Jeremiah 43
Isaiah « Jeremiah 42 ‹ Jeremiah 43 › Jeremiah 44 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍ
1Երբ Երեմիա աւարտեց ամբողջ ժողովուրդին հաղորդել Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն բոլոր խօսքերը, որոնց համար Տէրը՝ անոնց Աստուածը՝ զինք իրենց ղրկեր էր, այսինքն՝ այս բոլոր խօսքերը,
2Ովսիայի որդին՝ Ազարիա, Կարէի որդին՝ Յոհանան, եւ բոլոր հպարտ մարդիկը Երեմիայի ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. Տէրը՝ մեր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես. “Եգիպտոս մի՛ երթաք հոն պանդխտանալու համար”։
3Հապա Ներիայի որդին՝ Բարուք քեզ մեզի դէմ կը դրդէ, որ մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը մատնէ, որպէսզի մեզ մեռցնեն կամ մեզ Բաբելոն տարագրեն»։
4Կարէի որդին՝ Յոհանան, բոլոր զօրապետներն ու ամբողջ ժողովուրդը Տէրոջ ձայնը մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին։
5Հապա Կարէի որդին՝ Յոհանան եւ բոլոր զօրապետները առին Յուդայի ամբողջ մնացորդը,— անոնք որ Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար վերադարձած էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր աքսորուած էին,—
6այսինքն՝ 1այր մարդիկը՝՝, կիներն ու մանուկները, թագաւորին աղջիկները, Նաբուզարդան թիկնապահապետին ձգած բոլոր անձերը Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի քով, նաեւ Երեմիա մարգարէն եւ Ներիայի որդին՝ Բարուքը,
7ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, որովհետեւ Տէրոջ ձայնը մտիկ չըրին, եւ մինչեւ Տափնաս գացին։
8Տափնասի մէջ 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.
9«Ձեռքդ մե՛ծ քարեր առ, ու Յուդայի մարդոց աչքերուն առջեւ թաղէ՛ զանոնք աղիւսի փուռին կաւին մէջ, որ Տափնաս եղող Փարաւոնի տան մուտքին կը գտնուի,
10եւ ըսէ՛ անոնց. “Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես մարդ պիտի ղրկեմ, իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը բերել պիտի տամ, եւ անոր գահը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ. ան իր ամպհովանին անոնց վրայ պիտի տարածէ։
11Երբ գայ՝ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան պիտի մատնէ, գերութեան համար եղողները՝ գերութեան, իսկ սուրի համար եղողները՝ սուրի։
12Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի 3վառեմ. ան զանոնք պիտի այրէ ու գերեվարէ. Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի՝ ինչպէս հովիւը իր հագուստը կը հագնի, եւ անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։
13Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող 4Արեւի տան՝՝ արձաններն ալ պիտի կոտրտէ, ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ"”»։