Loading...

Jeremiah 47

Isaiah  «  Jeremiah 46  ‹  Jeremiah 47  ›  Jeremiah 48  »  Lamentations


ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

1

Տէրոջ խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին 1ուղղուեցաւ Փղշտացիներուն մասին՝ դեռ Փարաւոն Գազան չզարկած.—

2

«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ հիւսիսէն ջուրեր կը բարձրանան, Որոնք յորդահոս վտակի պէս պիտի ըլլան. Անոնք պիտի ողողեն երկիրը եւ 2զայն լեցնողները՝՝, Քաղաքն ու անոր բնակիչները։ Մարդիկ պիտի աղաղակեն, Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի գոռան

3

Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն, Անոր կառքերուն 3շաչիւնէն, Անոր անիւներուն շառաչիւնէն։ Հայրերը իրենց որդիներուն 4պիտի չնային՝՝ Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն պատճառով,

4

Բոլոր Փղշտացիները բնաջնջելու, Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի Բոլոր վերապրող օգնականները կոտորելու եկող օրուան պատճառով. Արդարեւ Տէրը պիտի բնաջնջէ Փղշտացիները, Կափթոր կղզիին մնացորդները։

5

Գազայի վրայ կնտութիւն հասաւ, Ասկաղոն իր հովիտին մնացորդով կործանեցաւ. Մինչեւ ե՞րբ դուն քեզ պիտի կտրատես։

6

Ո՛վ Տէրոջ սուրը, Մինչեւ ե՞րբ պիտի չհանդարտիս. Վերադարձի՛ր քու պատեանդ, Խաղաղէ՛ ու լռէ՛։

7

Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ, Քանի Տէրը անոր պատուէր տուեր է Ասկաղոնի ու ծովեզերքին դէմ. Հո՛ն 5ղրկեր է զայն”»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ անոր լիութիւնը
3 Եբր.՝ շարժումէն
4 Եբր.՝ իրենց երեսը պիտի չդարձնեն
5 Եբր.՝ սահմաներ