Jeremiah 44
Isaiah « Jeremiah 43 ‹ Jeremiah 44 › Jeremiah 45 » Lamentations
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
1Ահա՛ւասիկ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդող, Տափնաս, Մեմփիս, ու Պաթուրէսի երկրին մէջ բնակողներուն համար Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.
2«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Դուք տեսաք այն բոլոր ձախորդութիւնները՝ որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի. ահա՛ անոնք այսօր աւերակ են, եւ անոնց մէջ բնակող չկայ,
3զիս գրգռելու համար իրենց գործած չարիքներուն պատճառով, որովհետեւ գացին խունկ ծխեցին եւ ուրիշ աստուածներ պաշտեցին, որ ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։
4Ես ձեզի ղրկեցի իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները — կանուխ ելլելով ղրկեցի — եւ ըսի. "Այդ գարշելի բանը մի՛ ընէք, որ ես կ’ատեմ"։
5Բայց մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չդարձուցին՝ որ իրենց չարութենէն դարձի գան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։
6Ուստի իմ ցասումս ու բարկութիւնս թափուեցան, եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ 2բորբոքեցան. ուստի անոնք աւերակ եւ ամայի եղան, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ”։
7Ուրեմն հիմա Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ինչո՞ւ դուք ձեր անձին դէմ այս մեծ չարիքը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, երախան եւ ծծկերը բնաջնջել կու տաք, այնպէս որ ձեզի ո՛չ մէկ ճողոպրած մնայ։
8Ձեր ձեռքերուն գործերով զիս կը գրգռէք՝ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք եկաք հոն պանդխտանալու համար. ուստի պիտի բնաջնջուիք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք եւ նախատինք ըլլաք։
9Միթէ մոռցա՞ք ձեր հայրերուն չարութիւնները, Յուդայի թագաւորներուն չարութիւններն ու անոնց կիներուն չարութիւնները, նաեւ ձեր չարութիւնները եւ ձեր կիներուն չարութիւնները, որ գործուեցան Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։
10Անոնք մինչեւ այսօր 3չխոնարհեցան եւ չվախցան, ու ձեր առջեւ եւ ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու կանոններուս համաձայն չընթացան”։
11Հետեւաբար զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես իմ երեսս ձեզի դէմ 4կ’ուղղեմ՝ չարիքի եւ ամբողջ Յուդան կոտորելու համար։
12Պիտի առնեմ Յուդայի ճողոպրածները, որոնք իրենց երեսը ուղղեցին Եգիպտոսի երկիրը երթալու՝ հոն պանդխտանալու համար, ու բոլորը պիտի սպառին եւ իյնան Եգիպտոսի երկրին մէջ. սուրով, սովով պիտի սպառին. պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին, եւ նողկանքի, ապշութեան, անէծքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։
13Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները պիտի 5պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։
14Յուդայի ճողոպրածներէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն ո՛չ մէկը պիտի վերապրի կամ ազատի՝ որ Յուդայի երկիրը վերադառնայ, ուր անոնք 6կը տենչան՝՝ վերադառնալ՝ հոն բնակելու համար. արդարեւ պիտի չվերադառնան՝ բացի քանի մը ազատածներէ”»։
15Այն բոլոր մարդիկը՝ որ գիտէին թէ իրենց կիները ուրիշ աստուածներու խունկ կը ծխէին, նաեւ հոն կայնող բոլոր կիները՝ մեծ համախմբումով, ու Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ Պաթուրէս բնակող ամբողջ ժողովուրդը Երեմիայի պատասխանեցին.
16«Տէրոջ անունով մեզի ըսած խօսքիդ մասին՝ մենք քեզի մտիկ պիտի չընենք։
17Հապա անշուշտ պիտի գործադրենք մե՛ր բերանէն ելած ամէն խօսք, երկինքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր թափելիք նուէրներ 7ընծայելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորները եւ մեր իշխանաւորները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ. որովհետեւ այդ ատեն հացով կը կշտանայինք, բարօրութիւն ունէինք եւ չարիք չէինք տեսներ։
18Սակայն այն ատենէն ի վեր՝ երբ դադրեցուցինք երկինքի թագուհիին խունկ ծխելն ու անոր թափելիք նուէրներ ընծայելը, ամէն բանի կարօտ եղանք, եւ սուրով ու սովով սպառեցանք։
19Երբ երկինքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր թափելիք նուէրներ կ’ընծայէինք, միթէ առանց մեր ամուսիններուն արտօնութեա՞ն զայն պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր թափելիք նուէրներ կ’ընծայէինք»։
20Այն ատեն Երեմիա ամբողջ ժողովուրդին — 8այր մարդոց՝՝, կիներուն եւ իրեն այսպէս պատասխանող ժողովուրդին — ըսաւ.
21«Միթէ այն խունկը՝ որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք,— դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորները, ձեր իշխանաւորներն ու երկրին ժողովուրդը,— Տէրը զայն չյիշե՞ց եւ անոր մասին 9չմտածե՞ց։
22Տէրը ձեր չար արարքներուն ու ձեր գործած գարշութիւններուն պատճառով ա՛լ չկրցաւ հանդուրժել. ուստի ձեր երկիրը աւերակ, ամայի, անիծեալ եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։
23Քանի դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջ դէմ մեղանչեցիք՝ Տէրոջ ձայնը մտիկ չընելով եւ անոր օրէնքին, կանոններուն ու վկայութիւններուն համաձայն չընթանալով, այս չարիքը ձեզի պատահեցաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
24Երեմիա ամբողջ ժողովուրդին եւ բոլոր կիներուն ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, ո՛վ ամբողջ Յուդա, որ Եգիպտոսի երկրին մէջ էք։
25Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Դուք ու ձեր կիները ձեր բերանով խօսեցաք, ձեր ձեռքերով 10գործադրեցիք եւ ըսիք. "Մեր ըրած ուխտը անշո՛ւշտ պիտի կատարենք, այսինքն երկինքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք, ու անոր թափելիք նուէրներ պիտի ընծայենք"։ Այո՛, դուք ձեր ուխտերը պիտի հաստատէք. այո՛, ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։
26Հետեւաբար մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, ո՛վ ամբողջ Յուդա, որ Եգիպտոսի երկրին մէջ կը բնակիք. "Ահա՛ ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի,— կը յայտարարէ Տէրը,— որ անգա՛մ մըն ալ իմ անունս չկանչուի Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ Յուդայի մարդու մը բերանէն՝ ըսելով. «Տէրը՝ Եհովան կ’ապրի»։
27Ահա՛ ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար, ո՛չ թէ բարիքի համար. Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի սպառին՝ մինչեւ որ հատնին։
28Սակաւաթիւ մարդիկ՝ սուրէն ազատելով՝ Եգիպտոսի երկրէն պիտի վերադառնան Յուդայի երկիրը, ու Եգիպտոսի երկիրը պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր ճողոպրածները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի իրագործուի, ի՞մս թէ իրենցը։
29Եւ սա՛ ձեզի նշան պիտի ըլլայ,— կը պատգամէ Տէրը,— թէ այս տեղը ձեզ պիտի 11պատժեմ, որպէսզի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի իրագործուի չարիքի համար"”։
30Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.— “Ահա՛ ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը եւ իր կեանքը փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր կեանքը փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի”»։