Loading...

Jeremiah 49

Isaiah  «  Jeremiah 48  ‹  Jeremiah 49  ›  Jeremiah 50  »  Lamentations


ԱՄՄՈՆԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

1

Ամմոնի որդիներուն մասին Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Միթէ Իսրայէլ որդիներ չունի՞. Միթէ ան ժառանգորդ չունի՞. Ինչո՞ւ 1Մեղքոմ Գադի 2տիրացաւ, Եւ իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։

2

Հետեւաբար ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ Ամմոնի որդիներու Ռաբբային մէջ Պատերազմի գոչիւն լսել պիտի տամ. Ան ամայի փլատակ պիտի ըլլայ, Անոր 3գիւղերը կրակով պիտի այրուին, Եւ Իսրայէլ 4իրեն տիրացողներուն պիտի տիրանայ՝՝,— կը յայտարարէ Տէրը։—

3

Գոռա՛, ո՛վ Եսեբոն, որովհետեւ Գայի կործանեցաւ։ Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ, 5Քո՛ւրձ հագէք՝՝, հեծեծեցէ՛ք, Ու ցանկապատէ՛ ցանկապատ շրջագայեցէք. Որովհետեւ Մեղքոմ տարագրութեան պիտի երթայ Իր քուրմերուն եւ իշխանաւորներուն հետ։

4

Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծենաս. Քու հովիտդ 6հալեցաւ, ո՛վ ուխտադրուժ աղջիկ։ Դուն գանձերուդ վստահած էիր Ու կ’ըսէիր. “Ո՞վ ինծի դէմ կրնայ գալ”։

5

Ահա՛ ես 7քեզի դէմ՝՝ երկիւղ պիտի բերեմ Բոլոր շուրջդ եղողներէն,— Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան,— Եւ պիտի 8ցրուիք՝ իւրաքանչիւրը իր առջեւի ճամբան երթալով. Ո՛չ մէկը պիտի հաւաքէ 9փախստականները։

6

Անկէ ետք Ամմոնի որդիներուն գերիները Պիտի վերադարձնեմ», կը պատգամէ Տէրը։


ԵԴՈՎՄԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

7

Եդովմի մասին զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Միթէ Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ. Խելացիներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ. Անոնց իմաստութիւնը 10փարատեցա՞ւ։

8

Փախէ՛ք, կռնա՛կ դարձուցէք, խորո՛ւնկ տեղեր բնակեցէք, Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ. Որովհետեւ Եսաւի ձախորդութիւնը իր վրայ պիտի բերեմ, 11Զինք պատժած՝՝ ժամանակս։

9

Եթէ քեզի այգի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն. Եթէ գիշերը գողեր գային, Իրենց բաւարար ըլլալու չափ պիտի փճացնէին։

10

Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի, Անոր ծածուկ տեղերը բացի. Ուստի չկրցաւ պահուըտիլ։ Անոր 12զաւակները, եղբայրներն ու դրացիները բնաջնջուեցան, Եւ ինք չկայ։

11

Թո՛ղ որբերդ, ես զանոնք ողջ կը պահեմ. Քու այրիներդ ինծի թող վստահին»։

12

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ անոնք՝ 13որ պարտաւոր չէին՝՝ բաժակը խմել, անշուշտ պիտի խմեն. Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։ Անպատիժ պիտի չմնաս, Հապա անպատճառ պիտի խմես.

13

Որովհետեւ 14իմ անձիս վրայ՝՝ երդում կ’ընեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Թէ Բոսրա ամայութիւն, նախատինք, աւերակ եւ անէծք պիտի ըլլայ. Անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։

14

Տէրոջմէն լուր մը լսեցի, Եւ 15ազգերուն դեսպան ղրկուած է՝ ըսելու. «Հաւաքուեցէ՛ք ու գացէ՛ք անոր դէմ, Ոտքի՛ ելէք՝ պատերազմելու»։

15

Արդարեւ ահա՛ քեզ ազգերուն մէջ պզտիկ դարձուցի, Եւ մարդոց մէջ՝ արհամարհուած։

16

Քու ահռելիութիւնդ, սիրտիդ հպարտութիւնը քեզ հրապուրեցին, Ո՛վ ժայռի խորշերուն մէջ բնակող Ու բլուրներու բարձունքը գրաւող. Թէեւ քու բոյնդ արծիւին պէս 16բարձր տեղեր շինես՝՝, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

17

Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ. Ո՛վ որ անոր քովէն անցնի՝ պիտի ապշի, Եւ անոր բոլոր պատուհասներուն համար պիտի սուլէ։

18

Սոդոմի ու Գոմորի եւ 17շրջակայ քաղաքներուն՝՝ կործանումին պէս,— կը յայտարարէ Տէրը,— Ո՛չ մէկը պիտի կենայ հոն, Ո՛չ ալ մարդու որդի պիտի բնակի անոր մէջ։

19

Ահա՛ թշնամին առիւծի պէս կը բարձրանայ Յորդանանի 18ողողուած ափերէն՝ Տոկուն բնակարանին դէմ. Բայց 19զինք վայրկենապէս պիտի 20փախցնեմ 21անկէ, Եւ ո՞վ ընտիր է՝ որ անոր վրայ նշանակեմ։ Արդարեւ ո՞վ ինծի նման է. Ո՞վ ինծի պիտի հանդիպի, Ո՞վ է այն հովիւը՝ որ ինծի պիտի դիմադրէ։

20

Հետեւաբար լսեցէ՛ք Տէրոջ 22տուած որոշումը Եդովմի մասին, Ու մտածած ծրագիրը Թեմանի բնակիչներուն մասին. Հօտին ամենէն փոքրը անպատճառ զանոնք պիտի 23քշէ, Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց 24պատճառով պիտի ամայացնէ։

21

Անոնց անկումին աղմուկէն 25երկրագունդը պիտի շարժի. Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծովը պիտի լսուի։

22

Ահա՛ թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով կը սաւառնի, Եւ իր թեւերը Բոսրայի վրայ կը տարածէ. Այն օրը Եդովմի զօրաւորներուն սիրտը Իր 26երկունքին մէջ եղող կնոջ սիրտին պէս պիտի ըլլայ։


ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

23

Դամասկոսի մասին.— «Եմաթ եւ Արփաթ ամչցան, Քանի որ չարագուշակ լուր լսեցին ու հալեցան։ Ծովուն մէջ զարհուրանք կայ. Ան չի կրնար հանդարտիլ։

24

Դամասկոս տկարացաւ, Կռնակ դարձուց փախչելու համար. Արհաւիրքը զինք համակած է. Տագնապն ու երկունքի ցաւերը բռնեցին զինք՝ ինչպէս ծննդաբերող կինը։

25

(Ի՜նչպէս լքուեցաւ գովելի բերդաքաղաքը, Իմ բերկրանքիս քաղաքը։)

26

Հետեւաբար անոր երիտասարդները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան, Ու բոլոր պատերազմիկները Այն օրը պիտի 27բնաջնջուին,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։—

27

Դամասկոսի պարիսպին մէջ կրակ պիտի 28վառեմ, Եւ Բենադադի պալատները պիտի սպառէ»։


ԿԵԴԱՐԻ ՑԵՂԻՆ ԵՒ ՀԱՍՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

28

Կեդարի մասին ու Հասորի թագաւորութիւններուն մասին, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ոտքի՛ ելէք, բարձրացէ՛ք Կեդարի դէմ, Եւ բնաջնջեցէ՛ք 29արեւելքցիները.

29

Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի գրաւուին, Անոնց վարագոյրները, բոլոր գոյքերը Եւ ուղտերը պիտի փոխադրուին, Ու անոնց պիտի գոչեն. “Ամէն կողմէ արհաւիրք կայ”։

30

Փախէ՛ք, շուտո՛վ հեռացէք, խորո՛ւնկ տեղեր բնակեցէք, Ո՛վ Հասորի բնակիչներ,— կը պատգամէ Տէրը.— Արդարեւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Ձեզի դէմ որոշում մը տուաւ, Ձեզի դէմ ծրագիր մը մտածեց։

31

Ոտքի՛ ելէք ու բարձրացէ՛ք անդորրութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին դէմ,— կը պատգամէ Տէրը.— Ան ո՛չ դռներ ունի, ո՛չ ալ նիգեր, եւ առանձին կը 30բնակի։

32

Անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին, Ու անոնց խաշինքին բազմութիւնը պիտի յափշտակուի. Իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ, Եւ անոնց ձախորդութիւնը ամէն կողմէ պիտի բերեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

33

Հասոր շնագայլերու որջ, Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ. Ո՛չ մէկը պիտի կենայ հոն, Ո՛չ ալ մարդու որդի պիտի բնակի անոր մէջ»։


ԵՂԱՄԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

34

Յուդայի թագաւորին՝ Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը, Եղամի մասին Երեմիա մարգարէին 31ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.

35

«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես պիտի կոտրեմ Եղամի աղեղը, Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը։

36

Եղամի վրայ չորս հովերը պիտի բերեմ երկինքի չորս ծայրերէն, Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ, Ու պիտի չըլլայ ազգ մը՝ ուր Եղամի աքսորականները չհասնին։

37

Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ Եւ իրենց կեանքը փնտռողներուն առջեւ պիտի զարհուրեցնեմ, Ու անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ, Այսինքն՝ իմ բորբոքած բարկութիւնս,— կը պատգամէ Տէրը։— Անոնց ետեւէն սուրը պիտի ղրկեմ, Մինչեւ որ զանոնք 32հատցնեմ։

38

Իմ գահս Եղամի մէջ պիտի դնեմ, Եւ անկէ պիտի բնաջնջեմ թագաւորն ու իշխանաւորներ,— կը պատգամէ Տէրը.—

39

Բայց վերջին օրերը Եղամի գերիները պիտի վերադարձնեմ”», կը պատգամէ Տէրը։



1 Կամ՝ իրենց թագաւորը
2 Այսինքն՝ ժառանգ եղաւ
3 Եբր.՝ աղջիկները
4 Այսինքն՝ զինք ժառանգողները պիտի ժառանգէ
5 Եբր.՝ քուրձո՛վ գօտեւորուեցէք
6 Եբր.՝ հոսեցաւ
7 Կամ՝ քու վրադ
8 Եբր.՝ քշուիք
9 Եբր.՝ թափառականները
10 Եբր.՝ տարածուեցա՞ւ
11 Եբր.՝ իրեն հատուցանած
12 Եբր.՝ զարմը
13 Եբր.՝ որոնց դատավճիռը չէր
14 Եբր.՝ ինձմով
15 Կամ՝ հեթանոսներուն
16 Եբր.՝ բարձրացնես
17 Եբր.՝ անոնց դրացիներուն
18 Եբր.՝ խրոխտ
19 Կամ՝ զանոնք, այսինքն՝ Եդովմայեցիները
20 Եբր.՝ վազցնեմ
21 Այսինքն՝ Եդովմէն
22 Եբր.՝ խորհած
23 Եբր.՝ քաշկռտէ
24 Կամ՝ հետ
25 Եբր.՝ երկիրը
26 Եբր.՝ տագնապին
27 Եբր.՝ լռեն
28 Եբր.՝ բռնկեցնեմ
29 Եբր.՝ արեւելքի որդիները
30 Եբր.՝ բնակին
31 Եբր.՝ եղած
32 Եբր.՝ սպառեմ