Loading...

Jeremiah 46

Isaiah  «  Jeremiah 45  ‹  Jeremiah 46  ›  Jeremiah 47  »  Lamentations


ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԷՆ

1

Տէրոջ խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին 1ուղղուեցաւ՝ ազգերուն մասին.

2

Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին՝ Փարաւոն Նեքաւովի զօրագունդին մասին, որ Քարքամիս էր՝ Եփրատ գետին քով, երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զայն 2պարտութեան մատնեց՝՝ Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի չորրորդ տարին.—

3

«Վահա՛ն եւ ասպա՛ր պատրաստեցէք Ու պատերազմի՛ մօտեցէք.

4

Ձիե՛րը լծեցէք, եւ դո՛ւք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք. Սաղաւարտներո՛վ կայնեցէք, Նիզակնե՛րը փայլեցուցէք ու զրահնե՛րը հագէք։

5

Բայց ի՞նչ կը տեսնեմ. անոնք զարհուրած են, ու կը նահանջեն. Անոնց զօրաւորներն անգամ կը ջախջախուին, Եւ 3խուճապահար կը փախչին՝ առանց 4ետեւ դառնալու՝՝. Ամէն կողմէ արհաւիրք կայ,— կը պատգամէ Տէրը։—

6

Թեթեւաշարժը թող չփախչի, Ո՛չ ալ զօրաւորը խոյս տայ. Անոնք գայթելով պիտի իյնան Հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին ափին։

7

Ո՞վ է ասիկա՝ որ 5գետի պէս կը բարձրանայ, Որուն ջուրերը գետերու պէս 6կը փրփրին՝՝.

8

Եգիպտո՛ս գետի պէս կը բարձրանայ, Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կը փրփրին։ Ան կ’ըսէ. “Ես պիտի բարձրանամ, երկիրը պիտի ծածկեմ, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի բնաջնջեմ”։

9

Ո՛վ ձիեր, բարձրացէ՛ք. ո՛վ կառքեր, մոլեգնեցէ՛ք. Թող դուրս ելլեն զօրաւորները.— Վահան բռնող Եթովպիացիները եւ 7Փութացիները, Աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։

10

Արդարեւ այսօր զօրքերու Տէրոջ՝ Եհովայի վրէժխնդրութեան օրն է, Որ իր հակառակորդներէն վրէժ առնէ. Սուրը պիտի սպառէ եւ կշտանայ, Անոնց արիւնով պիտի գինովնայ. Որովհետեւ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան զոհ ունի, Հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին եզերքը։

11

Գաղաա՛դ բարձրացիր ու բալասա՛ն առ, Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ. Դեղերը ընդունայն կը շատցնես, Քեզի բժշկութիւն չկայ։

12

Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին, Եւ աղաղակդ 8երկրագունդը լեցուց. Քանի որ զօրաւորը զօրաւորին վրայ գայթեցաւ, Երկուքը միասին ինկան»։


ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

13

Ահա՛ւասիկ այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին ուղղեց՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուստին մասին, Եգիպտոսի երկիրը զարնելու համար.—

14

«Յայտարարեցէ՛ք Եգիպտոսի մէջ, 9ծանուցանեցէ՛ք Մագդողի մէջ, Ծանուցանեցէ՛ք Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ, Եւ ըսէ՛ք. “Կայնէ՛ ու պատրաստուէ՛, Որովհետեւ քու շուրջդ սուրը պիտի սպառէ”։

15

Ինչո՞ւ քու զօրաւորներդ 10անհետացան. Անոնք չկրցան դիմանալ, որովհետեւ Տէ՛րը զանոնք 11վար ձգեց՝՝։

16

Գայթողները շատցուց. անոնք իրարու վրայ կ’իյնան Եւ կ’ըսեն. “Կանգնէ՛, կեղեքողին սուրին պատճառով Վերադառնա՛նք մեր ժողովուրդին ու մեր 12ծննդավայրը”։

17

Հոն կը գոչէին. “Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը միայն ժխոր մըն է. Ան իր սահմանուած ատենը անցուց”»։

18

«Ես կ’ապրիմ,— կը պատգամէ այն Թագաւորը՝ Որուն անունը 13Զօրքերու Տէր՝՝ է.— Ինչպէս Թաբոր լեռներուն մէջ է, Ինչպէս Կարմեղոս մինչեւ ծովը կը հասնի, Այնպէս ան պիտի գայ։

19

Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ, Քեզի համար տարագրութեան գոյքե՛ր պատրաստէ. Որովհետեւ Մեմփիս ամայի պիտի ըլլայ, Տոչորուած, առանց բնակիչի»։

20

«Եգիպտոս յոյժ գեղեցիկ երինջ մըն է, Բայց կոտորածը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։

21

Իր մէջ վարձկան զինուորները գիրցուած զուարակներու պէս են. Սակայն անո՛նք ալ կռնակ դարձուցին, միասին փախան, չդիմացան. Արդարեւ անոնց վրայ հասաւ իրենց ձախորդութեան օրը, Եւ իրենց 14պատիժի ժամանակը»։

22

«Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս 15կը լսուի՝՝, Քանի որ զօրագունդով մը կը քալեն, Եւ իրեն դէմ տապարներով կու գան՝ Փայտահատներու պէս։

23

Իր անտառը պիտի կտրեն,— կը պատգամէ Տէրը,— Թէպէտ ան 16անթափանցելի է. Որովհետեւ անոնք մարախներէն շատ են, Անթիւ են։

24

Եգիպտոսի աղջիկը ամօթահար պիտի ըլլայ. Հիւսիսի ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։

25

Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես 17Նովի Ամոնը՝՝ եւ Փարաւոնը, Եգիպտոսը, իր աստուածներն ու թագաւորները, Այսինքն Փարաւոնը եւ անոր վստահողները պիտի 18պատժեմ.

26

Զանոնք պիտի մատնեմ իրենց կեանքը փնտռողներուն ձեռքը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Եւ անոր ծառաներուն ձեռքը. Անկէ ետք պիտի բնակուի՝ վաղեմի օրերուն պէս», կը պատգամէ Տէրը։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ

27

«Բայց դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, Եւ մի՛ զարհուրիր, ո՛վ Իսրայէլ. Որովհետեւ ահա՛ ես քեզ հեռուէն պիտի ազատեմ, Ու քու զարմդ՝ իր գերութեան երկրէն։ Յակոբ պիտի վերադառնայ, հանդարտ եւ անխռով պիտի ըլլայ, Ու ո՛չ մէկը զինք պիտի դողացնէ»։

28

«Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որովհետեւ ես քեզի հետ եմ։ Պիտի 19բնաջնջեմ այն բոլոր ազգերը՝ Որոնց մէջ քեզ աքսորեցի. Իսկ քեզ պիտի չբնաջնջեմ, Հապա քեզ 20չափաւորութեամբ պիտի 21պատժեմ. Քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չսեպեմ»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ զարկաւ
3 Եբր.՝ փախուստով
4 Եբր.՝ իրենց երեսը դարձնելու
5 Կամ՝ Նեղոսի
6 Եբր.՝ կը տատանին
7 Կամ՝ Լիպիացիները
8 Եբր.՝ երկիրը
9 Եբր.՝ լսե՛լ տուէք
10 Եբր.՝ քշուեցան տարուեցան
11 Եբր.՝ հրեց
12 Եբր.՝ ծնունդի երկիրը
13 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
14 Եբր.՝ հատուցումի
15 Եբր.՝ կու գայ
16 Եբր.՝ անհետազօտելի
17 Այսինքն՝ Նովի Ամոն չաստուածը
18 Եբր.՝ հատուցանեմ
19 Եբր.՝ սպառեմ
20 Եբր.՝ կանոնին համաձայն
21 Կամ՝ խրատեմ