընենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ձայնը, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէսզի Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ձայնը մտիկ ընելով՝ բարօրութիւն ունենանք»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԱՂՕԹՔԻՆ
7Տասը օր ետք 5Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի։
8Ան ալ կանչեց Կարէի որդին՝ Յոհանանը եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրապետները, նաեւ ամբողջ ժողովուրդը՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը,
9ու անոնց ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք՝ ձեր աղաչանքը 6ներկայացնելու համար, սա՛ կը յայտարարէ.
10“Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի կառուցանեմ ու չքանդեմ, ձեզ պիտի տնկեմ եւ չխլեմ. որովհետեւ ձեզի ըրած չարիքիս համար կ’արգահատիմ։
11Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք,— կը պատգամէ Տէրը,— քանի որ ես ձեզի հետ եմ՝ ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու եւ ձեզ ապրեցնելու համար։
12Ձեզի գթութիւն գտնել պիտի տամ. ան ձեզի պիտի գթայ, ձեզ ձեր 7երկիրը պիտի վերադարձնէ”։
13Բայց եթէ ըսէք. “Այս երկրին մէջ չենք բնակիր”, ու Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձայնը մտիկ չընելով՝
14ըսէք. “Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը պիտի երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք, շեփորի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար պիտի չանօթենանք, ու հո՛ն պիտի բնակինք”,
15ուրեմն հիմա մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, ո՛վ Յուդայի մնացորդը. զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, սա՛ կը յայտարարէ. “Եթէ ձեր երեսը 8ի՛րապէս ուղղէք՝՝ Եգիպտոս երթալու, ու հոն երթաք պանդխտանալու համար,
16այն սուրը՝ որմէ կը վախնաք, հոն՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի հասնի, եւ այն սովը՝ որմէ կը զարհուրիք, հոն՝ Եգիպտոսի մէջ ձեր ետեւէն պիտի հասնի, ու հոն պիտի մեռնիք։
17Այն բոլոր մարդիկը, որ իրենց երեսը կ’ուղղեն Եգիպտոս երթալու՝ հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով եւ ժանտախտով պիտի մեռնին. անոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի վերապրի կամ ազատի այն չարիքին առջեւէն՝ որ անոնց վրայ պիտի բերեմ”»։
18Արդարեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս եւ ցասումս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցան, այնպէս իմ ցասումս ձեր վրայ պիտի թափուի՝ երբ Եգիպտոս հասնիք. նողկանքի, ապշութեան, անէծքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք, եւ ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։
19Ո՛վ Յուդայի մնացորդը, Տէրը ձեզի համար ըսաւ. «Եգիպտոս մի՛ երթաք». ուստի լա՛ւ գիտցէք թէ այսօր ձեզ ազդարարեցի։
20Արդարեւ դուք ձեր անձը 9խաբեցիք, երբ զիս Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն աղօթէ՛, ու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ըսած ամէն ինչ մեզի հաղորդէ՛, եւ պիտի ընենք»։
21Ես այսօր ձեզի հաղորդեցի, բայց դուք մտիկ չըրիք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձայնը, ո՛չ ալ այն բոլոր խօսքերը՝ որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։
22Ուրեմն հիմա լա՛ւ գիտցէք թէ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կը բաղձաք երթալ հոն պանդխտանալու համար։