Loading...

Jeremiah 48

Isaiah  «  Jeremiah 47  ‹  Jeremiah 48  ›  Jeremiah 49  »  Lamentations


ՄՈՎԱԲԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

1

Մովաբի մասին զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Վա՜յ Նաբաւի, որովհետեւ կործանեցաւ. Կարիաթէմ ամօթահար եղաւ եւ գրաւուեցաւ. Մասգաբ ամօթահար եղաւ ու զարհուրեցաւ։

2

Մովաբ ա՛լ պիտի չգովուի։ Եսեբոնի մէջ անոր դէմ չարիք հնարեցին՝ ըսելով. “Եկէ՛ք, զայն ազգ ըլլալէ 1դադրեցնենք”։ Դո՛ւն ալ, ո՛վ Մադմէն, լռութեան պիտի դատապարտուիս. Սուրը քեզի կը հետեւի։

3

Որոնայիմէն աղաղակի ձայն կու գայ. “Կործանում ու մեծ փլուզում կայ”։

4

Մովաբ ջախջախուեցաւ, Անոր փոքրերը աղաղակ 2բարձրացուցին,

5

Քանի որ Ղուիթի զառիվերէն Դառն լացով պիտի ելլեն, Եւ Որոնայիմի զառիվայրէն Թշնամիները փլուզումի աղաղակ լսեցին։

6

Փախէ՛ք, ազատեցէ՛ք ձեր անձը, 3Անապատի՛ ցախին՝՝ պէս եղէք։

7

Արդարեւ դո՛ւն ալ պիտի գրաւուիս, Քանի որ քու գործերուդ ու գանձերուդ վստահեցար. Քամովս տարագրութեան պիտի երթայ՝ Իր քուրմերուն եւ իշխանաւորներուն հետ։

8

Ամէն քաղաքի դէմ կործանողը պիտի գայ. Ո՛չ մէկ քաղաք պիտի ազատի. Հովիտը պիտի կորսուի ու լեռնադաշտը կործանի, Ինչպէս Տէրը ըսաւ»։

9

«Թեւե՛ր տուէք Մովաբի՝ որպէսզի թռչելով փախչի, Քանի որ անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան՝ առանց ոեւէ բնակիչի։

10

Անիծեա՛լ ըլլայ Տէրոջ գործը 4խաբէութեամբ կատարողը. Անիծեա՛լ ըլլայ իր սուրը արիւնէն 5խնայողը»։


ՄՈՎԱԲԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

11

«Մովաբ իր մանկութենէն ի վեր անխռով էր, Գինիի պէս իր մրուրին վրայ 6կը հանգչէր՝՝. Անօթէ անօթ չթափուեցաւ, Տարագրութեան չգնաց. Հետեւաբար իր համը իր մէջ մնաց, Եւ բուրմունքը չփոխուեցաւ։

12

Բայց ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ անոր փոխամանողներ պիտի ղրկեմ, Ու զայն պիտի 7փոխամանեն. Անոր անօթները պիտի պարպեն, Եւ կարասները պիտի կոտրտեն։

13

Մովաբ Քամովսէն պիտի ամչնայ, Ինչպէս Իսրայէլի տունը իր ապահովութիւնը եղող Բեթէլէն ամչցաւ։

14

Ի՞նչպէս կ’ըսէք. “Մենք զօրաւոր Ու պատերազմի համար կտրիճ մարդիկ ենք”։

15

Մովաբ կործանեցաւ, եւ անոր քաղաքներուն մուխը բարձրացաւ. Անոր ընտիր երիտասարդները սպանդանոց իջան,— Կը պատգամէ այն Թագաւորը՝ որուն անունը 8Զօրքերու Տէր՝՝ է։—

16

Մովաբի ձախորդութիւնը հասնելու մօտ է, Եւ անոր չարիքը յոյժ կը շտապէ։

17

Դո՛ւք բոլորդ՝ որ անոր շուրջն էք, ողբացէ՛ք անոր վրայ. Դո՛ւք բոլորդ՝ որ անոր անունը գիտէք՝ ըսէք. “Ի՜նչպէս կոտրեցաւ զօրաւոր գաւազանը, Շքեղ ցուպը”։

18

Ո՛վ Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ, Իջի՛ր փառքէն եւ նստէ՛ 9չոր գետինի վրայ. Արդարեւ Մովաբը կործանողը քեզի դէմ պիտի բարձրանայ, Ու պարիսպներդ պիտի քանդէ։

19

Ճամբային վրայ կայնէ՛ եւ դիտէ՛, Ո՛վ Արոէրի բնակիչ. Հարցուփորձէ՛ փախչողն ու խոյս տուողը, Եւ ըսէ՛. “Ի՞նչ 10պատահեցաւ”։

20

Մովաբ ամօթահար եղաւ, որովհետեւ խորտակուեցաւ. Գոռացէ՛ք եւ աղաղակեցէ՛ք, Հռչակեցէ՛ք Առնոնի մէջ Մովաբի կործանումը։

21

Լեռնադաշտի երկրին, Քողոնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան հասաւ,

22

Նաեւ Դեբոնի, Նաբաւի, Բեթդեբլաթէմի,

23

Կարիաթէմի, Բեթգամովղի, Բեթմաւոնի,

24

Կարիոթի, Բոսրայի Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ, Թէ՛ հեռաւոր եւ թէ մօտաւոր։

25

Մովաբի եղջիւրը կոտրուեցաւ Ու բազուկը բեկանուեցաւ», կը պատգամէ Տէրը։


ՄՈՎԱԲԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻՆ

26

«Գինովցուցէ՛ք զայն, Որովհետեւ Տէրոջ դէմ 11հպարտացաւ. Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի, Եւ ինք ալ հեգնանքի առարկայ ըլլայ։

27

Արդարեւ Իսրայէլ քեզի հեգնանքի առարկայ չեղա՞ւ. Միթէ ան գողերու մէ՞ջ գտնուեցաւ, Որ դուն գլուխ կը շարժէիր երբ անոր մասին խօսէիր։

28

“Ո՛վ Մովաբի բնակիչներ, Քաղաքները լքեցէ՛ք, ժայռի խոռոչներո՛ւն մէջ բնակեցէք. Աղաւնիի՛ն պէս եղէք, որ իր բոյնը վիհի բացուածքին 12քովերը կը շինէ”։

29

Մովաբի ամբարտաւանութիւնը լսեցինք. Ան յոյժ ամբարտաւան է։ Անոր խրոխտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, յոխորտանքը Ու սիրտին գոռոզութիւնը լսեցինք։

30

“Ես անոր ցասումը գիտեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Բայց ընդունայն է. Անոր զրաբանութիւնները պիտի չկատարուին”։

31

Ուստի Մովաբի համար պիտի գոռամ, Ամբողջ Մովաբի համար պիտի աղաղակեմ. Կիր-Հարէսի մարդոց համար պիտի հառաչեն։

32

Ո՛վ Սեբամայի որթատունկ, քու վրադ Յազերի լացով պիտի լամ. Քու ուռերդ ծովէն անցնելով Մինչեւ Յազերի ծովը հասեր էին. Քու ամառնային պտուղիդ վրայ եւ այգեկութիդ վրայ կործանողը ինկաւ։

33

Բարեբեր արտերէն եւ Մովաբի երկրէն Ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի 13անհետանան. Հնձաններէն գինին դադրեցուցի. Ցնծութեան ճիչով խաղող պիտի չկոխուի, Եւ լսուած ճիչը ցնծութեան ճիչ պիտի չըլլայ։

34

Եսեբոնի 14աղաղակին պատճառով՝՝ իրենց ձայնը լսել տուին Մինչեւ Եղէաղէ, մինչեւ Յասսա, Սեգովրէն մինչեւ Որոնայիմ, 15Եգղա-Սելիսիա՝՝, Քանի որ Նեմերիմի ջուրերն ալ ամայացան։

35

Մովաբի բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը Եւ իր աստուածներուն խունկ ծխողը Պիտի 16հանեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

36

Այս պատճառով իմ սիրտս Մովաբի համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ. Կիր-Հարէսի մարդոց համար ալ իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ, Որովհետեւ անոնց վաստկած հարստութիւնը կորսուեցաւ։

37

Արդարեւ ամէն գլուխ պիտի կնտուի, Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի. Բոլոր ձեռքերուն վրայ ճեղքեր պիտի ըլլան, Ու բոլոր մէջքերուն վրայ՝ քուրձ։

38

Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ Եւ անոր հրապարակներուն մէջ միայն կոծ պիտի ըլլայ, Որովհետեւ Մովաբը կոտրեցի այնպիսի անօթի մը պէս՝ Որմէ ո՛չ մէկը կ’ախորժի,— կը պատգամէ Տէրը։—

39

“Ի՜նչպէս Մովաբ կոտրեցաւ, Ի՜նչպէս ամօթով 17կռնակ դարձուց”, պիտի գոռան. Մովաբ հեգնանքի ու երկիւղի պատճառ պիտի ըլլայ Բոլոր իր շուրջը եղողներուն»։


ՄՈՎԱԲԻ ԱԶԱՏՈՒՄ ՉԿԱՅ

40

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ թշնամին արծիւի պէս պիտի սաւառնի, Եւ իր թեւերը Մովաբի վրայ պիտի տարածէ.

41

18Քաղաքները կը գրաւուին՝՝, Եւ ամրոցները կը նուաճուին. Այդ օրը՝ Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը Իր 19երկունքին մէջ եղող կնոջ սիրտին պէս պիտի ըլլայ։

42

Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէն պիտի 20դադրի, Որովհետեւ Տէրոջ դէմ հպարտացաւ։

43

Ո՛վ Մովաբի բնակիչ, Երկիւղ, գուբ ու վարմ կը հասնին քու վրադ,— կը պատգամէ Տէրը.—

44

Երկիւղէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ, Եւ գուբէն վեր ելլողը վարմի մէջ պիտի բռնուի, Քանի որ անոր վրայ, Մովաբի վրայ, Անոնց 21պատիժի տարին պիտի բերեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

45

22Ոյժէն փախչողները՝՝ Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան. Բայց Եսեբոնէն կրակ ելաւ, Սեհոնի մէջէն՝ բոց, Ու Մովաբի ծայրը Եւ աղաղակողներուն գագաթը սպառեց։

46

Վա՜յ քեզի, Մովաբ. Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ, Որովհետեւ քու որդիներդ գերի տարուեցան, Եւ աղջիկներդ գերութեան գացին։

47

Բայց վերջին օրերը Մովաբի գերիները պիտի վերադարձնեմ», կը պատգամէ Տէրը։ Մովաբի դատաստանը մինչեւ հոս է։



1 Եբր.՝ կտրենք
2 Եբր.՝ լսել տուին
3 Եբր.՝ Անապատի՛ մէջ զրկուածի
4 Կամ՝ թուլութեամբ
5 Եբր.՝ արգիլողը
6 Եբր.՝ հանդարտ կը կենար
7 Այսինքն՝ ամանէ մը ուրիշ աման փոխադրեն
8 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
9 Եբր.՝ ծարաւուտ
10 Եբր.՝ եղաւ
11 Եբր.՝ ինքզինք մեծցուց
12 Եբր.՝ կողմերը
13 Եբր.՝ հաւաքուին
14 Կամ՝ աղաղակէն
15 Կամ՝ երեք տարեկան երինջի պէս
16 Եբր.՝ դադրեցնեմ
17 Եբր.՝ ծոծրակ
18 Կամ՝ Կարիոթը կը գրաւուի
19 Եբր.՝ տագնապին
20 Եբր.՝ կտրուի
21 Եբր.՝ հատուցումի
22 Կամ՝ Փախչողները ոյժէ ինկած՝