Loading...

Jeremiah 45

Isaiah  «  Jeremiah 44  ‹  Jeremiah 45  ›  Jeremiah 46  »  Lamentations


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԲԱՐՈՒՔԻ

1

Ահա՛ւասիկ Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիայի որդիին՝ Բարուքի ուղղեց, երբ ան այս խօսքերը Երեմիայի բերանէն գիրքի մը մէջ կը գրէր, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի չորրորդ տարին. ան ըսաւ.

2

«Ո՛վ Բարուք, Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը քեզի համար սա՛ կը յայտարարէ.

3

“Դուն ըսիր. "Այժմ վա՜յ ինծի, որովհետեւ Տէրը իմ կոտտանքիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հառաչանքէս յոգնեցայ, ու հանգստութիւն չեմ գտներ"”։

4

Անոր սա՛ ըսէ. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես իմ կառուցանածս պիտի փլցնեմ եւ իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն՝ այս ամբողջ երկիրը։

5

Դուն քեզի համար մեծագործութիւննե՞ր կը փնտռես. մի՛ փնտռեր, քանի որ ահա՛ ես ամէն մարմինի վրայ չարիք պիտի բերեմ,— կը պատգամէ Տէրը.— բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ այն բոլոր տեղերուն մէջ՝ ուր պիտի երթաս"”»։