Loading...

Jeremiah 50

Isaiah  «  Jeremiah 49  ‹  Jeremiah 50  ›  Jeremiah 51  »  Lamentations


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

1

Բաբելոնի մասին — Քաղդէացիներու երկրին մասին — Երեմիա մարգարէին 1միջոցով Տէրոջ ըսած խօսքը.—

2

«Յայտարարեցէ՛ք ազգերուն մէջ. 2Ծանուցանեցէ՛ք եւ դրօշա՛կ բարձրացուցէք Ծանուցանեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք, եւ ըսէ՛ք. “Բաբելոն գրաւուեցաւ, Բէլ ամօթահար եղաւ. Մարովդաք խորտակուեցաւ, Անոր կուռքերը ամօթահար եղան, Անոր չաստուածները կոտրուեցան”։

3

Արդարեւ անոր դէմ հիւսիսէն ազգ մը բարձրացաւ՝ Որ անոր երկիրը ամայի պիտի 3դարձնէ. Հոն ո՛չ մէկը պիտի բնակի, Մարդ թէ անասուն պիտի փախչին երթան»։


ԻՍՐԱՅԵԼԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

4

«Այդ օրերը եւ այդ ատենը,— կը պատգամէ Տէրը,— Իսրայէլի որդիները — իրենք եւ Յուդայի որդիները — միասին պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի գան, Եւ Տէրը՝ իրենց Աստուածը պիտի փնտռեն։

5

Սիոնի ճամբան պիտի հարցնեն՝ Իրենց երեսը դէպի հոն ուղղելով եւ ըսելով. “Եկէ՛ք, Տէրո՛ջ յարինք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը”։

6

Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ. Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին՝ Անոնց 4թափառիլ տալով լեռներու վրայ, Իրենք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին, Եւ իրենց մակաղատեղը մոռցան։

7

Բոլոր զանոնք գտնողները զիրենք լափեցին. Իրենց հակառակորդները ըսին. “Մենք յանցաւոր չենք, Որովհետեւ անոնք մեղանչեցին արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջ դէմ, Իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջ դէմ”։

8

Բաբելոնէն փախէ՛ք, Քաղդէացիներու երկրէն ելէ՛ք, Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներո՛ւն պէս եղէք.

9

Արդարեւ ահա՛ ես Բաբելոնի դէմ Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու համախմբում մը Պիտի արթնցնեմ ու բարձրացնեմ։ Անոր առջեւ պատերազմի պիտի շարուին, Եւ ան պիտի գրաւուի։ Անոնց նետերը՝ 5ճարպիկ զօրաւոր մարդու նետերուն պէս են. Ո՛չ մէկը պարապ պիտի վերադառնայ։

10

Քաղդէաստանը աւար պիտի ըլլայ, Ու զայն թալլողները պիտի կշտանան», կը պատգամէ Տէրը։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

11

«Քանի դուք ուրախացաք եւ հրճուեցաք, Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչները, Ցատկեցէ՛ք 6դալարի մէջ արածող՝՝ երինջի պէս, Վրնջեցէ՛ք երիվարներու պէս։

12

Ձեր մայրը յոյժ ամչցաւ, Ձեզ ծնանողը պիտի շիկնի. Ահա՛ ան ազգերուն յետինը, Անապատ, անջրդի եւ անբնակ երկիր պիտի ըլլայ։

13

Տէրոջ զայրոյթին պատճառով՝ ան պիտի չբնակուի, Հապա ամբողջովին ամայի պիտի ըլլայ. Ո՛վ որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝ Անոր պատուհասներուն վրայ Պիտի ապշի ու սուլէ։

14

Բաբելոնի դէմ պատերազմի՛ շարուեցէք՝ բոլորաձեւ, Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ. Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք, Քանի որ ան Տէրոջ դէմ մեղանչեց։

15

Անոր դէմ ամէ՛ն կողմէ գոչեցէ՛ք. Ան 7անձնատուր եղաւ՝՝, Անոր հիմերը տապալեցան, Անոր պարիսպները փլան, Որովհետեւ ասիկա Տէրոջ վրէժխնդրութիւնն է։ Վրէ՛ժ առէք իրմէ, Վարուեցէ՛ք իրեն հետ՝ ինչպէս ինք վարուեցաւ։

16

Բաբելոնէն կոտորեցէ՛ք սերմանողը եւ հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը. Կոտորող սուրին 8պատճառով՝ Իւրաքանչիւրը իր ժողովուրդին պիտի վերադառնայ, Իւրաքանչիւրը իր երկիրը պիտի փախչի»։


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

17

«Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծներէն 9հալածուած. Նախ Ասորեստանի թագաւորը զայն լափեց, Իսկ այս վերջինը՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ անոր ոսկորները կոտրեց։

18

Հետեւաբար զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես Բաբելոնի թագաւորն ու անոր երկիրը պիտի 10պատժեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորը պատժեցի.

19

Իսկ Իսրայէլը իր արօտավայրերը պիտի վերադարձնեմ, Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի. Անոր անձը Եփրեմի լեռնակողմը Ու Գաղաադի մէջ պիտի կշտանայ”։

20

Այդ օրերը եւ այդ ատենը,— կը պատգամէ Տէրը,— Իսրայէլի անօրէնութիւնը պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ. Յուդայի մեղքերը պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Որովհետեւ պիտի ներեմ անոնց՝ որ ողջ թողուցած պիտի ըլլամ»։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

21

Բարձրացի՛ր 11Մերաթայիմի երկրին դէմ Ու 12Փակուդի բնակիչներուն դէմ, Աւերէ՛ զանոնք Եւ անճիտէ՛,— կը պատգամէ Տէրը.— Վարուէ՛ ամբողջ քեզի հրամայածիս համաձայն։

22

Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ փլուզում կայ.

23

Ի՜նչպէս ամբողջ երկրի ուռը կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ, Ի՜նչպէս Բաբելոն ազգերուն մէջ ամայութիւն եղաւ։

24

Քեզի որոգայթ լարեցի եւ բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար. Գտնուեցար ու ձերբակալուեցար, Որովհետեւ Տէրոջ դէմ մաքառեցար։

25

Տէրը իր զինանոցը բացաւ Եւ իր սրտմտութեան զէնքերը դուրս հանեց, Որովհետեւ ասիկա զօրքերու Տէրոջ՝ Եհովայի գործն է Քաղդէացիներու երկրին մէջ.

26

Եկէ՛ք անոր դէմ երկրի ծայրէն, Բացէ՛ք անոր շտեմարանները, Դիզեցէ՛ք զայն 13շեղջերու պէս, Եւ անճիտեցէ՛ք զայն. Անկէ ոչինչ թող մնայ։

27

14Կոտորեցէ՛ք անոր բոլոր ցուլերը, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն. Վա՜յ անոնց, քանի որ անոնց օրը, Անոնց 15պատիժի ատենը հասած է։

28

Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն եւ ազատածներուն ձայնը կու գայ, Սիոնի մէջ յայտարարելու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը։

29

«Աղեղնաւորնե՛ր կանչեցէք Բաբելոնի դէմ. Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ, Բանակեցէ՛ք անոր դէմ՝ բոլորաձեւ. Ո՛չ մէկը անկէ թող ազատի։ Հատուցանեցէ՛ք անոր՝ իր արարքներուն համեմատ, Վարուեցէ՛ք անոր հետ՝ իր բոլոր ըրածներուն համեմատ. Արդարեւ ան հպարտացաւ Տէրոջ դէմ, Իսրայէլի Սուրբին դէմ։

30

Հետեւաբար անոր երիտասարդները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան, Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները Այդ օրը պիտի 16բնաջնջուին,— կը պատգամէ Տէրը։—

31

Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ,— Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան,— Քանի որ հասած է քու օրդ, 17քեզ պատժելուս՝՝ ատենը։

32

Հպարտը գայթելով պիտի իյնայ, Եւ ո՛չ մէկը զայն պիտի կանգնեցնէ։ Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի 18վառեմ, Որ անոր ամբողջ շրջակայքը սպառէ»։

33

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իսրայէլի որդիներն ու Յուդայի որդիները միասին հարստահարուեցան. Անոնց բոլոր գերեվարները իրենց կառչեցան, Եւ մերժեցին զիրենք արձակել։

34

Սակայն իրենց Փրկարարը ուժեղ է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Ան անշուշտ իրենց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ, Որպէսզի երկիրը խաղաղեցնէ, Ու Բաբելոնի բնակիչները վրդովէ։

35

Տէրը կը պատգամէ թէ սուր պիտի հասնի Քաղդէացիներուն վրայ, Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ, Անոր իշխանաւորներուն եւ իմաստուններուն վրայ.

36

Սուր՝ ստախօսներուն վրայ, ու պիտի խենթանան. Սուր՝ անոր զօրաւորներուն վրայ, եւ պիտի զարհուրին.

37

Սուր՝ անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ, Սուր՝ անոր մէջ եղող բոլոր խառնածիններուն վրայ, Որոնք կիներու պէս պիտի ըլլան. Սուր՝ անոր գանձերուն վրայ, որոնք պիտի կողոպտուին.

38

Չորութիւն՝ անոր ջուրերուն վրայ, որոնք պիտի ցամքին. Որովհետեւ ան 19կուռքերու երկիր է, Եւ իրենց կուռքերով կը խենթանան։

39

Հետեւաբար հոն 20վայրենի կատուներ՝՝ ու բորենիներ պիտի բնակին, Հոն ջայլամներ պիտի բնակին. Ան ընդմիշտ պիտի չբնակուի, Սերունդէ սերունդ անբնակ պիտի ըլլայ։

40

Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ 21շրջակայ քաղաքներուն՝՝ պէս,— կը պատգամէ Տէրը,— Ո՛չ մէկը պիտի կենայ հոն, Ո՛չ ալ մարդու որդի պիտի բնակի անոր մէջ»։

41

«Ահա՛ հիւսիսէն ժողովուրդ մը կու գայ, Մեծ ազգ մը ու շատ թագաւորներ Երկրի ծագերէն 22կ’արշաւեն։

42

Անոնք աղեղ ու տէգ կը բռնեն. Անգութ եւ անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ։ Անոնք ձիերու վրայ հեծած են, Ու պատերազմիկի պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։

43

Երբ Բաբելոնի թագաւորը 23այս լուրը լսեց՝ Անոր ձեռքերը թուլցան. Տագնապը զինք համակեց՝ Ծննդաբերող կնոջ երկունքի ցաւին պէս։

44

Ահա՛ թշնամին առիւծի պէս կը բարձրանայ Յորդանանի 24ողողուած ափերէն՝ Տոկուն բնակարանին դէմ. Բայց 25զինք վայրկենապէս պիտի 26փախցնեմ 27անկէ, Եւ ո՞վ ընտիր է՝ որ անոր վրայ նշանակեմ։ Արդարեւ ո՞վ ինծի նման է. Ո՞վ ինծի պիտի հանդիպի, Ո՞վ է այն հովիւը՝ որ ինծի պիտի դիմադրէ։

45

Հետեւաբար լսեցէ՛ք Տէրոջ 28տուած որոշումը Բաբելոնի մասին, Ու մտածած ծրագիրը Քաղդէացիներու երկրին մասին. Հօտին ամենէն փոքրը անպատճառ զանոնք պիտի 29քշէ. Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց 30պատճառով պիտի ամայացնէ։

46

Բաբելոնի գրաւումին աղմուկէն 31երկրագունդը կը շարժի, Եւ ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ լսե՛լ տուէք
3 Եբր.՝ ընէ
4 Եբր.՝ դառնալ
5 Եբր.՝ ուշիմ
6 Կամ՝ ցորեն ծեծող
7 Եբր.՝ իր ձեռքը տուաւ
8 Եբր.՝ երեսէն
9 Եբր.՝ քշուած
10 Եբր.՝ հատուցանեմ
11 Այսինքն՝ Ապստամբութեան
12 Այսինքն՝ Այցելութեան
13 Եբր.՝ դէզերու
14 Եբր.՝ Աւերեցէ՛ք
15 Եբր.՝ հատուցումի
16 Եբր.՝ լռեն
17 Եբր.՝ քեզի հատուցանելուս
18 Եբր.՝ բռնկեցնեմ
19 Եբր.՝ քանդակուած պատկերներու
20 Կամ՝ անապատի գազաններ
21 Եբր.՝ անոնց դրացիներուն
22 Եբր.՝ կ’արթննան
23 Եբր.՝ անոր
24 Եբր.՝ խրոխտ
25 Կամ՝ զանոնք, այսինքն՝ Եդովմայեցիները
26 Եբր.՝ վազցնեմ
27 Այսինքն՝ Եդովմէն
28 Եբր.՝ խորհած
29 Եբր.՝ քաշկռտէ
30 Կամ՝ հետ
31 Եբր.՝ երկիրը